ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Քաղաքավարութեան դէմ եղող սոյն արտայայտութիւնը, այսինքն՝ ոմանց մօտ յայտնուող այս անքաղաքավար վարմունքը ընկերային կեանքի, խրատ իբրեւ չի՛ տրուիր այստեղ: Նախ, «հրամայել»ն ալ իր կարգին, ունի իրեն վերապահուած յատուկ պահը: Այսպէս, բանակի հրամանատարը պատերազմի հրահանգ տալու այլ ոճ կամ ձեւ չունի՛, բայց միայն՝ հրամայել: Ան պէ՛տք է հրամայէ իր զինուորներուն, որպէսզի անոնք կարենան ճի՛շդ պահուն կրակ բանալ թշնամիին վրայ, այլապէս կը կորսնցնեն ճակատամարտը:
Հրամայելու արարքին մէջ երկու կողմեր գոյութիւն ունին սովորական տրամաբանութեամբ: Առաջին կողմը, եթէ հրամայողն է, միւս կողմն ալ այդ հրահանգին ենթարկուողն է: Ուրեմն հրամայող եւ հրամայուող կողմերը երկու ենթականեր են, որոնցմէ մէկը միւսէն կախեալ է:
Բանակի եւ կամ կարգապահական այլ հաւաքական կեանքի պայմաններէն դուրս, սակայն, հրամայելու այս երեւոյթը յատկապէս ընկերային սովորական կեանքի մէջ, ունի իր պատճառները: Հրամայող անձը կա՛մ մանուկ տարիքէն այդպէս դաստիարակուած կ՛ըլլայ, եւ կամ՝ հետագային իր մտատիպար ընտրած անձը ընդօրինակելով, անոր նմանակը դարձած:
Տեսնուած է, որ նոյնիսկ հրամայելու պահուն, կրկնօրինակը ձայնային նոյն ելեւէջներով հրամայած է, այնպէս ինչպէս իր մտատիպարը կը հրամայէ:
Հոգեբանական գիտութեան մէջ այս կացութեան ախտորոշումը կատարուած է, ցոյց տալով նոյնիսկ այն վիճակը, որուն մէջ կը յայտնուի տուեալ անձը: Իր մտատիպարին նման հրամայելու պահուն, ախտաժէտը երեւակայականօրէն կը մտնէ այդ կերպարին մէջ: Ուրիշ խօսքով, նոյն այդ պահուն իր անձը չըլլար ինք, այլ կը կարծէ թէ ա՛յն անձն է, որուն ձայնով կը հրամայէ: Օրինակ, մէկը հրամայած ատեն կը կարծէ, թէ իր երկիրի զօրքերու ընդհանուր հրամանատարն է: Միւսը կը կարծէ, թէ դպրոցի տնօրէնն է: Աշակերտը հրամայած ժամանակ կը կարծէ, թէ դպրոցի ընդհանուր հսկիչն է, եւ այսպէս շարունակաբար, մինչեւ ամէնէն խոնարհ աստիճանի վրայ գտնուող հրամայողին կրնայ նմանիլ մոլեկանը, երբ հոգեբանական նոյն վիճակին մատնուած է:
Մարդու կողմէ մարդուն ուղղուած հրամայելու արարքէն բացի, նիւթը ի՛նք եւս կրնայ մարդուն հրամայել, եւ հակառակը՝ մարդն ալ նիւթին: Բնա՛ւ տարօրինակ պէտք չէ թուի այս պարզ մեկնաբանութիւնը:
Մոլութիւններու կապուած բոլոր երեւոյթներուն գլուխը նիւթ մը կանգնած կ՛ըլլայ: Հարբեցողին՝ ոգելից ըմպելին, թմրամոլին՝ թմրանիւթը, ծխողին՝ ծխախոտը, որկրամոլին՝ կերակրատեսակները, պղծասէրին՝ չափազանցուած սեռային կեանքը, եւ շարունակաբար կարելի է նկատի ունենալ ամէն մոլութիւնները:
Նիւթի ու հոգիի միջեւ յարատեւ պայքարը նոր երեւոյթ չէ՛ մարդկային կեանքի պատմութեան մէջ: Այս յարատեւ պայքարին մասին Յիսուս ալ խօսած է իր հետեւորդներուն (Հմմտ Մտ 6.24): Հոգեւոր քարոզչութիւն կատարող եւ մարդկային հոգին մեղքի ճիրաններէն ազատագրելու ճիգ չխնայող անձեր, երբեմն անգիտակցաբար այդ պայքարը կ՛ուսուցանեն եւ հոգիի յաղթանակին համար ճամբայ կը հարթեն: Անշուշտ ծայրայեղութիւնն է, որ նման անձերու գործը ձախորդութեան կը մատնէ եւ անոնք «յօնք շինելու փոխարէն՝ աչքը կը հանեն»:
«Նիւթ» կամ «նիւթական» ըսելով, ներկայ քաղաքակիրթ աշխարհը «դրամ» կամ «հարստութիւն» կը հասկնայ առհասարակ: Որքա՞ն նիւթական հարստութիւն ունի, կամ որքա՞ն նիւթական եկամուտ ունի այսինչը կամ այնինչը: Ասոնք դարձած են սովորական հարցումներ, որոնք վաստակաշատ մարդու թէ սկսնակի համար կը տրուին ներկայ ժամանակներուն: Դեռ իր ուսումը նոր աւարտած ու գործի ասպարէզ նետուած երիտասարդին համար ալ կ՛ըսեն, թէ տարեկան որքա՞ն դրամ պիտի վաստակի արդեօք:
Նիւթապաշտական դարու մէջ ապրելու իրողութիւնը ո՛չ ոք կ՛ուրանայ, բայց ամբողջովին նիւթի տիրապետութեան տակ մտնելն ալ անընդունելի է: Միշտ խօսուած է նիւթը նպատակ չդարձնելու, այլ՝ միջոց դարձնելով բուն նպատակին հասնելու մասին: Նման քարոզներ լսելէ յոգնած է մարդկութիւնը: Ամէն մարդ ալ կ՛անդրադառնայ, թէ՝ Յիսուսի բառերով «անիրաւ մամոնան»՝ դրամը (Հմմտ Ղկ. 16.9) մարդու կեանքին մէջ որոշ գործեր յառաջ տանելու հիմնական միջոցերէն մէկն է: Սակայն, բուն հարցը անոր նկատմամբ ճշգրիտ մօտեցում որդեգրելն է, որպէսզի իր հակակշռին տակ չ՛առնէ մեզ:
_ «Հրամայէ՛ դրամին»:
Մարդկային փորձառութենէ քաղուած դաս է այս, զոր իր կեանքի գնով սորված մէկը փոխանցած է իր հարազատներուն:
Վերոյիշեալ հեղինակութիւնը ունենալու տղամարդկութիւնը շատ քիչերու տրուած է այս կեանքի մէջ: Ընդհակառակը, դրամի զօրութեան դիմաց ո՛չ միայն տկարացող, այլ՝ անոր սիրոյն պարտուող մարդոց շատ աւելի կարելի է հանդիպիլ ներկայիս, քան՝ դրամը անարգելով անոր վրայ հեղինակութիւն հաստատող մար-դոց:
_ Դո՛ւն հրամայէ դրամին եւ ո՛չ թէ դրամը թող հրամայէ քեզի:
Ահա աւելի լայն բացատրութիւնը վերեւ տրուած հրահանգին կամ թելադրութեան: Սակայն ամէն ոք, որ կը յանդգնի հրամայել դրամին, շուտով կ՛անդրադառնայ, թէ որքա՜ն ուժեղ բռնաւոր մըն է անիկա, ու ինչքա՜ն դժուար է զայն մեզի հնազանդեցնելը: Ոմանք իրենց տունն ու տեղը, ընտանիքն ու զաւակները, պաշտօնն ու հանգամանքը, կարգն ու աստիճանը, մինչեւ իսկ վաստակն ու պատիւը յանձնած են անիրաւ նիւթի հրահանգներուն ու անոր տուած բոլոր հրամանները կատարած են կոյր հաւատարմութեամբ, առանց շեղելու անոր գծած վատ ուղիէն:
Ինչպիսի «դասընթացք»ներու ալ հետեւի մարդը, որպէսզի կարենայ յաղթահարել այս փորձութիւնը, դարձեալ միշտ հաւանականութիւնը կայ, որ ան իյնայ նիւթին լարած թակարդին մէջ: Լաւ թէ վատ գործերու յաջողութեան պսակումին համար, յանձնարարող կողմը՝ գործադրելու պատրաստ կողմին նիւթական պարգեւ կը խոստանայ: Դրամի ձայնին ունկնդիր, մարդը գործի կը ձեռնարկէ, միշտ ի մտի ունենալով այն նիւթական նուէրը, որուն պիտի տիրանայ աշխատանքի աւարտին: Իցի՜ւ թէ այդ գործը հանրօգուտ առաքելութիւն ըլլայ ու բոլորի բարիքին ծառայէ: Իսկ եթէ վատ արարքի համար դրամի հրամանին կ՛ենթարկուի մարդ, կրկնակի պիտի ըլլայ իր դատապարտութիւնը: Որովհետեւ առաջին հերթին դրամի հրահանգին ենթարկուեցաւ, ու երկրորդ՝ այդ հրահանգով վատ արարք ի գործ դրաւ:
Այո՛, հրամայէ՛ դրամին, եթէ կրնաս:
Այսօր դրամը ձեռնոց կը նետէ քեզի՝ պատերազմ մղելու իր դէմ: Նիւթապաշտութեան դէմ կատարուող ամէն տեսակի խոստովանութիւն ի զուր է, երբ մարդ չի՛ յաջողիր դրամին հրամայել: Տեսնուած են նոյնիսկ հոգեւոր արժէքներու հաւատացող բախտախնդիրներ, որոնք մինչեւ անգամ անգոյ տեսիլքներով կ՛օրօրեն միամիտ հասարակութիւնը, սակայն իրենց ռունգերէն բնաւ դուրս չի՛ գար դրամին գարշահոտութիւնը, ու ամենայն վարպետութեամբ զայն իրենց անտակ գրպաններուն մէջ կը լեցնեն անյագօրէն: Նիւթի եւ հոգիի պայքարին մէջ պարտուած հրամանատարներ են այսպիսիներ, որոնք սակայն միշտ ցնցոտիներու մէջ ծպտուած, աներեւոյթ արժէքներէ կը ճառեն:
_ Հրամայէ՛ դրամին: Այո՛, եթէ կրնաս: Բայց եթէ չկարենաս, գէթ մի՛ արտօներ, որ ի՛նք հրամայէ քեզի: Յարաբերական հեռաւորութիւնդ իրմէ կրնայ միջին լուծումը ըլլալ այս այժմէական ու բարդ խնդիրին: