
ՈՒՈԹԸՐԹԱՈՒՆ.- «Արմինիըն Ռիվիու» թերթի խմբագրութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ 1948էն լոյս տեսնող եւ հայագիտական ուսումնասիրութեանց նուիրուած այս հրատարակութեան բոլոր թիւերը թուայնացնելու ծրագիրին համար, Փորթուկալի Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը որոշած է 12,000 տոլարի նուիրատուութիւն մը կատարել: Այս նուէրը կու գայ աւելնալու նոյն նպատակին համար 5000 տոլար նուիրատուութեան վրայ, որ կատարուեցաւ իր ինքնութիւնը բացայայտել չփափաքող անձի մը կողմէ:
Թուայնացման ծրագիրին նպատակն է թերթին մօտաւորապէս 200 թիւերը մատչելի դարձնել աշխարհի տարածքին ուսումնասիրութիւն կատարողներու կամ այլ հետաքրքրուողներու՝ համացանցին միջոցաւ:
Խմբագրութիւնը կ՛աւելցնէ, թէ սոյն նուիրատուութիւնները կը փակեն ամբողջ ծրագիրին մէկ կարեւոր մասը, իսկ անոնք, որոնք կը փափաքին մասնակից դառնալ ծրագիրի ամբողջացման համար հարկաւոր գումարի գոյացման ջանքին, կրնան դիմել editor@armenianreview.org հասցէին:
«Արմինիըն Ռիվիու» թերթի գլխաւոր խմբագիր փրոֆ. Ասպէտ Քոչիկեան կը յայտնէ, թէ «Կիւլպէնկեան»ի կատարած առատաձեռն հատուցումը թերթը յատկանշականօրէն հասցուցած է համացանցային կարեւոր ներկայութիւն մը ըլլալու նպատակին՝ աւելցնելով, թէ ներկայիս աշխատանք կը տարուի թերթի համացանցային կայքը բարեկարգելու ուղղութեամբ, որպէսզի անիկա պատրաստ ըլլայ ընկալելու թուայնացման շնորհիւ նիւթերու զգալի աճը:
Թերթին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց կամ բաժանորդագրուելու համար, դիմել orders@armenianreview.org հասցէին կամ (617) 926-4037 թիւին: