
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանի վերջին հարցազրոյցը իշխանական թէ՛ գործադիր, թէ՛ օրէնսդիր ներկայացուցիչներու տարաբնոյթ յայտարարութիւններուն տուն տուած է։
Նկատելի է, որ Քոչարեանի առաջին հարցազրոյցը այդքան չխոցեց Հանրապետական գործիչները, որքան վերջինը: Այս առիթով «Թերթ»ը հարցազրոյց մը ունեցած է ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Արմէն Մովսիսեանի հետ: Հակառակ անոր որ Մովսիսեանի պարզաբանում-հարցազրոյցը բաւական ծաւալուն է, բայց եւ այնպէս անոր գործընկերը՝ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանը դիտել տուած է, որ կարիք չկայ 1998-2008ի ժամանակաշրջանի վերլուծութիւններուն կամ գնահատականներուն նման սուր ձեւով արձագանգելու, որովհետեւ՝ «որեւէ ենթատեքստ այդ գնահատականների ու վերլուծականների մէջ չկայ»:
Նախկին նախագահը իր վերջին հարցազրոյցին մէջ կասկածի տակ առած էր նախագահ Փութինի այցելութեան ընթացքին կնքուած համաձայնագիրներուն ընդհանրական հասարակական ընկալումը՝ օրինականութեան առումով, մեծապէս խոցելի նկատելով մինչեւ 2043 կազային մենաշնորհի բացառիկ պայմանները: Անոր համար անհասկնալի է կազի գինի փոփոխութիւնը գաղտնի պահելու Հայաստանի կառավարութեան տրամաբանութիւնը:
Նախարար Արմէն Մովսիսեան՝ այս մեղադրանքին ի պատասխան, մանրամասնօրէն անդրադարձած է բանակցութիւններուն ընթացքին: Ըստ անոր՝ բանակցութիւնները տեւած են շուրջ 3 տարի, եւ այդ ընթացքին գիներու տարբերութեամբ ձեւաւորուած է շուրջ 300 միլիոն տոլար պարտքը: Արմէն Մովսիսեան՝ հակադարձելով նախկին նախագահին, անոր յիշեցուցած է հանրութեան կողմէ բազմիցս քննադատուած «Գոյք՝ պարտքի դիմաց» գործարքը:
«Ցանկանում եմ նաեւ աւելացնել, որ պարոն Քոչարեանի նախաձեռնած «Գոյք՝ պարտքի դիմաց» գործարքից այս գործարքը, մեղմ ասած, շահեկանօրէն տարբերւում է: Տարբերւում է ոչ միայն նրանով, որ գոյացած պարտքի կէսն իր վրայ վերցրեց ռուսական կողմը, կամ նրանով, որ երկարատեւ ժամանակահատուածի համար գազի գնի կանխատեսելի լինելը լուրջ ձեռքբերում է տնտեսութեան մէջ ներդրումների խթանման համար, այլ՝ որ սա իսկապէս մեր երկրի շահերից բխող ու լուրջ մշակուած գործարք է, որն իր հետեւից ոչ թէ թողնելու է այդպէս էլ կենդանանալու հնարաւորութիւն չստացած մահացած հսկայ ձեռնարկութիւններ, այլ իրականում կեանք է տալու բազմաթիւ նախաձեռնութիւնների», ըսած է ան։
Այստեղ տեղին է յիշեցնել, որ Արմէն Մովսիսեան 2001 թուականին նշանակուած է ուժանիւթի նախարար, իսկ 2007ին՝ վերանշանակուած: Երկու անգամն ալ՝ նախագահ Քոչարեանի ստորագրած հրամանագիրներով: Իսկ «Գոյք՝ պարտքի դիմաց» անունը ստացած միջպետական պայմանագիրը, որով ռուսական պարտքի դիմաց այդ երկրին տրուեցան Հայաստանի քանի մը ձեռնարկութիւններ, կնքուած է 2002ի Յուլիսին, եւ նախագահը անմիջական մասնակցութիւն ունեցած է այսօր իր իսկ կողմէ քննադատութեան ենթարկուող պայմանագիրի կնքման։
Ռոբերտ Քոչարեան իր հարցազրոյցին մէջ անդրադարձած էր «Հայռուսգազարդ»ին 20 տոկոս բաժնեմասի վաճառքին, եւ Արմէն Մովսիսեան յիշեցուցած է, որ, «Հայռուսգազարդ»ի հիմնադիրները եղած են Հայաստանի կառավարութիւնը, «Գազպրոմ»ը եւ «Իտերա» ընկերութիւնը:
«Ցանկանում եմ պաշտօնաթող նախագահին յիշեցնել, որ դեռեւս մինչեւ 2006թ. «Գազպրոմ»ն արդէն իսկ գնել էր մէկ այլ ռուսական ընկերութեան՝ «Իտերա»ի բաժնեմասը (10 տոկոս), եւ այս ամբողջի արդիւնքում «Հայռուսգազարդ»ի կանոնադրական կապիտալում բաժնեմասերի յարաբերակցութիւնը դարձաւ 80 տոկոս «Գազպրոմ» եւ 20 տոկոս Հայաստանի Հանրապետութեանը: Ընկերութեան տնօրէնների խորհրդում բացարձակ մեծամասնութիւն կազմեց «Գազպրոմ»ի ներկայացուածութիւնը, եւ նման իրավիճակը հնարաւորութիւն չէր տալիս հայկական կողմին, առաւել եւս՝ մենեջերին, ազդեցութիւն ունենալ «Գազպրոմ»ի կողմից ընդունուող որոշումների վրայ, որը, ի հարկէ, տեղաւորւում է բիզնես տրամաբանութեան շրջանակներում», նշած է Մովսիսեան:
Իսկ Աշոտեան՝ ի տարբերութիւն Մովսիսեանի, յիշեցուցած է քննարկուող ժամանակաշրջանի իշխանութեան ձեւաչափերը՝ աւելցնելով, որ այդ թուականներուն ալ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը եղած է պետական կառավարման համակարգի հիմնասիւներէն մէկը:
«1998 թուականի Հայաստանի նախագահի ընտրութիւններից յետոյ իշխանութեան կոնֆիգուրացիան՝ Ռոբերտ Քոչարեան, Վազգէն Սարգսեան, Անդրանիկ Մարգարեան, երեքից երկուսը հանրապետականամէտ կամ յետոյ հանրապետական դարձած մարդիկ էին: Այդ տարիները նաեւ մեր տարիներն են, ու կարիք չկայ նման սուր արձագանգի, քանի որ դա մեր ընդհանուր պատմութիւնն է, եւ զարմանալի է այդ գնահատականը երկրի երկրորդ նախագահի կողմից», դիտել տուած է կրթութեան եւ գիտութեան նախարարը:
Արմէն Աշոտեան անդրադարձած է շրջան ընող այն լուրերուն, թէ Հայաստանի նախկին նախագահը այս ձեւով կը փորձէ վերադառնալ քաղաքականութիւն: Ի տարբերութիւն միւս հանրապետականներուն, ան աւելի զգուշօրէն արտայայտուած է, սակայն չէ զլացած միւսներուն պէս խայթել իրենց աջակցած նախագահը: Աշոտեան չի կարծեր, թէ այս հարցերը քննարկման ենթակայ են, որովհետեւ նախ՝ Քոչարեան յայտարարած է, որ ատոր համար երեք պայմանի կարիք կայ՝ երկրի օրհասական վիճակ, ժողովուրդի պահանջ եւ իր կամքը: Առաջին երկուքը, Արմէն Աշոտեանի համաձայն, ակնյայտ է, որ չկան, երրորդին մասին կարծիք չէ յայտնած:
«Սա քաղաքական դիսկուրս (ճառախօսութիւն–Խմբ.) է, տնտեսութիւնն ընդամէնն առիթ է: Կեանքը ցոյց է տալիս, որ քաղաքական գործիչները տնտեսութիւնից խօսում են այն ժամանակ, երբ քաղաքական խնդիրներ են ուզում լուծել», յայտնած է Արմէն Աշոտեան: