ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Թուրքիոյ խորամանկ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու օգտագործած է դիւանագիտական բոլոր հնարքները՝ անցեալ շաբաթ Երեւանի մէջ կայացած Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան համաժողովին (ՍԾՏՀ) իր ներկայութենէն առաւելագոյն օգուտ քաղելու համար:
Ի սկզբանէ Տաւութօղլուն եւ անոր դիւանագիտական խումբը սկսած էին ապատեղեկատուական քարոզչութիւն ծաւալելու՝ յայտարարելով, որ ան թերեւս չկարենայ մասնակցիլ համաժողովին այլ պարտաւորութիւններու պատճառով, ստեղծելով այն տպաւորութիւնը, որ ան մեծ ցանկութիւն չունի Հայաստան մեկնելու: Աւելի ուշ, ան իր մասնակցութիւնը պայմանաւորեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն եւ արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ կայացած հանդիպումներու դրական արդիւնքով: Ատրպէյճանի նախագահը համոզելու համար, որ Թուրքիան կը մտահոգուէր իր կրտսեր եղբօր շահերով, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը լրատուամիջոցներուն կեղծօրէն տեղեկացուց, որ Հայաստան համաձայնած է դուրս գալ Արցախի երկու շրջաններէն:
Երեւան կատարած այցելութեան ընթացքին Տաւութօղլուի հմայքի արշաւին իսկական նպատակն էր կանխել Թուրքիոյ դէմ միջազգային քարոզչութիւնը՝ 2015 թուականին Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընթացքին: Ան կ՛ուզէր համաշխարհային հանրութիւնը տպաւորել, որ իբր թէ իր երկիրը պատրաստ է հաշտուելու Հայաստանի հետ՝ միաժամանակ սատարելով Եւրոմիութեան անդամակցելու Թուրքիոյ դիմումին:
Ի պատասխան՝ հայ պաշտօնեաները ամէն ինչ ըրին թրքական հմայքի արշաւին յաջողութիւնը նուազեցնելու համար: Հայաստանի ընտրած ռազմավարութիւնն էր՝ Տաւութօղլուի երեւանեան այցը պահել ՍԾՏՀ համաժողովի ծիրին մէջ, եւ ոչ թէ զբաղիլ հայ-թրքական երկկողմ յարաբերութիւններով, բացառելով որեւէ քննարկում Հայ-թրքական արձանագրութիւններուն եւ արցախեան հակամարտութեան վերաբերեալ:
Ուստի զարմանալի չէ, որ Երեւանի մէջ Հայաստանի նախագահին եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին միջեւ որեւէ հանդիպում տեղի չունեցաւ: Միակ պաշտօնական հանդիպումը կայացաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ, որ նաեւ հանդիպեցաւ ՍԾՏՀի միւս մասնակիցներուն հետ իբրեւ համաժողովը հիւրընկալող կողմ:
Բնականաբար Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ եղած ժամանակ Տաւութօղլու հանդիպեցաւ որոշ խոչընդոտներու: Ան ստիպուած էր համաժողովի կայացման վայր՝ «Մարիոթ-Արմենիա» պանդոկ մտնել ետեւի դռնէն՝ իր այցելութեան առնչութեամբ երիտասարդ ցուցարարներու կազմակերպած բողոքի ցոյցէն խուսափելու համար: Մինչ այդ, Նալբանդեան հանդէս եկաւ շարք մը կուռ յայտարարութիւններով՝ ՍԾՏՀ համաժողովէն առաջ, ընթացքին եւ ետք, Թուրքիան նախազգուշացնելով, որ Հայաստան պիտի չընդունի որեւէ նախապայման, ինչպիսիք են Արցախի տարածքէն մասնակի դուրս գալը՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման եւ սահմանի բացման դիմաց:
Նալբանդեանի վճռական կեցուածքը ստիպեց Տաւութօղլուն նահանջելու՝ վախնալով, որ իր Հայաստան այցելութիւնը կրնայ որակուիլ որպէս ձախողած: Ատրպէյճանը վշտացնելու գինով թուրք նախարարը ընդունեց, որ ինք չէ եկած ներկայացնելու յստակ առաջարկներ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն վերաբերեալ, եւ չէ պահանջած Արցախի երկու շրջաններէն դուրս գալը՝ պնդելով, որ Երեւան գալու իր միակ նպատակն էր յաղթահարել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ «հոգեբանական պատնէշը» եւ սկիզբ դնել երկխօսութեան ու վստահութեան վերականգնման:
Յարաբերութիւններու բարելաւման որոնման նպատակով կատարած յայտարարութեան ծիրին մէջ Տաւութօղլուն՝ Հայաստանի պաշտպանութեան նախկին նախարար եւ նախկին վարչապետ Վազգէն Մանուկեանին հետ ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին ան Ցեղասպանութիւնը նսեմացուց իբրեւ անցեալի «որոշ իրադարձութիւններ» եւ կոչ ուղղեց բոլորին՝ «առաջ երթալու»: Երբ Մանուկեան պատմեց Ցեղասպանութեան ժամանակ իր չորս հօրեղբայրներուն մահուան մասին, Տաւութօղլու խոստացաւ աղօթել անոնց համար՝ իրենց ծննդավայր՝ Մոկս, Վանայ լիճի հարաւը, իր յաջորդ այցելութեան ընթացքին: Սակայն ան յանդգնեցաւ խորհուրդ տալ հայերուն՝ չմոռնալ Համաշխարհային Ա. պատերազմի թուրք զոհերուն մասին: Ան նաեւ սփիւռքահայերուն առաջարկեց վերադառնալ իրենց նախկին հայրենիքը՝ ներկայի Թուրքիա: Մանուկեանին հետ հանդիպման ամէնէն հետաքրքրական պահը Տաւութօղլուի բացայայտումն էր, որ Անգարայի մէջ արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնական գրասենեակի շէնքերէն մէկը պատկանած է հայու մը՝ ատով իսկ բարձրացնելով դատական հայցի հնարաւորութիւնը նախկին սեփականատիրոջ ժառանգորդներուն կողմէ:
Արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլու վերջին ճիգը գործադրեց Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախապատրաստական աշխատանքները խափանելու համար՝ պատմելով թռիչքի ժամանակ իրեն ուղեկցող թուրք լրագրողներուն, որ 1915 թուականին հայերու «տեղահանութիւնը» «անմարդկային» էր: Յայտարարելով, որ Թուրքիան երբեք չէ ողջունած այդ քայլը, ան դատապարտեց «տեղահանութիւնը» իբրեւ «բացարձակ սխալ քաղաքականութիւն, որ կատարուած է (օսմանեան ժամանակաշրջանի ղեկավարներու «Միու-թիւն եւ յառաջադիմութիւն» կոմիտէի օրօք)»:
Տաւութօղլու նաեւ յայտնեց, որ ան հանդիպած է սփիւռքահայերու հետ արտերկրի մէջ իր այցելութիւններու ընթացքին, սակայն չէ հրապարակած անոնց մասին՝ մտահոգուելով, որ՝ «ծայրայեղական հայերը խնդիրներ կը յառաջացնեն»:
Թրքական հմայքի արշաւը լաւ տպաւորութիւն ձգեց միայն անոնց վրայ, որոնք շատ տոգորուած ըլլալով հայ-թրքական հաշտեցմամբ՝ նոյնիսկ խղճի խայթ չեն զգար, երբ դահիճը կը հաւասարեցնեն զոհին: Միացեալ Նահանգները եւ Քանատան միակ երկիրներն էին, որոնք ողջունեցին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին այցը Հայաստան՝ կոչ ուղղելով, որ երկխօսութիւնը շարունակուի երկու կողմերուն միջեւ:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
«Եռագոյն» կայքը