ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Թուրքիոյ կառավարութիւնը, անոր լոպիիստական ընկերութիւնները եւ թուրք-ամերիկեան կազմակերպութիւնները միլիոնաւոր տոլարներ ծախսած են Քոնկրեսի անդամներն ու անոնց աշխատակիցները Թուրքիա տանելու համար՝ հոգալով ճամբորդական բոլոր ծախսերը՝ անոնց հաւատարմութիւնը գնելու մտադրութեամբ:
Ասիկա սովորական գործելակերպ է Ուաշինկթընի «ազդեցութիւն վաճառողներուն» համար: Հասկնալի է, որ թրքամէտ հեղինակութիւնները կ՛ուզեն ազդել Քոնկրեսի որոշումներուն վրայ, այնքան ատեն որ ճամբորդութիւնները օրինական բոլոր գործընթացներուն համապատասխան են: Սակայն, հետաքննող լրագրող Շէն Կոլտմեչըր նախորդ շաբաթ «Նեշընըլ Ճըրնըլ» պարբերականին մէջ բացայայտած է, որ Քոնկրեսի անդամներն ու անոնց նուիրատուները յաճախ կը խախտեն մշուշապատ կանոնները՝ իրենց շահադիտական նպատակներուն հասնելու համար:
Կոլտմեչըր իր «Լոպիիստները ինչպէս կը թեւածեն սողանցքներու մէջէն» խորագիրը կրող յօդուածը կը սկսի նկարագրելով զոյգ մը քաղաքական անձնաւորութիւններու հետ տեղի ունեցած արտառոց արկածախնդրութիւնը, երբ անոնք կը հալածէին ամենակալ տոլարը. «Տենիս Հասթըրթ եւ Տիք Կեփհարթ զիրար չէին հանդուրժեր, երբ տասնամեակ մը առաջ կը ղեկավարէին Քոնկրեսը: Սակայն հիմա անոնք տեղափոխուած են «Քէյ Սթրիթ» (լոպիիստական ընկերութիւններու փողոց), ուր դրամի հեղեղը կը մաքրէ նման անձնական տարբերութիւններ: Այս օրերուն անոնք ձեռք ձեռքի տուած, իրենց համապատասխան ընկերութիւններուն հետ կ՛աշխատին իբրեւ Թուրքիոյ երկու մեծագոյն լոպիիստներ՝ գրպանելով 1.4 միլիոն տոլար տարեկան արժողութեամբ լոպպիստական պայմանագիրի առիւծի բաժինը»: Զարմանալի չէ, որ հանրապետական Հասթըրթը եւ դեմոկրատ Կեփհարթը անցեալ տարուան Ապրիլին Քոնկրեսի ութ անդամներուն ընկերակցած էին դէպի Թուրքիա «ճամբորդութեան լրիւ ծախսերու վճարուած ուղեւորութեամբ»:
«Նեշընըլ Ճըրնըլ»ի յօդուածը կ՛անդրադառնայ քոնկրեսականներու ճամբորդութիւններուն դէպի շարք մը երկիրներ, ինչպէս՝ Թուրքիա, Ատրպէյճան եւ Իսրայէլ: «Թուրքիան կը շահագործէ մեծագոյն սողանցքը» ենթավերնագիրին տակ Կոլտմեչըր կը բացայայտէ Հասթըրթի ընկերութեան կողմէ իրականացուած մեծածաւալ նախապատրաստութիւնները դէպի Թուրքիա քոնկրեսականներու ուղեւորութեան համար, հակառակ անոր որ, կանոններուն համաձայն՝ լոպիիստներուն արգիլուած է ծրագրել կամ վճարել օրէնսդիրներու այցելութիւնները. «Ամիսներ շարունակ լոպիիստները իրենց բազմաթիւ ելեկտրոնային նամակներով, հեռաձայններով եւ խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներով՝ լայնօրէն ներքաշուած էին ճամբորդութեան ծրագրման մէջ: Երբ ճամբորդութեան ժամը հասաւ, Հասթըրթի ընկերութեան լոպիիստներէն մէկը՝ Լորի ՄըքՔէյ, հեռաձայնային խոհրդակցութիւն կատարեց եւ ամէն օր ելեկտրոնային նամակներ ուղարկեց Ներկայացուցիչներու պալատէն ճամբորդութեան մասնակից ութ անդամներուն՝ հանրապետականներ Վիրժինիա Ֆաքսին, Ճորճ Հոլտինկին, Էտըմ Քինզինկըրին, Թատ Ռաքիթային, Լի Թերիին եւ Էտ Ուիթֆիլտին, նաեւ դեմոկրատներ Շէյլա Ճեքսըն Լիին եւ Չելի Փինկրիին: ՄըքՔէյ նոյնիսկ անոնցմէ երեքին ընկերակցեցաւ Ուաշինկթընի «Տալըս» միջազգային օդակայան եւ օգնեց անոնց թրքական թռիչքներու բաժինին մէջ անհրաժեշտ արձանագրութիւնները կատարելու»։
Անտեսելով լոպիիստներու վրայ դրուած արգելքը՝ ընկերակցիլ Քոնկրեսի անդամներուն արտասահմանեան այցելութիւններուն ընթացքին, Հասթըրթ, Կեփհարթ, Ռապըրթ Մենկաս, Ճենիս Օ՛քանըլ եւ Կասպիական խումբի անյայտ լոպիիստ մը, Քոնկրեսի պատուիրակութեան միացան Թուրքիոյ մէջ: Կոլտմեչըր կը բացատրէ, որ «Թուրքիա կատարուած այցելութիւնը հաստատուած էր համաձայն 1961 թուականի օրէնքին՝ Երկկողմանի կրթական եւ մշակութային փոխանակում, որ կարելիութիւն կու տայ օտար կառավարութիւններուն Քոնկրեսի անդամներն ու անոնց աշխատակիցները փոխադրել արտասահման, եթէ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաստատած է տուեալ երկիրները իբրեւ «մշակութային փոխանակումներու» ծիրին պատկանող: Շուրջ 60 երկիր ունի նման թոյլտուութիւն»: Ատրպէյճանն ու Թուրքիան այդ երկիրներու շարքին են, իսկ Հայաստանը՝ ոչ: Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է անհրաժեշտ քայլերու ձեռնարկէ Հայաստանը այդ ծրագիրին մէջ ընդգրկելու համար:
«Նեշընըլ ճըրնըլ» պարբերականը նաեւ կը յայտնէ, որ «Թուրքիոյ սատարող ոչ շահութաբեր բազմաթիւ կազմակերպութիւններ վճարած են քոնկրեսականներու ճամբորդութեան համար»: Այդպիսի յայտնի խումբերէն մէկը Ամերիկայի թրքական քոալիսիոնն է (TCA): Հետաքրքրական է, որ վերջինը իբրեւ ոչ շահութաբեր կազմակերպութիւն գործեր ծաւալելէ բացի, անոր նախագահը Լինքըլն ՄըքՔրտին «թրքամէտ քաղաքական գործիչներուն դրամ բաժնած է իբրեւ ընտրապայքարի կոմիտէի գանձապահ»:
«Նեշընըլ Ճըրնըլ» պարբերականի բացայայտումները կը հիմնաւորուին LegiStorm.com կայքի կողմէ, որ ուշադրութեամբ կը վերահսկէ քոնկրեսականներու ճանապարհորդութիւններն ու ելեւմուտքերուն: Ան կը բացայայտէ, որ 2000 թուականէն սկսեալ, դէպի Թուրքիա կատարուած են 615 քոնկրեսական այցելութիւններ, որոնց վրայ ծախսուած է 3.5 միլիոն տոլար, եւ որ վճարուած է ոչ շահութաբեր հետեւեալ կազմակերպութիւններուն կողմէ. Թուրքիոյ ամերիկեան ընկերներ, Ամերիկայի թրքական ընկերակցութիւններու խորհուրդ, Համաշխարհային խաղաղութեան միջդաւանական երկխօսութեան հիմնարկ, Պոլսոյ կեդրոն, Մերիլենտի երկխօսութեան հիմնարկ, Ամերիկայի թրքական ընկերակցութիւններու միջատլանտեան դաշնութիւն, «Փասիֆիքա» հիմնարկ, Ռումիի միջդաւանական երկխօսութեան համագումար, Ամերիկայի թրքական դաշինք, Թուրք-ամերիկեան առեւտուրի խորհուրդ, Ամերիկայի միջին արեւմտեան հատուածի թրքական դաշնութիւն, Ամերիկայի թրքական կոալիցիա, Թուրքիոյ գործարարներու եւ արդիւնաբերողներու փոխադարձ օգնութեան դաշինք, Նիւ Եորքի թրքական մշակութային կեդրոն, Թուրքիոյ արտաքին տնտեսական յարաբերութիւններու խորհուրդ եւ «Turquoise» ամերիկացիներու եւ եւրասիացիներու խորհուրդ:
Միայն 2013 թուականին 87 քոնկրեսականներ այցելած են Թուրքիա, անոնց վրայ ծախսուած է 640 հազար տոլար, նաեւ 36 ճամբորդութիւն դէպի Ատրպէյճան, որոնց վրայ ծախսուած է 262 հազար տոլար: Այդ նոյն ժամանակահատուածին ոեւէ քոնկրեսական չէ հովանաւորուած Հայաստան այցելելու: Միայն մէկ ուղեւորութիւն կազմակերպուած է դէպի Հայաստան եւ Արցախ Քալիֆորնիա նահանգի ներկայացուցիչներու եւ Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդի անդամներու համար, Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ՝ Հայաստանի հիւպատոսութեան հետ համատեղ:
Ակնյայտ է, որ նման ճամբորդութիւններու շնորհիւ Քոնկրեսի անդամները աւելի մեծ համակրանքով կը լեցուին զիրենք հիւրընկալող երկիրին նկատմամբ: Եթէ ամերիկահայ կազմակերպութիւնները եւ Հայաստանը չսկսին հովանաւորելու նման ճամբորդութիւններ, ապա Քոնկրեսի անդամները կրնան աւելի բարեացակամ դառնալ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հանդէպ, եւ աւելի նուազ սատարող Հայաստանին ու Արցախին:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
«Եռագոյն» կայքը