
Գեղարդ (keghart.com) համացանցային հրատարակութիւնն ու Քանատայի ՀԲԸՄը (Թորոնթոյի եւ Մոնթրէալի մասնաճիւղեր), միացնելով իրենց ճիգերը, չորս բարձրորակ ընկերա-քաղաքական եւ մշակութային ձեռնարկներ հրամցուցին Թորոնթոյի եւ Մոնթրէալի ՀԲԸ Միութեան սրահներէն ներս:
Առաջին ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Թորոնթոյի «Ռամպրանտ» սրահին մէջ, նուիրուած լիբանանահայ վաստակաշատ կրթական մշակ, բանաստեղծ, հրապարակագիր եւ հասարակական գործիչ Վահէ-Վահեանի (Սարգիս Ապտալեան) անձնական եւ գրական բովանդակութեամբ նամակներու ժողովածու՝ «Բանաստեղծին Սիրտը» հատորին:
Վեց տասնամեակներու վրայ երկարող նամակները (1930ականներէն սկսեալ), որոնք կը գտնուէին բանաստեղծին աւագ որդւոյն՝ Ցոլակին մօտ, խմբաւորած ու հրատարակութեան ներկայացուցած էր լիբանանահայ մտաւորական, գրող եւ հրապարակագիր Արամ Սեփեթճեան:
Աւելի քան 800 էջերէ բաղկացած հատորը հանգամանօրէն ներկայացուեցաւ քանատահայ մտաւորական, Մոնթրեալէն Վիգէն Լ. Ադդարեանի կողմէ: Հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ Վահէ-Վահեանի նախկին աշակերտ-աշակերտուհիները:
Ներկայացման աւարտին արագօրէն սպառեցան վաճառքի դրուած հատորները:
keghart.com-ի աշնանային երկրորդ հաւաքը քննարկում մըն էր՝ «Սփիւռքահայութեան անտարբերութիւնը քաղաքական կեանքէն ներս. առասպե՞լ, թէ՝ իրականութիւն» վերնագիրով: Հաւաքը կրկին տեղի ունեցաւ Թորոնթոյի ՀԲԸ Միութեան սրահին մէջ, Հոկտեմբեր 27ին: Քննարկման կը մասնակցէին Արէն Պետրոսեան, Էտուարտ Եաղլըճեան («Կանա»չ կուսակցութեան Օնթարիօ նահանգի 2011ի երեսփոխանական ընտրութիւններու թեկնածուներ), դոկտ. Մինաս Գոճայեան (լրագրող, հասարակական գործիչ) եւ Վիգէն Ադդարեան (Քանատայի Ֆետերալ Ազատական կուսակցութեան Քեպեքի հարցերով քաղաքական ուղեգիծ մշակող մասնաճիւղի վարիչ): Անկախ իրարմէ՝ չորս մասնակիցներն ալ հիմնուելով իրենց անձնական փորձառութիւններուն վրայ, համաձայն գտնուեցան այն կէտին շուրջ, թէ որոշակի անտարբերութիւն մը կը տիրէ սփիւռքահայութեան մէջ տեղական քաղաքականութեան հոլովոյթներուն ու զարգացումներուն հանդէպ: Անոնք ներկայացուցին այս երեւոյթին տուն տուող պատճառները եւ հրամցուցին կարգ մը գաղափարներ՝ թէ ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ պէտք է քաջալերել սփիւռքահայերը, որպէսզի աւելի գործօն կերպով մասնակցին իրենց հաստատուած երկիրներու քաղաքական կեանքին:
Չորս քննարկողներն ալ համաձայն էին այն հարցի շուրջ, թէ հայ Սփիւռքը իր ուշադրութեան կիզակէտը պէտք է դարձնէ երկարաշունչ քաղաքականութիւնը եւ ինքզինք չսահմանափակէ լոկ Ցեղասպանութեան հետապնդման ծիրին մէջ: Քաղաքական որոշ ազդեցութիւն մը ապահովելու, ինչպէս նաեւ հայկական ներկայութիւնը մը զգալի դարձնելու համար քաղաքական կեանքէն ներս, հայերն ու իրենց ներկայացուցիչները պէտք է ներգրաւուին իրենց հաստատուած երկիրներու տեղական, քաղաքապետական, նահանգային ու պետական, քաղաքական, ընկերային-հասարակական, տնտեսական եւ մշակութային շարժումներու մէջ:
Գեղարդի երրորդ եւ չորրորդ (28 Հոկտեմբերին Թորոնթօ, 30ին Մոնթրէալ) ձեռնարկները նուիրուած էին Դոկտ. Մինաս Գոճայեանի «Մորմոքող Անցեալի Արահետներով» հատորի ներկայացման: Հատորը կ՛արտացոլացնէ հեղինակին դէպի Կիլիկիա եւ Պատմական Հայաստան (2011-2012) կատարած ուղեւորութիւն-ուխտագնացութիւններուն առթիւ ունեցած խոհերը, մտորումները, անցեալի ու ներկայի դէպքերու գնահատումները, քաղուելիք դասերը եւ ի տես այսօրուան Թուրքիոյ՝ նոր իրականութեան մը վերարժեւորումը:
Հեղինակն ու իր գործը ներկայացուց երկարամեայ վաստակաշատ խմբագիր-լրագրող, «Գեղարդ» կայքի անգլերէն բաժինի խմբագիր Ժիրայր Թիւթիւնճեան: Ան ցոյց տուաւ հատորին արժանիքները թէ՛ որպէս ձեւաւորում եւ թէ որպէս իւրայատուկ «ճամբորդական» հրատարակութիւն մը, որ այցելուած վայրերու թուարկում չէ, այլ անոնց զուգահեռ՝ յաջող համադրութիւն մը յոյզերու, ապրումներու, դէմքերու եւ դէպքերու, որոնք կ՛առնչուին հայրենի վայրերու հետ:
«Երբ հայեր կ՛այցելեն Արեւմտեան Հայաստան եւ Կիլիկիա, անոնք պէտք չէ զգան որպէս զբօսաշրջիկներ, որոնք կարծես ուրիշ երկիր մը կ՛այցելեն: Պէտք է այն գիտակցութէամբ ոտք դնեն որ իրենց տուները, իրենց լեռները, լիճերը, գետերը կ՛այցելեն: Կը յուսամ գիրքը կը ներշնչէ ընթերցողները եւ ցանկութիւն կ՛առաջացնէ անոնց մէջ նորոգելու պապենական երկիր վերադառնալու ուխտը, երկիր մը՝ ուր հայութիւնը ապրած ու ստեղծագործած է հազարաւոր տարիներ», ըսաւ Թիւթիւնճեան:
Դոկտ. Մ. Գոճայեան իր խօսքին զուգընթաց ներկայացուց նաեւ իր կողմէ կատարուած սահիկներու ճոխ ցուցադրութիւն մը, որ ցնցող ազդեցութիւն ձգեց ներկայ հասարակութեան վրայ:
Թորոնթոյի եւ Մոնթրէալի մէջ կազմակերպուած ներկայացումներուն առթիւ վաճառքի դրուած բոլոր գիրքերը սպառեցան իսկոյն:
Հեղինակը հրաւիրուեցաւ նաեւ հանդիպում մը ունենալու ՀԲԸՄ Արմէն-Քեպեք Ալէք Մանուկեան վարժարանի բարձր կարգերու աշակերտութեան հետ, որոնց համար մատչելի եւ դիւրահաղորդ լեզուով ան զրուցեց իր ուխտագնացութիւններուն մասին՝ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծելով երկսեռ աշակերտութեան մօտ:
Դոկտ. Մ. Գոճայեան ծնած է Պէյրութ: Յաճախած է տեղւոյն ՀԲԸՄի Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանը, այնուհետեւ մեկնած է Ֆրանսա, բարելաւելու համար իր ֆրանսերէնը, իսկ համալսարական ուսումը ստացած է Երեւանի Պետական համալսարանի Բանասիրութեան եւ Պատմութեան բաժանմունքներէն ներս՝ տիրանալով Գիտութիւններու դոկտորի աստիճանին: Երկար տարիներ դասաւանդած է Կիպրոսի ՀԲԸՄի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան եւ ապա Քալիֆորնիոյ ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարաններէն ներս: Եղած է լրագրող, խմբագիր եւ գործօն կերպով մասնակցած է ու կը շարունակէ իր նպաստը բերել միութենական, ազգային-կուսակցական բնագաւառներէ ներս. ան միաժամանակ ke-ghart.com-ի հայկական բաժինի խմբագիրն է: