ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Քանատայի թուրքերը նախորդ ամիս ձեռնարկած էին ստորագրահաւաքի մը՝ պահանջելով Թորոնթոյի աւագ դպրոցներու 11րդ դասարանի ուսումնական ծրագիրէն վերցնել Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բոլոր յղումները:
Այս ստորագրահաւաքը մաս կը կազմէ թուրք ժխտողականներու երկարատեւ ջանքերուն՝ փոխելու Թորոնթոյի Շրջանային դպրոցական խորհուրդի (TDSB) 2008 թուականի որոշումը, որուն համաձայն՝ աշակերտներուն կը դասաւանդուին Հայոց, Հրէական եւ Ռուանտական ցեղասպանութիւններուն մասին: Խորհուրդին որոշումը յաջորդեց 2002ին Քանատայի Ծերակոյտին եւ 2004ին խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման: Բացի ատկէ, 2006 թուականէն ի վեր Քանատայի վարչապետները յաջորդաբար հանդէս եկած են Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերող տարեկան պաշտօնական յայտարարութիւններով՝ հակառակ թրքական կառավարութեան կողմէ գործադրուած բուռն քաղաքական ճնշման ու տնտեսական «շանթաժ»ին:
2008ին թրքական այլ նմանատիպ ստորագրահաւաք մը չյաջողեցաւ ստիպել վերոյիշեալ խորհուրդը փոփոխելու ցեղասպանութեան ուսումնական ծրագիրը՝ աւելի քան 11 հազար ստորագրութիւն հաւաքելէ ետք, յատկապէս՝ Թուրքիայէն:
Իսկապէս, Անգարայի կառավարութիւնը եւ Թորոնթոյի մէջ անոր թրքական կամակատարները վերջին եօթը տարիներուն ընթացքին դիմած են կարելի բոլոր միջոցներուն՝ ուսումնական ծրագիրը խափանելու համար:
Ստորեւ մէջբերուած են Թորոնթոյի Շրջանային դպրոցական խորհուրդի ցեղասպանութեան ուսումնական ծրագիրին դէմ թրքական դիմումնագիրով ներկայացուած անհիմն բողոքները՝ անոնց յաջորդող իմ հերքումներովս.
– Թրքական դիմումնագիր. «Իբրեւ Թորոնթոյի դպրոցներ յաճախող աշակերտներու թրքախօս ծնողներ, մենք խորապէս մտահոգուած ենք «Հայոց Ցեղասպանութեան» վերաբերեալ ներկայի ուսումնական ծրագիրին եւ 2008էն ի վեր Թորոնթոյի Շրջանային դպրոցական խորհուրդին կողմէ ընդունուած ուսումնական նիւթի բացասական ազդեցութեամբ»:
Իմ պատասխանը. Թորոնթոյի դպրոցներուն մէջ ՈՉ մէկ բռնութիւն կամ ճնշում կիրարկուած է թուրք ոեւէ աշակերտի նկատմամբ, հակառակ անոր, որ ցեղասպանութեան ուսումնական ծրագիրը քանի մը տարիէ ի վեր կը դասաւանդուի: Պատճառը այն է, որ հայերը այսօրուան անհատ թուրքերը պատասխանատու չեն նկատեր այն ոճրագործութիւններուն, որոնք Օսմանեան Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ գործադրուած են գրեթէ 100 տարի առաջ, բացառութեամբ անոնց, որոնք ժխտողականութեամբ իրենք զիրենք կը շաղկապեն այդ ոճիրներուն հետ: Միւս կողմէ, Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը՝ իբրեւ Օսմանեան կայսրութեան իրաւայաջորդը, պատասխանատուութիւն կը կրէ Հայոց Ցեղասպանութեան շարունակուող հետեւանքներուն համար: Ցեղասպանութեան փաստերուն ժխտումը շատ աւելի լուրջ եւ բացասական հոգեբանական ազդեցութիւն ունի հայերուն վրայ, քան ուսումնական ծրագիրին մէջ անոր ընդգրկումը՝ թուրքերուն վրայ: Աւելին, ճշմարտութիւնը կարելի չէ ծածկել միայն այն պատճառով, որ անիկա չվիրաւորէ զգացումները անոնց, որոնք կ՛ուզեն քօղարկել պատմական իրողութիւնները: Կարելի՞ է արդեօք պաշտպանել Հրէական ողջակիզումի ջնջումը պատմութեան դասագիրքերէն՝ ժամանակակից գերմանացիները չվիրաւորելու համար:
Թրքական դիմումնագիր. «Հայերու Ցեղասպանութեան վերաբերեալ դասագիրքը եւ այլ գիրքեր, ինչպիսին է Պարպարա Քոլորոսոյի «Արտասովոր Չարիքը», անընդհատ կը վարկաբեկեն համայնքի մը պատմական տուեալները՝ միւսներուն հաշուոյն եւ բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենան Թորոնթոյի դպրոցներու թրքական ժառանգութեամբ աշակերտներուն վրայ»:
Իմ պատասխանը. Չի կրնար երկու տարբերակ կամ երկու վարկած ըլլալ Հայոց Ցեղասպանութեան ապացուցուած փաստերուն վերաբերեալ: Կայ միայն մէկ ճշմարտութիւն:
Թրքական դիմումնագիր. «Մենք խորապէս համոզուած ենք, որ փոխադարձ յարգանքի, փոխըմբռնման եւ խաղաղ գոյակցութեան արժէքները կրնան ձեռք բերուիլ պատմութեան մասին ազնիւ եւ բաց երկխօսութեան միջոցով: Աւելի՛ն, արդար եւ անաչառ ուսուցումը հիմնուած պիտի ըլլայ պատմական փաստերու, եւ ոչ թէ միայն ընտրեալ համայնքներու պատումներուն վրայ՝ անտեսելով միւսները: Պէտք է նաեւ նշել, թէ այս պատմական պնդումներէն որեւէ մէկուն վերաբերեալ դատավճիռ գոյութիւն չունի, իսկ պատմաբաններուն կարծիքները կը տարբերին այս իրադարձութիւններու մանրամասնութիւններուն եւ սահմանումներուն առնչութեամբ»:
Իմ պատասխանը. «Փոխադարձ յարգանքը, փոխըմբռնումը եւ խաղաղ գոյակցութիւնը» չեն կրնար ձեռք բերուիլ խեղաթիւրումներու եւ կեղծիքներու միջոցով: Միայն ճշմարտութիւնը ընդունելէ եւ համապատասխան հատուցում տալէ ետք Քանատայի թուրքերը կրնան խօսիլ նման վեհ գաղափարներու մասին: Բացի ատկէ, հակառակ թրքական պնդումներուն, կայ քանի մը դատավճիռ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ, սկսեալ 1919 թուականի թրքական ռազմական դատարաններու վճիռներէն մինչեւ արժանթինեան, զուիցերիական եւ ամերիկեան դատարաններու վճիռները: Ուշագրաւ է, որ ՄԱԿի խտրականութեան կանխարգիլման եւ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան ենթայանձնախումբը 1985 թուականին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին զեկոյց ընդունած է: Իւրաքանչիւր ցեղասպանութեան համար ամէնէն ճիշդ ատեանը Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնն է, քանի որ Ցեղասպանութեան համաձայնագիրը ՄԱԿի փաստաթուղթ է:
Ամփոփելով նշենք, թէ թրքական այս վերջին դիմումնագիրը դատապարտուած է լիակատար ձախողութեան, քանի որ անոր նախաձեռնողը՝ Քանատայի թրքական միութիւններու դաշնութիւնը, առայժմ հաւաքած է 2000էն ալ նուազ ստորագրութիւն, մինչ իրենք կը պնդեն, թէ Քանատայի մէջ ունին 200,000 անդամ: Հետաքրքրական է, որ ստորագրողներուն մեծ մասը ոչ թէ Քանատայէն է, այլ՝ Թուրքիայէն, ուր դիմումնագիրը լայնօրէն տարածուած է կայքերուն վրայ:
Քանատայի թուրքերուն համար աւելի արժէքաւոր նախաձեռնութիւն պիտի ըլլայ այլ դիմումնագիրի մը ձեռնարկելը, կոչ ուղղելով թրքական կառավարութեան՝ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ պատշաճ փոխհատուցում կատարելու այս հրէշաւոր ոճրագործութեան զոհերու ժառանգորդներուն՝ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ «Եռագոյն» կայքը