
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴն կը տեղեկացնէ, թէ արդէն իսկ տրամադրելի են ՀԵԴի «Երիտասարդական Ջոկատներ»ու այս տարուան մասնակցութեան դիմումնագիրները:
20րդ տարին թեւակոխող այս ծրագիրին մասնակիցները առիթը կ՛ունենան գործնականապէս մաս-նակցելու հայրենիքի բարգաւաճման՝ միաժամանակ սերտ կապեր հաստատելով Հայաստանի ու Արցախի մէջ իրենց հանդիպած հայորդիներուն հետ:
1994ին սկսած ծրագիրի նախնական օրերուն, շեշտը յատկապէս Արցախի վերակառուցման աշխատանքներուն վրայ էր, սակայն 2008էն ի վեր, ծրագիրին մասնակիցները պատանիներու յատուկ ճամբարներ կը կազմակերպեն: Միայն անցեալ տարուան ծրագիրին ընթացքին, 850 պատանիներ մասնակցած էին ճամբարներու, իսկ այս տարի աշխատանք կը տարուի գործունէութեան դաշտը աւելի եւս ընդարձակելու:
Այս տարի ծրագիրը պիտի իրականանայ Յուլիս 5էն Օգոստոս 14 երկարող վեց շաբաթներուն ընթացքին: Հինգ շաբաթները պիտի տրամադրուին ճամբարներու, իսկ վեցերորդ շաբթուան ընթացքին, ծրագիրի մասնակիցները առիթը պիտի ունենան Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի զանազան վայրերը այցելելու:
Ծրագիրին կրնան մասնակցիլ 18էն 30 տարիքի երիտասարդներ. կը խնդրուի կարելի եղածին չափ շուտ կատարել դիմումները:
Դիմումնագիրները, ինչպէս նաեւ ծրագիրին մասին մանրամասնութիւններ եւ վկայութիւններ տրամադրել են
www.ayfyouthcorps.org կայքէն: