
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 16ին, Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի տնօրէն դոկտ. Պրուս Պօղոսեան հանդիպում մը ունեցած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ հայկական վարժարաններու ղեկավարութեան ներկայացուցիչներուն հետ՝ անոնց ներկայացնելով համալսարանի գործունէութեան ու ապագայ ծրագիրներուն մանրամասնութիւնները:
Վարժարաններուն տնօրէնները խոստացած են նեցուկ կանգնիլ համալսարանին ու քաջալերել իրենց աշակերտները, որ իրենց համալսարանական ուսումը հոն իրականացնելու կարելիութիւնները քննեն: Անոնք նաեւ տեղեկութիւններ խնդրած են 2014ի ամրան նախատեսուած համալսարանի ծրագիրներուն մասին, որոնք կրնան հետաքրքրական ըլլալ հայկական վարժարաններու աշակերտներուն համար:
Դոկտ. Պրուս Պօղոսեան կոչ ըրաւ քննելու դէպի համալսարան խմբային այցելութիւններ կատարելու կարելիութիւնը՝ աւելցնելով, որ հոն յաճախելու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ կարելի է խնդրել՝ դիմելով visitaua@aua.am հասցէին: