ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Կիրակի, Դեկտեմբեր 15ին, Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնի նախօրեակին, Քրեսենթա Հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ ծխական համայնքին մէջ կը տիրէր տօնական մթնոլորտ: Արդարեւ, ընդառաջելով եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւին ու հոգաբարձութեան հրաւէրին՝ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան եպիսկոպոսական Ս. պատարագ մատուցեց՝ տալով յաւուր պատշաճի իր հայրական պատգամը: Պատարագին ներկայ էին Ազգային վարչութեան անդամներէն Մհեր Տէր Յովհաննէսեան եւ Վահան Պզտիկեան, նաեւ երեսփոխաններ, հոգաբարձութեան, տիկնանց միութեան եւ դաստիարակչական յանձնախումի անդամներ ու ծխական համայնքի ներկայացուցիչներ:
Առաջնորդը «Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ մուտք գործեց եկեղեցի: Թափօրին մաս կը կազմէին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, սարկաւագներն ու դպիրները, որոնք եւս սպասարկեցին Ս. Սեղանին: «Հայր Մեր»էն առաջ, սրբազանը ողջունեց ծխական համայնքի հաւատացեալները՝ գոհունակութիւն յայտնելով ու փառք տալով Աստուծոյ, որ տարի մը եւս արժանի ըրաւ նախատօնական օրերուն զուգադիպող այս աւանդական դարձած պատարագը մատուցանելու: Ապա ան փոխանցեց իր հոգեւոր պատգամը, որ նուիրուած էր մեղքի, ներման եւ հաւատքի շուրջ Յիսուսի ուսուցումներուն:
Նկատի ունենալով, որ օր մը առաջ Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետին տօնն էր՝ առաջնորդը զուգահեռական մը գծեց մեր հաւատքը աւելցնելու մասին օրուան Ճաշու Աւետարանի միտքին եւ Ս. Յակոբի սրբակենցաղ կեանքին ու նկարագիրին միջեւ, ընդգծելով, որ ան հաւատքը կեանքով ապրած մեծ սուրբ մըն էր։ «Ս. Յակոբ հայրապետ նախանձախնդիր էր օրէնքներու եւ Աստուծոյ պատուիրաններու գործադրութեան, խստապահանջ էր, սակայն նաեւ՝ սիրող ու ներողամիտ», ըսաւ առաջնորդը։
«Տէր ողորմեա»էն առաջ, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան, յանուն Քրեսենթա հովիտի եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, յարակից օժանդակ մարմիններու եւ համայնքի հաւատացեալներուն՝ որդիական ակնածանքով ողջունեց սրբազանը, որ իր օրհնաբեր այցելութեամբ, մատուցած պատարագով ու ոգեշունչ պատգամով աւելի զօրացուց հաւատացեալները իրենց հաւատքին մէջ:
Պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ երգչախումբը վեհօրէն հնչեցուց «Կիլիկիա»ն, ապա «Ուրախ Լեր Ս. Եկեղեցի» հոգեզմայլ շարականին ուղեկցութեամբ, սրբազանը հանդիսաւոր թափօրով առաջնորդուեցաւ դէպի նախասրահ, ուր շնորհաւորեց Յակոբ անունը կրող բոլոր հաւատացեալները ու «Պահպանի»չով արձակեց բոլորը՝ խաղաղութեամբ:
Ներկաները, ստանալէ ետք առաջնորդին օրհնութիւնները, հրաժեշտ տուին՝ իրենց հետ տանելով հանդիսաւոր օրուան պատգամն ու անմոռաց յիշատակները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.