ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 2014ին Հայաստանի մէջ նպաստ պիտի ստանայ 104,700 ընտանիք: Համապատասխան որոշումը կառավարութիւնը քննարկած է իր 30 Յունուարի նիստին։
Ընդհանուր առմամբ՝ 2014ին ընտանեկան նպաստներ վճարելու համար կը նախատեսուի յատկացնել 37.1 միլիառ դրամ: Միաժամանակ, մինչեւ 2 տարեկան երեխաներուն թիւը, որոնց խնամքին համար նպաստ պիտի յատկացուի, 11.2 հազար է: Այդ նպատակով պիտի յատկացուի 2.4 միլիառ դրամ:
Որոշման նախագիծը ներկայացնող աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Արտէմ Ասատրեան խնդրած է քանի մը օր յատկացնել՝ փաստաթուղթը վերջնական ձեւի բերելու համար:
Հիմնական ընկերային նպաստը 16 հազար դրամ է: Երեխայի ծննդեան պարագային տրուած նպաստը կը կազմէ 50 հազար դրամ, առաջին դասարան ընդունուելու պարագային՝ 25 հազար դրամ, ընտանիքի անդամի մահուան պարագային՝ 50 հազար դրամ, մինչեւ 2 տարեկան երեխաներու խնամքին համար՝ 18 հազար դրամ:
Նշենք, որ 2013ի երկրորդ կիսամեակին, ըստ Հայաստանի ազգային վիճակագրական վարչութեան տուեալներուն՝ նուազագոյն պարէնային զամբիւղը կազմած է 31,876 դրամ, նուազագոյն սպառողական զամբիւղը՝ 56,420 դրամ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.