
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստան աշխոյժ քայլերու կը ձեռնարկէ՝ մշակութային իր գոհարները ԵՈՒՆԵՍՔՕի «Համաշխարհային ժառանգութեան ցան-կ»ին մէջ ներառելու նպատակով: Ցարդ ցանկին մէջ նկատի առնուած են երեք կոթողներ՝ Հաղպատի ու Սանահինի վանական համալիրները՝ իբրեւ մէկ կոթող, Էջմիածինի Մայր տաճարը, Հռիփսիմէ, Գայիանէ, Շողակաթ եկեղեցիները եւ Զուարթնոցի տաճարի աւերակները՝ իբրեւ մէկ կոթող, ինչպէս նաեւ Գեղարդն ու Ամադու կիրճը: Հայաստանի մշակոյթի փոխնախարար Արեւ Սամուէլեան «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ մինչեւ տարեվերջ նախարարութիւնը նպատակ ունի ԵՈՒՆԵՍՔՕի Համաշխարհային ժառանգութեան կոմիտէին ներկայացնել արդէն իսկ ցանկին մէջ գտնուող Սանահինի վանական համալիրի ընդլայնման եւ Երեւանի մէջ տեղակայուած իրանեան Կապոյտ մզկիթի ընդգրկման դիմումներ։
«Մտածել ենք Սանահինի վանական համալիրը ընդլայնելու մասին՝ մէկ յայտում ներառելով նաեւ դրան յարակից, 13րդ դարի կամուրջը եւ 1233 թուականի առանձին կառոյց հանդիսացող Կայանաբերդը, որը նախկին յայտում գրանցուած չէ», նշած է Սամուէլեան:
Ան դիտել տուած է, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕի «Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկ»ին մէջ ներառուած հայկական մշակութային կոթողները կը ներկայացուին նաեւ այլ երկիրներու մէջ գտնուող կառոյցներու վերաբերող դիմումներու ընդմէջէն։
«Իրանից ցուցակում կայ հայկական եկեղեցիների անուանակարգ, որտեղ ներկայացուած են երկու վանական համալիր եւ մէկ եկեղեցի, այս նախաձեռնութիւնը շարունակելի է», նշած է փոխնախարարը՝ աւելցնելով, որ Իրանը այն եզակի երկիրներէն է, ուր հայկական եկեղեցիներու, դպրոցներու եւ կրթամշակութային օճախներու նկատմամբ մեծ հոգածութիւն կը ցուցաբերուի։
Հայկական կողմը՝ որպէս բարի կամքի արտայայտութիւն եւ իւրայատուկ պատասխան քայլ Իրանին, նպատակ ունի մինչեւ 2013 թուականի աւարտը դիմում ներկայացնել նաեւ Հայաստանի տեսարժան ու պատմական վայրերէն հանդիսացող Կապոյտ մզկիթը ցանկին մէջ ներառելու նպատակով: «Բոլոր յուշարձանները, որոնք ԵՈՒՆԵՍՔՕի ցանկում կան, հիմնականում մեր միջնադարեան քրիստոնեայ հաւատալիքին են վերաբերում: Չնայած յայտեր կազմելու տեսանկիւնից փոքր-ինչ դժուար է, սակայն փորձարական տեսանկիւնից շատ հետաքրքիր կը լինի որպէս մէկ յայտ ներկայացնել Ուխտասարի ժայռապատկերները եւ Զօրաց քարերը: Յայտը բաւական ծաւալուն է, եւ այն նախնական ցուցակում ներառելու համար յայտը կ՛ուղարկենք 2014ի ընթացքում», դիտել տուած է ան։
Մշակոյթի նախարարութիւնը՝ բնապահպանութեան նախարարութեան հետ քայլերու պիտի ձեռնարկէ Նորավանքի վանական համալիրի եւ Ամաղուի կիրճը ցանկին մէջ ընդգրկելու համար։ Միջնադարեան Հայաստանի ամէնէն նշանաւոր քաղաքը հանդիսացող Անին ԵՈՒՆԵՍՔՕի ցանկին մէջ ընդգրկելու համար դիմում կը ներկայացնէ Թուրքիան, բայց յառաջիկային Անիի քաղաքային ճարտարապետական զարգացման կեդրոն եւ հայկական քաղաք ըլլալու հանգամանքէն մեկնած՝ հայկական կողմը պիտի նախաձեռնէ «Անի-Շիրակ» խորագիրով դիմումի, որ տակաւին յստակացման հանգրուանի մէջ է։ «Այս յայտերի դէպքում մենք խօսում ենք հնագիտական հետաքրքրութեան մասին, սակայն առաջիկայում մենք մի նոր ուղղութիւն ենք որոշել ներառել մեր յայտերում. դա արդիւնաբերական ճարտարապետութիւնն է: Խօսքը «Հարաւկովկասեան երկաթուղու» մասին է, Երեւան-Բաթում երկաթգծի, որը ռուսական ցարի ժամանակներում կառուցած եւ առ այսօր գործող նախկին կայսրութեան միակ ճանապարհն է», բացատրած է Սամուէլեան: