ՊՈԼԻՍ.- Հինգշաբթի, 28 Նոյեմբերի գիշերը Պոլսոյ «Ֆէրիյէ» ճաշարանին մէջ սարքուեցաւ ճաշկերոյթ մը, որուն մասնակցութիւն բերին փոքրամասնութիւններու հոգեւոր առաջնորդները, համայնքային հաստատութիւններու կարգ մը վարիչներ եւ իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ։
Ճաշկերոյթին ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան Եւրոմիութեան աւագ բանագնաց, պետական նախարար Էկեմեն Պաղըշ, վագըֆներու ընդհանուր տնօրէն Ատնան Էրթեմ եւ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչ Լաքի Վինկաս։
Լաքի Վինկաս՝ որպէս յիշատակ Էկեմեն Պաղըշին յանձնեց Աղթամարի եկեղեցւոյ լուսանկար մը, Մօր Կապրիէլ վանքի մասին պատմող յուշամատեան մը, Թուրքիոյ հրեաներու մասին գիրք մը՝ Նայիմ Կիւլերիւզի հեղինակութեամբ եւ «Կարօտով Իսթանպուլ» խորագրեալ գիրքը, ուր տեղ գտած են Իսթանպուլէն յոյներու գաղթի մասին պատմուածքներ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.