ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Երեւանի քաղաքապետարանի նախաամանորեայ նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի ընկերային ապահովութեան վարչութեան պետ Ռուզաննա Զաքարեանը այցելած է նաեւ Հայաստանի կոյրերու միաւորում:
Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի տնօրինումով, Զաքարեան միաւորման 70 կարիքաւոր անդամներուն յանձնած է դրամական աջակցութեան միանգամեայ նպաստները, ինչպէս նաեւ քաղցրեղէնի ծրարներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.