ՊՈԼԻՍ.- Շաբաթ, 21 Դեկտեմբերին, Շիշլիի Պուլկարներու ընդունելութեան սրահին մէջ սարքուեցաւ «Փարոս» պարբերաթերթի աշխատակից, դերասան, գրագիտուհի եւ նկարչուհի Պերճուհի Պէրպէրեանի նկարչական ցուցահանդէսը։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր նոր տարուան առիթով, «Փարոս» պարբերաթերթի նախաձեռնութեամբ։
Հաւաքոյթին ներկայութիւն բերին պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան, Սահակ եպսկ. Մաշալեան, Թաթուլ Ծ. վրդ. Անուշեան, Պուլկարիոյ հիւպատոս Տիմիթրինա Թէմէլքովա, պուլկար համայնքի ատենապետ Վասըզ Լիազէ, Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու պատասխանատու՝ Լաքի Վինկաս, Շիշլիի փոխքաղաքապետ Վազգէն Պարըն եւ մեծաթիւ թիւով արուեստասէրներ, որոնք բերնէ բերան լեցուցած էին սրահը։
«Մուտքի նրբանցքի պատերուն վրայ զետեղուած էին Պերճուհի Պէրպէրեանի 38 նկարները, որոնք արուեստասէրներու ուշադրութեան կը յանձնուէին։ Պերճուհի Պէրպէրեան շատ ուրախ եւ միաժամանակ շատ յուզուած էր, քանի որ ան առաջին անգամն էր, որ այսպիսի ցուցահանդէսով մը կը ներկայանար հանրութեան, արտացոլացնելով իր նկարչական կալուածէն ներս ունեցած շնորհը, բեմական եւ գրիչի շնորհներուն առընթեր» կը գրէ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը՝ աւելցնելով. «Այս առիթով ան կարճ արտայայտութիւն մը ունեցաւ, յայտնելով թէ շատ յուզուած է։ Ապա յայտնեց, թէ իր այս նկարչական աշխատանքներէն գոյացած հասոյթին մէկ մասը պիտի տրամադրէ աշակերտի մը համալսարանական կրթաթոշակին։ Ան իր խօսքերը աւարտին բերաւ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին, իրենց ներկայութեան համար»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.