
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նախ յստակացում (ճշդումը աւելի տեղին է, բայց մեծամտութեան տուրք տալով՝ կը խուսափինք այդ բառէն) մը. Ժան Գոսագեանի հաշուարկներուն մէջ 315,000ը միայն Լոս Անճելըս գաւառի հայութեան թիւն է, այլ ոչ թէ Քալիֆորնիոյ: Երէկուան խոստումն ալ, թէ համայնքը միացնելու հարցին պատասխաններ պիտի առաջարկեմ, յաւակնոտութիւն կը բուրէ: Այնուամենայնիւ, փորձ մըն է, բաց է քննադատութեան եւ երկխօութեան:
Նախ եւ առաջ, քաղաքական կազմակերպութիւններուն վրայ կը դնեմ պատասխանատուութիւնը՝ համախմբման գործը գլուխ հանելու: Սփիւռքի մէջ պետական կառոյցներէ զուրկ ըլլալով՝ կուսակցութիւններուն վստահուած կը մնան համայնքի ղեկավարման, առաջնահերթութիւններու ճշդման, ուժերու կազմակերպման եւ ուղղորդման պատասխանատուութիւնները: Ուրեմն, բոլոր թերութիւններուն ու բացթողումներուն պատասխանատուութիւնը եւս կուսակցութեանց կ՛երթայ:
Ասկէ մեկնելով, համայնքի միաւորման հնարաւորութիւններու փնտռտուքը պիտի սկսի կուսակցութեանց գործունէութեան գնահատումով՝ այդ խնդիրին կապակցութեամբ:
Առաջին հերթին, կուսակցութիւնները իրենց գործով, այլ ոչ խօսքով, պէտք է ապացուցեն համայնքի զաւակներուն, թէ իրենք իսկապէս շահագրգռուած են միասնականութեան ստեղծումով, թէ իրենց համար համայնքի բոլոր զաւակները նոյնքան թանկագին են, նոյնքան գնահատելի, որքան իրենց անմիջական շրջանակի անդամները: Կուսակցութիւնները ինչպէ՞ս պիտի փոխանցեն այս պատգամը համայնքին… իրենց թափանցիկ, իրենց բաց գործունէութեամբ, իրենց փոխյարաբերութեանց ու գործակցութեան մակարդակի որակական բարձրացումով, իրենց բոլոր մտահոգութիւնները, առաջադրանքները, նպատակները, ծրագիրները եւ գործելակերպը ամէնէն պարզ ու հասկնալի ձեւով հասցնելով համայնքի բոլոր հատուածներուն՝ բոլոր ենթագաղութներուն:
Երկրորդ. եկեղեցին ու դպրոցը այնպիսի վայրեր են, որոնք համախմբելու բնական հնարաւորութիւններ կը ստեղծեն: Եկեղեցւոյ պարագային, կարեւոր կը դառնայ համայնքի զաւակները քաջալերել՝ մասնակից դառնալու ոչ միայն պատարագին ու ծէսերուն, այլեւ ծխական կեանքին, ծուխը ղեկավարելու պատասխանատուութեան:
Դպրոցներու պարագային, այսօրուան դրութեամբ, եթէ անոնք կրնան իրենց ծառայութիւնը մատուցել միայն նիւթական բարօր վիճակի մէջ եղողներու, նոյնիսկ ահագին զոհողութիւններով ու ճիգերով եթէ հնարաւոր դառնայ նաեւ որոշ տոկոս մը անապահով խաւի զաւակներու տեղ տալ, տակաւին կրթական այս օճախները մեր համայնքի բոլոր խաւերը նկատելի համեմատութիւններով ներգրաւելու վայրեր չեն յաջողած ըլլալ: Ուրեմն, պէտք է հայ աշակերտները համախմբող այլ ճանապարհներ փնտռել եւ ճանապարհի փնտռտուքի ընթացքին ըլլալ ստեղծագործ: «Չարթըր» դպրոցներու ցանցի մը ստեղծումը եւ աւելի մօտէն հանրային վարժարաններու մէջ «Իմըրժըն» (ներսուզման) ծրագիրի գործադրութեան հետեւիլը կրնան ճիշդ ուղղութեամբ կատարուած քայլեր ըլլալ:
Վաղը արդէն այս շարքին աւարտը կ՛աւետենք:
«Յստակացում»ն ալ պէտք է յստակել։ Յիշեալ յօդուածի հաշուարկումներով ԼԱ գաւառի հայ բնակչութիւնը պիտի ըլլայ շուրջ 445,000։ Նոյն ձեւով, եթէ ԱՄՆի հայութեան թիւը 1.2-1.3 միլիոն է, Գալիֆորնիոյ հայ բնակչութեան թիւը պէտք է ըլլայ 675,000, այսինքն այդ թիւի 54%-ը, նորէն նոյն աղբիւրի տուեալներով։ Թիւերէն ոմանք նոյնիսկ կրնան ստորագնահատուած ըլլալ եթէ նկատի առնենք, թէ ԱՄՆի մէջ քառամեայ համալսարաններու հայ ուսանողներու թիւը հոն կը հաշուուի 97,500, 9-12րդ դասարաններ՝ 65,000, 5-8րդ՝ 53,750, 1-4րդ՝ 51,250, իսկ մանկամսուր-մանկապարտէզ՝ 31,500։ Ինչ որ կը նշանակէ, թէ կա՛մ հայերու ծննդաբերութեան քառամեայ արդիւնքները մէկ երրորդի իջած են երկու տասնամեակի մէջ, կամ ալ փոքրագոյն զաւակներ ունեցող ընտանիքները շատ աւելի նուազ յայտարարած են իրենց հայկական պատկանելիութիւնը։ Որեւէ պարագայի, եթէ այս դիտարկումը չի տառապիր անուշադրութենէ, եզրակացութիւնը այն պիտի ըլլայ, թէ ընդհանուր թիւը աւելի բարձր ըլլալու է։