
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Ուրբաթ, 10 Յունուարի երեկոյեան Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան կազմակերպած գիրքի պատրաստութեան միջդպրոցական մրցանքին մասնակցած եւ առաջին երեք մրցանակներու ու յիշատակութեան արժանացած գրութիւններու եւ նկարներու գիրքի շնորհահանդէսը:
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն՝ յայտնելով, որ 3րդ տարին ըլլալով կազմակերպուող այս մրցանքը իր շուրջ համախմբեց 7-10րդ դասարաններու աշակերտները՝ զանոնք մղելով գրելու, գիրք պատրաստելու, հայ գիրին ու գիրքին նկատմամբ սէր ունենալու, գիտակցելու անոնց արժէքին ու կարեւորութեան: Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց աշակերտներուն, ուսուցիչներուն, դատական կազմի անդամներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան այս աշխատանքի իրականացման մէջ: Յ. Հաւաթեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Ազգային առաջնորդարանի «Սեպուհ Շահպազեան» ֆոնտին՝ յանձին Յարութ Շահպազեանի, որ ստանձնած էր գիրքի հրատարակութեան ծախսերը: Ան դիտել տուաւ, որ այս գիրքը՝ նոր սերունդի գրիչէն ծնունդ առած, պիտի ըլլայ անթառամ ծաղիկ մը վաղամեռիկ Սեպուհ Շահպազեանի յիշատակին: Իր խօսքի աւարտին ան հաստատեց, որ Համազգայինի հրատարակչատունը պիտի շարունակէ այս մրցանքը՝ տեղեկացնելով, որ 2014ի նիւթը պիտի ըլլայ՝ «Հայ աշակերտը Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդառաջ»:
Ապա դատական կազմին անունով խօսք առաւ Սարգիս Նաճարեան. ան հաստատեց, որ այս նախաձեռնութիւնը ինքնանպատակ չէ, այլ կը բխի մեր ազգային մտահոգութիւններէն, թելադրուած է մեր հայեցի դաստիարակութենէն: Ան դիտել տուաւ, որ մեր մայրենիի պահպանումը ինքնութեան կարեւորագոյն հիմնասիւներէն է՝ ազգային արժէքներու գիտակցութեան տէր սերունդներու թրծման կողքին, որովհետեւ անոնք պիտի ըլլան ապագան:
Հայկազեան համալսարանի տնօրէն վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան ողջունեց նման նախաձեռնութիւններ եւ աշխատանքներ, որոնք անպայման իրենց պտուղն ու արդիւնքը պիտի տան՝ ի շահ հայ ապագայ սերունդներու, հայ գիրի ու գրականութեան:
Աւարտին իր ողջոյնի խօսքը արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ գնահատանքով խօսեցաւ փոքրիկ հեղինակներուն գրիչէն ծնունդ առած գրութիւններուն եւ նկարներուն անդաստանը հանդիսացող այս հրատարակութեան մասին, որ կարեւոր սկիզբ է ապագայ կայուն սերունդներու կազմաւորման համար, քաջալերանք է մեծ ու ինքնավստահ քայլեր առնելու:
Անդրադառնալով «Սեպուհ Շահպազեան» ֆոնտի յատկացումին՝ առաջնորդ սրբազանը զայն նկատեց նոր սերունդին ընդմէջէն վաղամեռիկ մանուկին յիշատակը ապրեցնելու քայլ մը: