
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ փափաք յայտնած է հանդէս գալու յատուկ ուղերձով մը՝ Ուրբաթ, Փետրուար 21ին Փարիզի մէջ կայանալիք ու ֆրանսական դիմադրութեան շարժման ականաւոր գործիչ Միսաք Մանուշեանի եւ անոր 22 զինակիցներու գնդակահարման 70րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառման:
Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի նախագահ Մուրատ Փափազեան ըսած է, որ ուղերձով մը ձեռնարկին մասնակցելու նախաձեռնութիւնը Ֆրանսայի նախագահինն է: «Հոլանտ նկատած է, որ Մանուշեանի խորհրդանիշը բաւական հզօր է յատկապէս Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախաշեմին, եւ գնահատելով անոր դերակատարութիւնը՝ նախագահական պալատէն փոխանցեցին Հոլանտի մեծ ցանկութիւնը՝ մասնակցելու հանդիսութեան», ըսած է Փափազեան:
Փափազեան աւելցուցած է, թէ ֆրանսահայ համայնքը չի բացառեր, թէ ուղերձին մէջ Հոլանտ անդրադառնայ նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան ու անգամ մը եւս կոչ ընէ Թուրքիոյ՝ առեւերսուելու սեփական պատմութեան հետ: «Ան բազմիցս խօսած է այդ մասին, արտայայտած է իր դիրքորոշումը: Մէկէ աւելի անգամներ Ֆրանսայի նախագահը յայտարարած է, որ Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծը պէտք է կեանքի կոչուի: Ան այդ մէկը հաստատած է նաեւ Թուրքիոյ մէջ եւ չեմ զարմանար, եթէ Փետրուար 21ին, ան կրկին շեշտը դնէ այս կէտերուն վրայ», ըսած է Փափազեան՝ յոյս յայտնելով, որ յայտարարութիւններուն շուտով կը յաջորդեն գործնական քայլեր, որպէսզի մօտիկ ապագային Ֆրանսայի մէջ եւս դատապարտուին Ցեղասպանութիւնը ուրացողները:
Մանուշեանի եւ անոր 22 զինակիցներու գնդակահարման տարելիցին նուիրուած միջոցառումը ամէն տարի կը կազմակերպուի Ֆրանսայի հայ եւ հրեայ համայնքներու միացեալ ջանքերով՝ բռնագրաւեալ Ֆրանսայի մէջ նացիներու դէմ անոնց պայքարին յարգանքի տուրք մատուցելու նպատակով: Այս տարի, յարգանքի տուրքը առաջին անգամ ըլլալով պիտի մատուցուի նաեւ երկրի բարձրագոյն մակարդակով եւ պետական արարողակարգով:
Փետրուար 21ին, Ֆրանսայի նախագահին մասնակցութեամբ՝ Մանուշեանի խմբակի յիշատակին նուիրուած արարողութեան հետ սկիզբ պիտի դրուի նաեւ Ֆրանսայի մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի միջոցառումներու ծրագիրին:
Փափազեանն նշած է, որ համայնքը իր կարելին պիտի ընէ յառաջիկայ մէկ տարուան ընթացքին, որպէսզի Ֆրանսայի մէջ բոլորը խօսին Հայկական Ցեղասպանութեան մասին:
Is not justice without the truth. And the truth no body can deny.(But the Turks can?)