
«ԱՍՊԱՐԷԶ»
1978 Օգոստոս 10ին, 35րդ տարեդարձն էր «Ասպարէզ»ի օրաթերթ դառնալուն: Պէտք էր յատուկ կերպով անդրադառնայինք այս կարեւոր տարեդարձին: Մեր ուշադրութենէն վրիպած ըլլալուն համար ներողութի՛ւն կը խնդրենք:
«Ահաւասի՛կ, գրեթէ ճիշդ օրը-օրին, իր հիմնադրութենէն 70 տարի ետք, «Ասպարէզ» վերածուեցաւ օրաթերթի», կը գրէ այդ յանդուգն ձեռնարկը գլուխ հանած օրուան խմբագիրը՝ Քրիստափոր Բագրատունին:
Հետաքրքրական է, որ այն ատեն օրաթերթը լոյս կը տեսնէր Երկուշաբթի, Չորեքշաբթի (երկլեզու), Հինգշաբթի, Ուրբաթ եւ Շաբաթ օրերը: Անգլերէն բաժինը կը խմբագրէր Սերժ Սամոնեանցը: Թերթի բաժանորդագինը՝ տարեկան 40 տոլար:
«Կը յուսանք, որ «Ասպարէզ» օրաթերթը լաւագոյնս պիտի ծառայէ մեր ժողովուրդին. յաւակնութիւնը չունինք անթերի եւ բոլոր ճաշակներուն գոհացում տուող թերթ մը հրատարակելու, սակայն կը վստահեցնենք մեր ընթերցողները, որ մեզի վիճակուած պայմաններուն մէջ մեր լաւագոյնն է, որ պիտի փորձենք տալ մեր գաղութին, եւ մեր ուժերու սպառումին իսկ գինով պիտի շարունակենք մեր առաքելութիւնը՝ ծառայելով հայ ժողովուրդին, հայ մշակոյթին եւ Հայ Դատին», գրուած է օրաթերթ դարձած «Ասպարէզ»ի առաջին թիւի առաջին էջին վրայ:
Առաքելութիւնը ահա՛ կը շարունակուի՝ նոյն խոստումով, նոյն առաջադրանքով: Առիթը օգտագործելով՝ վարձքը կատար կ՛ըսենք Քրիստափոր Բագրատունիին, անոր գործը շարուանակող հայերէն բաժինի միւս խմբագիրներուն՝ Վահիկ Գիւրճեանին, Ժան Գոսագեանին եւ Վաչէ Բրուտեանին, եւ անոնց գլխաւորութեամբ աշխատող խմբագրական կազմերուն:
Պայմանները այսօր տարբեր են, մարտահրաւէրները՝ ուրիշ: Տրուած խոստումը յարգելու վճռականութիւնը՝ ամո՛ւր: