
ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 26ի յետմիջօրէին, Ազգ. առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Արժանթինի հայոց թեմի առաջնորդ Գիսակ արք. Մուրատեանի, որ կարճատեւ այցելութեամբ Լոս Անճելըս կը գտնուէր։
Այցելութիւնը քաղաքավարական բնոյթ ունէր։ Առաջնորդ սրբազանը ողջունեց հիւր հոգեւորականին այցելութիւնը, որոշ տեղեկութիւններ փոխանցեց Ազգ. առաջնորդարանի եկեղեցանուէր, կրթական ու յարակից աշխատանքներուն մասին՝ վեր առնելով մեր եկեղեցիներուն եւ ազգային վարժարաններուն կողմէ մեր ժողովուրդին ու աշակերտութեան մատուցուած ծառայութիւնները։
Խօսակցութիւնը ընդգրկեց նաեւ Ս. Էջմիածինի մէջ աւելի քան ամիս մը առաջ տեղի ունեցած Հայց. եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց ժողովը, նկատի ունենալով, որ երկու սրբազան հայրերը մասնակից էին պատմական ժողովին։
Նշենք, որ հիւր առաջնորդին կ՛ընկերանային «Ճշմարիտ Կեանք Աստուծմով» հոգեւոր խմբակցութեան ներկայացուցիչներ։