
Յունուար 19ին կ՛ամբողջանայ Հրանդ Տինքի սպանութեան եoթներորդ տարելիցը: Այս առիթով Յունուար 18ին, Անգարայի «Ալպա Անգարա Հոթել»ին մէջ Անգարայի Միտքի Ազատութեան կեդրոնը եւ Արեւմտահայոց Ազգային համագումարը կը կազմակերպեն ոգեկոչման ֆորում մը, նշելու համար մեծ մտաւորականին յիշատակը եւ անգամ մը եւս լուսարձակի տակ բերելու համար անոր կեանքն ու ժառանգութիւնը: Ֆորումի աշխատանքային լեզուները պիտի ըլլան հայերէնն ու թրքերէնը:
Հանրաճանաչ մտաւորականներ եւ մարդու իրաւունքներու գործիչներ միտքեր պիտի փոխանակեն Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութեան եւ Թուրքիոյ ժողովրդավարացման գործընթացին վերաբերեալ ինչպէս նաեւ համատեղ պիտի խորհին Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդառաջ ու անոր առընչուող պատմական, իրաւական եւ բարոյական խնդիրներու լուծման հեռանկարներուն մասին: