Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Հրայր եւ Մարգրիտ Սողոմոնեաններու՝ Շաբաթ, 21 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Հայաշէնի ժողովրդային տան մէջ բացումը կատարուեցաւ «Հրայր եւ Մարգրիտ Սողոմոնեան» մարզասրահին եւ «Սեդրակ Աճէմեան» վերանորոգուած սրահին:
ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս ձեռնարկին սկիզբը՝ լիբանանեան եւ հայկական քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, Համբիկ Միսաքեան բացուած յայտարարեց ձեռնարկը, ողջունելով ներկաները եւ յայտնելով, թէ «անգամ մը եւս հաւաքուած ենք Հայաշէնի ժողովրդային տան մէջ՝ ականատես վկաները ըլլալու «Սեդրակ Աճէմեան» վերանորոգուած սրահի եւ «Հրայր եւ Մարգրիտ Սողոմոնեան» նորակառոյց մարզասրահի բացման հանդիսութեան»:
«Քաջ գիտնալով, որ առողջ միտքը առողջ մարմինին մէջ է եւ մեկնելով շրջանի երիտասարդներու կարիքներէն՝ ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէն իրականացուց տարիներու այդ երազը, շնորհիւ տէր եւ տիկին Հրայր եւ Մարգրիտ Սողոմոնեաններու ազնիւ նախաձեռնութեան, որպէսզի նաեւ վերանորոգուի Հայաշէնի երբեմնի հարուստ մարզական կեանքը», ըսաւ Միսաքեան եւ խօսքը փոխանցեց ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Անդօ Գալեմքերեանին:
«Բարի եկած էք Հայաշէն, բարի եկած էք այն շրջանը, ուր նախորդող սերունդներ կառուցած, օրն ի բուն աշխատած, վերանորոգած եւ միշտ հաւատացած են այս կառոյցներու կարեւորութեան՝ յաջորդող սերունդներուն ազգային դաստիարակութիւն, կուռ նկարագիր, վեհանձն ու մաքուր ոգի ջամբելու առաքելութեան: Բարի եկած էք այն շրջանը, ուր տղաք, աղջիկներ ծնած, հասակ նետած են Հայաշէն թաղին մէջ, թրծուած ու տոգորուած են ազգային, յեղափոխական ոգիով եւ հաւատալով ազգի յաւերժութեան ու մէկ եւ ամբողջական հայրենիքի գաղափարին՝ Հայ Դատի իրագործման ճամբուն վրայ գործած են օրն ի բուն, հասնելով մինչեւ զոհաբերութեան բագինին: Անոնք իրենց ներդրումը ունեցած են Հայաշէնի ազգային դիմագիծի պահպանման մէջ՝ ի պահանջել հարկին մահուան գնով պահպանելով այս շէնքը», ըսաւ Գալեմքերեան:
«Ապա շատեր, պայմաններու բերումով մեկնեցան ու հեռաւոր վայրերու մէջ շարունակեցին իրենց առաքելութիւնը եւ դարձան ղեկավարներ, կղերական առաջնորդներ ու ազգային բարերարներ: Այս վերջիններէն է մեր շատ սիրելի ընկեր Հրայրը», աւելցուց Գալեմքերեան՝ շնորհակալութիւն յայտնելով տէր եւ տիկին Հրայր եւ Մարգրիտ Սողոմոնեաններուն:
Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կանգնած են այս շրջանի զարգացման ու վերելքին, յատկապէս՝ «Վրեսսօ» հաստատութեան, յանձին նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեանի:
Իր կարգին, բարերար Հրայր Սողոմոնեան վերյիշեց Հայաշէնի մէջ իր մանկութեան օրերը՝ «Մուրատ» պատանեկան միութենէն մինչեւ ԼՕԽը, Համազգայինն ու ՀՄԸՄը եւ առհասարակ ազգային, մարզական ու թատերական կեանքը: Սողոմոնեան բարձր գնահատեց Հայաշէնի տղոց ներդրումը՝ շրջանի պահպանման ու վերելքին մէջ՝ ընդգծելով, որ հայաշէնցիք արտերկրի մէջ ուր որ ալ գտնուած են՝ միշտ հպարտութեամբ բացայայտած են Հայաշէնի իրենց պատկանելիութիւնը՝ վառ պահելով Հայաշէնի ոգին: Հրայր Սողոմոնեան շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ընծայուած այս առիթին, որ ան որոշ չափով փոխադարձէ Հայաշէնի մթնոլորտէն իր ստացած ազգային ոգին ու բարոյական դաստիարակութիւնը, «որ նիւթականով չի գնահատուիր»:
Ձեռնարկին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Շահէ եպս. Փանոսեան՝ մաղթելով, որ «Սեդրակ Աճէմեան» սրահի նորոգումն ու «Հրայր եւ Մարգրիտ Սողոմոնեան» մարզասրահի բացումը օգտագործուին ի սպաս հայ ժողովուրդին:
Աւարտին, «Ռոստոմ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Անդօ Գալեմքերեան յուշանուէրով մը պարգեւատրեց Հրայր Սողոմոնեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.