«Ակօս» շաբաթաթերթը անդրադարձ կատարած է Պոլսոյ մէջ «Հրանդ Տինք»ի հիմնադրամի, «Մալաթիոյ Յայտեր» համագործակցութեան եւ Պողազճը համալսարանի կողմէ կազմակերպուած «Իսլամաց(ու)ած հայեր» նիւթով գիտաժողովին ընթացքին թուրք նշանաւոր պատմաբան դոկտ. Թաներ Աքչամի ներկայացուցած զեկուցումին, որ նուիրուած եղած է Ցեղասպանութեան ժամանակ իրագործուած ձուլման հոլովոյթին:
Աքչամ արտայայտած է այն միտքը, թէ ձուլումը Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւններէն դուրս մնացած է, եւ ձուլման յատկացուող անբաւարար ուսումնասիրութիւնը կը շարունակէ բացասական ազգեցութիւն ունենալ խնդիրին վրայ:
Նշելով, որ Ցեղասպանութիւնը մինչեւ այսօր ընկալուած է իբրեւ խումբ մը մարդոց ֆիզիքական ոչնչացում, Աքչամ ըսած է. «Քննարկուող որեւէ իրադարձութիւն դիտուած է 1948ին ՄԱԿի որդեգրած ցեղասպանութեան մասին ուխտի համապատասխանել-չհամապատասխանելու լոյսին տակ: Հրեաներու ցեղասպանութիւնը ամէն ինչի կեդրոնը եղած է, եւ իւրաքանչիւր իրադարձութեան՝ ցեղասպանութիւն ճանչցուիլ-չճանչցուելու համար ծառայած է իբրեւ լիթմուսի թուղթ: Որեւէ իրադարձութիւն ցեղասպանութիւն համարուած է այնքան, որքան նման եղած է Ողջակիզումին»:
Ըստ Աքչամի, Թուրքիոյ կողմէ պետական մակարդակով վարուող ուրացման քաղաքականութեան հետեւանքով ուժեղացած է Հայոց Ցեղասապանութիւնը Ողջակիզումին նմանցնելու ջանքերը, եւ այդ հոլովոյթին մէջ մոռցուած է Հայոց Ցեղասպանութեան Ողջակիզումին հետ ունեցած կառուցուածքային տարբերութիւնները:
Աքչամի խօսքերով՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուսումնասիրելու նպատակով օգտագործուող աղբիւրներուն մէջ եւս ուշադրութիւն չէ դարձուած ձուլման. «Գերմանիոյ, Աւստրիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսութիւններու զեկուցումներէն, միսիոնարներու դիտարկումներէն ու ողջ մնացած հայերու յիշողութիւններէն կազմուած աղբիւրները մեծամասնութեամբ ցոյց չեն տար, որ անիկա կատարուած է համակարգային քաղաքականութեան իբրեւ արդիւնք: Ըստ այդ հասկացողութեան, խնդրոյ առարկան ամբողջովին տեղական տարրերու կողմէ իրականացուած խառնիխուռն գործողութիւններու շարքը եղած է: Շատ պարագաներու ալ կրօնափոխութիւնը կը ներկայացուի իբրեւ ծայրայեղական իսլամներու կողմէ կրօնական մոլեռանդութենէն ելլելով, հայերուն կրօնափոխութեան դրդելու գործելաոճ»:
Աքչամ կը նշէ, որ այն ժամանակուան ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ ուղարկուած գաղտնագիրով հեռագրերէն 3ին համար կարդալէ ետք ոչնչացնելու պահանջ ուղղուած է: Նշեալ երեք հեռագրերուն ձուլման մասին ըլլալը ցոյց կու տայ, որ ժամանակի կառավարութիւնն ու Թալեաթ փաշան ինչ կարեւորութիւն կու տային ձուլման գործողութեան ծրագրին:
Ըստ Աքչամի, արդէն 1915ի Հոկտեմբերի վերջերուն «դարձին (իհթիտա – այլ կրօնքէ իսլամութիւն ընդունիլը) թոյլտուութիւն տուէք» բովանդակութեամբ հրամաններ կային, իսկ Նոյեմբեր 5էն սկսեալ անոնք սկսան կիրարկուիլ: Այդ օր, առանց բացառութեան բոլոր շրջաններ կ՛ուղարկուին «Հայերու դարձի մասին» թռուցիկներ, որոնք ունէին հետեւեալ բովանդակութիւնը. «Կ՛ընդունուի բոլոր անոնց դարձը, որոնք չեն իրենց բնակավայրէն դուրս ուղարկուած: Ուղարկուածները կրնան իրենց նախկին բնակավայրերը վերադառնալ կամ մնալ ուղարկուած վայրերուն մէջ՝ ընդունելով իրենց կրօնափոխութիւնը»:
Թաներ Աքչամ կը նշէ, որ Ցեղասպանութեան ձուլման հանգրուանին վերաբերեալ օսմանեան փաստաթուղթեր չկան, սակայն Միացեալ Նահանգներու եւ Գերմանիոյ փաստաթուղթերու կողքին փաստագրական տուեալներ կը պարունակեն նաեւ ողջ մնացած հայերու յուշերը:
Ըստ Աքչամի, այս թեմայով ամէնէն կարեւոր աղբիւրներէն է նաեւ չերքէզ Հասան Ամճայի յուշերը: Այն ժամանակ «Թեշքիլաթը մահսուսէ»ի մէջ ծառայող Հասան Ամճան այսօրուան Սուրիոյ տարածքին մէջ գտնուող Տարաա բնակավայր ողջ հասած հայերու ամբողջ խումբի կրօնափոխութեան արարողութեան ականատեսը դարձած է: Այս լուրը 1919ի Յունիսի 20ին տպուած է «Ալմետար» թերթին մէջ: Աքչամ կը ներկայացնէ նաեւ այդ ժամանակուան Գերմանիոյ դեսպանի այս թեմայի վերաբերեալ պարզաբանական տեղեկութիւնները, ըստ որոնց, իսլամական մոլեռանդութիւնը իթթիհատական ղեկավարութեան համար խորթ գաղափար էր, եւ անոնց կողմէ հայերու իսլամացումը զանոնք ձուլելու միտում ունէր: Սկիզբը իսլամացման թոյլտուութիւն տալու, իսկ ետքը ատկէ հրաժարելու պատճառն ալ, ըստ դեսպանի, եղած է կրօնափոխ հայերու քանակի արագ աճը:
1915ի Յուլիսի 12ին, աքսորավայրեր ուղարկուած հեռագրով կը յայտնուի, որ հայերու տեղահանութեան իբրեւ հետեւանք առանց ծնողներու մնացած առողջ երեխաները խնամքի եւ դաստիարակութեան համար պէտք է որդեգրուին տեղւոյն յառաջադէմ եւ յարգարժան մարդոց կողմէ: Իսկ 1915ի Օգոստոսի 11ին որդեգրուած որոշման համաձայն, նշեալ երեխաներու մահացած ծնողներուն ժառանգութիւնը կրնար յանձնուիլ խնամակալ ընտանիքին: Ըստ Աքչամի, այս որոշումը ինքնին կը ներկայացնէր ձուլումը խրախուսող տնտեսական խթանման ծրագիր:
Թուրք պատմաբանը զեկուցումը աւարտած է հետեւեալ խօսքերով. «Այս բոլոր փաստերու լոյսին տակ առանց վարանելու կրնանք ըսել, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին ձուլումը կիրարկուած է ծայրաստիճան համակարգուած ձեւով, իսկ բռնի իսլամացումը այդ քաղաքականութեան հիմնական մասը եղած է»:
«Ակօս»