
ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Ինչպէս ծանօթ է, Արամ Ա. կաթողիկոս 2013 տարին ձօնած էր Հայ Մօր։ Այդ տարին եւս Արեւմտեան թեմին մէջ նշուեցաւ հանդիսութիւններով ու հրատարակութիւններով։
Այս առիթով լոյս տեսաւ Հայ Մօր Տարուան նուիրուած իւրայատուկ գրքոյկ մը, որ կը կրէ «Աշակերտական Աղօթքներ եւ Մաղթանքներ» խորագիրը։ Անիկա կը բովանդակէ ազգային վարժարաններու եւ կիրակնօրեայ դպրոցներու աշակերտներուն կողմէ գրուած մաղթանքներ ու աղօթքներ։
Տարուան ընթացքին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, աշակերտներուն հետ իր հանդիպումներուն ընթացքին կոչ ըրած էր, որ անոնք իրենց մայրերուն նուիրուած նման գրաւոր արտայայտութիւններ կատարեն. այդ գրութիւններն են, որոնք ամփոփուած են այս գրքոյկին մէջ։
Գիրքի յառաջաբանին մէջ առաջնորդը վեր առած է Հայ Մօր Տարուան խորհուրդը եւ ընդհանրապէս մօր դերն ու արժէքը մեր կեանքին մէջ՝ աւելցնելով. «Կարդացէ՛ք մեր դեռատի մանուկներուն եւ պատանի աշակերտներուն սիրտերէն բխած այս գրութիւնները։ Վաւերական գրողներու նախնական արտայայտութիւնները պիտի գտնէք կարգ մը էջերու վրայ։ Այս էջերը նորագոյն վկայութիւն մըն են այն իրողութեան, թէ ճշմարտութիւնը պէտք է լսել մանուկներու բերանէն»։
Նշենք, որ հատորը նուիրուած է Անահիտ Պարթումեանի յիշատակին։ Այս հատորէն օրինակներ պիտի տրամադրուին մեր աշակերտներուն։ Ստանալու համար, դիմել Ազգ. առաջնորդարան։