
«Արմինիըն Ուիքլի».- Մեսեչուսեց նահանգի Ուոթըրթաուն քաղաքին մէջ գտնուող «Սէյվ Արմինիըն Ֆոթոկրեֆ Արքայվզ» («SAVE Armenian Photograph Archives») ծրագիրը հրատարակած է «Լոյս նախքան մութը. Հայերը նախքան Ցեղասպանութիւնը» խորագիրով նոր օրացոյց մը, որուն մէջ կը ներկայացուի աւելի քանի 100 տարի առաջ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայկական կեանքի բազմազանութիւնը:
17 լուսանկարները հնարաւորութիւն կու տան «ճամբորդելու» դէպի Վան, Պիթլիս, Էրզրումում, Տիգրանակերտ եւ Խարբերդ, ինչպէս նաեւ Սեբաստիա, Կեսարիա, Քոնիա եւ Պոլսոյ մօտ գտնուող Պարտիզակ:
2014 տարուան սոյն օրացոյցը կարելի է ընթերցել որպէս գիրք, քանի որ լուսանկարներուն մէջ պատկերուած վայրերուն եւ անձերուն մասին մանրամասն տեղեկութիւններ կան: