ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ
Ուրբաթ, Նոյեմբեր 1ի երեկոյեան, ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի «Աղաճանեան» հանդիսասրահը ասեղ նետելու տեղ չկար: Աշակերտութիւն, ծնողներ եւ բարեկամներ եկած էին մասնակցելու եւ ակնդիրը հանդիսանալու աշակերտական գեղարուեստական ճոխ յայտագիրի մը՝ նուիրուած մեծանուն երաժիշտ Արամ Խաչատրեանի ծննդեան 110ամեակին, Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի մահուան 90ամեակին եւ հայերէնի, հայոց պատմութեան եւ կրօնքի նախկին ուսուցչուհի Արփի Արսլանեանի քսանհինգամեայ կրթական վաստակին:
Գեղարուեստական յայտագիրի կիսուն, Արփի Արսլանեանի կեանքին եւ ուսուցչական տարիներու վաստակին անդրադարձաւ վարժարանիս յարգելի տնօրէն Յակոբ Յակոբեանը: Ան, ի միջի այլոց, ըսաւ. «Արփի Արսլանեանի համար աշակերտը սիրաշահիլը եւ նիւթը սիրցնելը առաջնահերթ մտահոգութիւններ էին: Այս զոյգ նպատակները յաջողցնելու համար, իր դասարանը ջերմ միջավայր մըն էր իր աշակերտներուն համար, ուր անոնք խանդավառութեամբ կու գային ամէն օր նոր գիտելիքներով հարստանալու, ինչպէս նաեւ ծանօթանալու մեր մշակոյթի մեծերու գործերուն ու վաստակին: Ան կը նախընտրէր գործօն դասաւանդութեան մօտեցումը՝ աշակերտները սերտօրէն մասնակից դարձնելով աշխոյժ դասաւանդութեան ընթացքին, նիւթի ըմբռնումին, բառապաշարի զարգացման, միաժամանակ՝ սատարելով նաեւ անոնց խօսակցական հայերէնի զարգացման»:
Ապա յաջորդաբար ՀԲԸՄի Կեդրոնական վարչական ժողովի շնորհաւորական նամակ, դպրոցին եւ ուսուցչակազմին կողմէ յուշատախտակ եւ ծաղկեփունջ փոխանցելու համար, բեմ հրաւիրուեցան օրուան մեծարեալը, տնօրէն Յակոբ Յակոբեանը, երկրորդական բաժինի փոխտնօրէնուհի Անահիտ Նալպանտեանը, նախակրթարանի ուսումնական հարցերով վարիչ-պատասխանատու եւ մեծարեալի դուստրը՝ Նելլի Արսլանեան-Եղիազարեանը, ինչպէս նաեւ ՀԲԸՄ Արտեմիս Նազարեան ծաղկոցի տնօրէնուհի Թագուշ Խոդաբախշեանը:
10րդ դասարանէն Մելընի Պեսնիլեան իր դասարանցիներուն կողմէ Արփի Արսլանեանին յանձնեց յուշանուէր մը: Ապա, Արփի Արսլանեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը: Ան ի միջի այլոց ըսաւ. «Հայ դպրոցը իր դասաւանդութիւններուն կողքին կը սորվեցնէ մեր մշակոյթին, հայ երաժշտութեան, մեր աւանդութիւններուն եւ տօնական օրերու իմաստին ու սովորութիւններուն մասին: Մեր աւանդութիւնները ուժ են եւ ամէնէն պերճախօս մեկնիչներն են մեր պատմութեան: Անոնք ներկան կ՛ամրապնդեն անցեալով եւ կ՛օղակուին ապագային համար»: Շնորհակալական խօսքերու կողքին, ան կարեւոր համարեց եկեղեցիին եւ հայ դպրոցին դերը, հայրենիքէն հեռու հայը հայ պահելու մեր ընդհանուր ճիգը, նաեւ յիշեց աշակերտներն ու նախկին պաշտօնակիցները, շեշտեց արհեստագիտութեան բերած նպաստը դասաւանդութեանց մէջ եւ եզրափակեց՝ շեշտելով հայոց լեզուին ու քրիստոնէական հաւատքին ներկայութեան անհրաժեշտութիւնը գալիք սերունդներուն մէջ:
Աշակերտական յայտագիրը ճոխ էր: Հանդիսութիւնը բացուեցաւ Հայաստանի օրհներգով՝ կատարողութեամբ վարժարանիս նորաստեղծ նուագախումբին, ղեկավարութեամբ բարձրագոյն կարգերու երաժշտութեան ուսուցչուհի Քրիստինա Խոջոյեանի: Անակնկալ եւ աննախընթաց ելոյթ մըն էր, արդարե՛ւ: Ապա ներկայացուեցաւ պար մը՝ «Ուզունտարա»ն (երաժշտութիւն՝ Արամ Խաչատրեանի), կատարողութեամբ Դալար, Գարին Գէորգեաններու եւ Շաքէ Նալպանտեանի, 11րդ դասարան: Թումանեանէն թատերական պատկեր մը՝ «Ճնճղուկները», 4րդ դասարանին կողմէ: Թումանեանի կենսագրական գիծերու ներկայացում՝ Power Point-ով, պատրաստութեամբ Վան Ոսկեանի, իսկ զայն ներկայացնողներն էին Սարին Ասլանեան եւ Արմէն Աբրահամեան, երեքն ալ՝ 9րդ դասարան: Նախակրթարանի երգչախումբը՝ «Glee Club»ը, կատարեց «Ամպի տակից»ն ու «Կաքաւիկ»ը, մենանուագող Թամար Գարակէօզեանի ընկերակցութեամբ, իսկ «Գարուն Երեւան»ը մեներգեց Անահիտ Չօլաքեան: Կատարուեցաւ Power Point-ի ներկայացում՝ ուսուցչուհի Արսլանեանէն լուսանկարներու եւ աշակերտական յուշերու (պատրաստութեամբ Նիքլըս Փափազեանի՝ 11րդ, եւ Քեվըն Առաքելեանի՝ 10րդ դասարան). նոյն պահուն «Սիրելի Ուսուցի»չ մեներգը կատարեց նախկին աշակերտուհի Անիսա Եուսէֆը, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Արուս Անդրէասեանի: Նաեւ, թատերական պատկերներ Թումանեանէն՝ «Խօսող Ձուկը», «Սուտասանը» եւ «Անխելք Մարդը», կատարողութեամբ 5րդ դասարանին: Խաչատրեանի կենսագրական գիծերու ներկայացում՝ Power-Point-ով, զոր պատրաստեց եւ ներկայացուց Լիլիթ Մալումեան, 11րդ դասարան: Դաշնամուրի նուագ՝ Խաչատրեանի «Sonatine»ի 3րդ մասը, Նանօր Տէր Պետրոսեանի կողմէ, 7րդ դասարան: Պալէ՝ Խաչատրեանի «Էթիւտ»ը, Ֆըլիշա, Ֆէյթ եւ Կապրիէլլա Քիլէճեան քոյրերու կատարողութեամբ (4րդ եւ 5րդ դասարաններ): Թումանեանէն բանաստեղծութիւններ՝ 9րդ դասարանէն Արիէլա Սարգիսեանի, Մոնիկա Խաչատրեանի, Էլիանա Կունճուեանի, Երուանդ Մալխասեանի եւ Քրիսթինէ Քէշիշեանի կողմէ: Վերջապէս, 6րդ դասարանի երգչախումբը կատարեց «Իմ Երեւան»ը, «Հայաստան Երկիր»ը եւ «Մեր Անունն է Հայկական Բանակ»ը, իսկ մեներգեց Էմըլի Պեսնիլեանը:
Գեղարուեստական յայտագիրը բացառիկ էր թէ՛ որակով եւ թէ աշակերտներու կատարելագործութեամբ: Կը շնորհաւորենք բոլորը: Հանդիսութեան աւարտին, բոլորին դէմքին վրայ ուրուագծուած գոհունակութեան ժպիտը ցոյց կու տար ամիս մը ամբողջ կատարուած աշխատանքին յաջողութիւնը:
Մեծապէս շնորհաւորելի են բոլոր աշակերտները՝ անխտի՛ր, որոնք իրենց լրջութեամբ, պահուածքով ու արուեստի բարձր մակարդակով որակ ապահովեցին հանդիսութեան: Արժանին պէտք է մատուցել նաեւ երաժշտութեան զոյգ ուսուցչուհիներուն՝ Քրիստինա Խոջոյեանին ու մանաւանդ Արուս Անդրէասեանին, ինչպէս նաեւ հայերէնի բաժանմունքի բոլոր ուսուցիչներուն. անոնք են՝ Մարալ Ոսկեան՝ Թումանեանի թատերական պատկերներու եւ հանդիսութեան կազմակերպիչ, Ռոզալին Մատոյեան՝ Power Point-ի պատրաստութիւն եւ գիրքերու վաճառք, Յովհաննէս Գումրուեան՝ Power Point-ի պատրաստութիւն եւ արտասանութիւն, Աննա Եարալեան՝ լուսանկարահանում, Սեւան Տէր Պետրոսեան՝ տեսաերիզի նկարահանում, Զեփիւռ Տէմիրճեան եւ Թագուշ Նալպանտեան՝ քուլիսներու ետին, եւ Հրաչ Սեփեթճեան՝ հանդիսավար:
Շնորհակալութիւն լոյսի եւ ձայնի պատասխանատու Վիգէն Մոմճեանին եւ անոր օգնական՝ 11րդ դասարանցի Լիլիթ Մալումեանին: Յատուկ շնորհակալութիւն նաեւ Ծնողաուսուցչական մարմինին (PTO)՝ հանդիսութեան աւարտին պատրաստած կոկիկ հիւրասիրութեան համար: