Վրաստանի Հայ Օգնութեան Միութեան վարչութիւնը «Օժանդակութիւն կարիքաւոր ընտանիքներին» ծրագիրով 22 Նոյեմբերին այցելեց Ախալցխա։ ՎՀՕՄի Ախալցխայի խումբի անդամները նախօրօք ցուցակագրած էին տեղւոյն կարիքաւոր ընտանիքները, որոնց թիւը ակնկալուածէն շատ էր:
ՀՕՄականները Ախալցխայի մէջ այցելեցին առաւել անմխիթար պայմաններու մէջ ապրող ընտանիքներուն եւ տան անդամներուն յանձնեցին կազմակերպութեան կողմէ պատրաստուած օժանդակութիւնը՝ հագուստ եւ մթերք:
Վարդանուշ մայրիկը՝ տեսնելով ՀՕՄականները, զանոնք ճանչցաւ եւ ներս հրաւիրեց. «Արիք ներս, մեռնիմ ձեզի, մենք ձեր օգնութիւնը շատ ենք տեսել, Աստուած օրհնէ ձեր բարի գործը, որ միշտ հասնիք կը մեզի պէս ընտանիքնուն»:
Վարդանուշ կ՛ապրի առաջին կարգի հաշմանդամ ամուսնոյն հետ: Տան պայմանները շատ խեղճ են, ձմրան վառելանիւթ չկայ, ուտելիք եւս չունին, ոչ ալ՝ օգնութեան յոյս:
Իսկ Անահիտը, որ նաեւ օգնութիւն ստացաւ կազմակերպութենէն, խարխուլ հիւղակի մը մէջ կը մեծցնէ իր երկու անչափահաս տղաները՝ առանց անոնց հօր: ՀՕՄականները իւրաքանչիւր տուն մտնելէ եւ ընտանիքներուն վիճակը տեսնելէ ետք դուրս կ՛ելլեն յուզուած ու հիասթափած՝ 21րդ դարուն ականատես ըլլալով նման կենցաղի:
Կազմակերպութիւնը նման ծրագիր իրականացուցած է նաեւ Ախալքալաքի եւ Նինոծմինտայի մէջ:
Հայ Օգնութեան Միութեան բարեսիրական այս գործունէութիւնը գնահատելի է, սակայն անոր շարունակութեան համար կարիք կայ բարի կամքի տէր մարդոց, որպէսզի կարելի ըլլայ շարունակել օժանդակութիւնները։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.