ԹԱՒՐԻԶ.- Սալմաստ գաւառի Փայաջուկ գիւղը ծնած վիպասան Րաֆֆիի կնոջ սեփական գրադարանին պատկանած «Խենթը» հատորը, Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեանին նուիրուեցաւ՝ տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Մարիլին Արշակունիներուն կողմէ, որոնք հատորը Լոս Անճելոսէն ուղարկեցին Ատրպատականի Ազգ. առաջնորդարան, անձնական բարեկամութիւն ունենալով թեմակալ առաջնորդին հետ:
Հնատիպ «Խենթը» հատորը երկրորդ տպագրութիւնն է, լոյս տեսած՝ 1890ին Մոսկուայի մէջ, Մկրտիչ Բարխուդարեանի տպարանէն: Գիրքի տիտղոսաթերթը ունի հետեւեալ բովանդակութիւնը. «Րաֆֆի – Խենթը – Արկածներ Վերջին Ռուս-Թուրքական պատերազմից- Ջալալէդդին- Մի Պատկեր Նրա Արշաւանքից – Երկրորդ Տպագրութիւն Մոսկուա – Տպարան Մկրտիչ Բարխուդարեանի 1890»:
Իր ամուսնոյն մահէն (1888) երկու տարի ետք երկրորդ հրատարակութեան արժանացած անոր «Խենթը» հատորը, վստահաբար մեծ մխիթարութիւն եղաւ Րաֆֆիի այրի կնոջ՝ Աննային, եւ անոր երկու զաւակներուն՝ Արամին եւ Արշակին համար:
Սոյն հնատիպ հատորի տիտղոսաթերթին վրայ գտնուող կնիքը, Աննայի անձնական գրադարանի կնիքն է, որ ունի հետեւեալ բովանդակութիւնը. «Այրի Աննա Րաֆֆի Մելիք Յակոբեան»: Ինչպէս կը տեսնուի, ամուսնոյն մահէն ետք ան պատրաստել տուած է այս կնիքը եւ անով կնքած իր սեփական գրադարանին գիրքերը, որոնց մէջ մեծ մխիթարութեամբ ու սիրով տեղադրած է նաեւ այս գիրքը՝ «Խենթը»:
Տէր եւ տիկին Արշակունիները սոյն գիրքը գնած էին Լոս Անճելոսի մէջ շաբաթավերջերուն մայթերու վրայ ցուցադրուող շարժուն շուկաներէն:
Գիրքը այժմ իր հանգիստը գտած է Րաֆֆիի ծննդավայր երկիրին եւ անոր պատկանած Ատրպատականի Հայոց պատմական թեմին մէջ, տեղ գրաւելով թեմակալ առաջնորդի սեփական գրադարանին գիրքերու շարքին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.