ԵՐԵՒԱՆ, «Ժամ».– Գիւմրիի մէջ կայացած է հանդիպում մը՝ Թուրքիոյ ու Հայաստանի սահմանին վրայ գտնուող Արփաչա, Աքեաքա եւ Դիգոր շրջաններու գիւղապետերէն ու թուրք սահմանապահներէն բաղկացած պատուիրակութեան եւ Հայաստանի սահմանապահ մարմիններուն միջեւ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են սահմանային խախտումներուն, անոնց կանխարգիլման, կենդանիներու շրջանակին մէջ տարածուած հիւանդութիւններուն, կենդանիներու գողութիւններուն, սահմանաքարերուն առնչուող հարցեր: Թրքական «Իհլաս» գործակալութիւնը փոխանցած է, որ հանդիպման ընթացքին ամփոփուած են 2013ին կատարուած աշխատանքները եւ քննարկուած է 2014ին իրականացուելիք աշխատանքներու օրակարգը: Համաձայնութիւն գոյացած է յառաջիկայ հանդիպումը կայացնելու Մարտ 2014ին։
Ըստ թրքական աղբիւրին, հանդիպման ընթացքին թրքական կողմը յիշեցուցած է 31 Յուլիս 2013ին սահմանը հատած եւ սպաննուած թուրք հովիւին մասին՝ յայտնելով, որ հարցը պիտի շարունակուի բարձրացուիլ միջազգային հարթակներու վրայ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.