ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Ազգային առաջնորդարանի տարիներու բարի աւանդութեանց շարքին է Ս. Ծննդեան ու Ամանորի առաջնորդին ընթրիքը։ Ամէն տարի, Յունուար 6ի երեկոյեան, ժողովականութեան ներկայացուցիչներ, բարերարներ ու բարեկամներ մէկ յարկի տակ կը համախմբուին առաջնորդին, հոգեւորականներուն եւ ժողովականութեան ներկայացուցիչներուն շուրջ՝ աղօթքով ու բարեմաղթութեանց փոխանակումով սկսելու նոր տարին ու յիշատակելու Քրիստոսի հրաշալի Ս. Ծնունդը։ Այս տարի եւս, նախաձեռնութեամբ Արեւմտեան թեմի Կրօնական ժողովին ու Ազգային վարչութեան, Ս. Ծննդեան ընթրիքը տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի, Յունուար 6ին, երեկոյեան ժամը 6։30ին, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի «Բաղրամեան» սրահին մէջ։ Ձեռնարկը կազմակերպուած է Ազգ. առաջնորդարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինին կողմէ։ Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, հեռաձայնել Ազգ. առաջնորդարան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.