ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայ ոստիկանները 19 Փետրուարին՝ գիրք նուիրելու օրը, հանրապետութեան մարզերու ու մայրաքաղաքի դպրոցներու գրադարաններուն նուիրած են 12 հազար գիրք, որուն 2500ը՝ ծերանոցին:
Ոստիկանութեան մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, որ այդ օրը ոստիկանները այցելած են Երեւանի թիւ 105 դպրոց: Ոստիկաններուն նուիրած գիրքերը տեղ գտած են նաեւ թիւ 29 աւագ դպրոցի գրադարանին մէջ: «Ոստիկանութեան հետ մեր սերտ համագործակցութիւնը նոր չէ, մեր համագործակցութիւնից շահում է դպրոցը, շահում են երեխաները», ըսած է կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան հանրակրթութեան վարչութեան պետ Նարինէ Յովհաննիսեանը: Իսկ դպրոցի տնօրէնն ու աշակերտները հաստատած են, որ անչափահասները միշտ ալ յատուկ ուշադրութեան եւ գուրգուրանքի արժանացած են ոստիկանութեան կողմէ։
Ոստիկանութեան ուշադրութենէն չէ վրիպած նաեւ Նորքի ծերանոցը: Տարեցները իրենց հիւրերը լաւապէս կը ճանչնան, արդարեւ, յաճախ կ՛արժանանան անոնց հոգատար վերաբերմունքին, հաճելի անակնկալներուն: Այս այցելութենէն յուզուած են ծերերը. գիրք կարդալ անհրաժեշտ է բոլորին, բայց իրենց տարիքին եղողներուն համար ատիկա ամէնէն լաւ զբաղումն է։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.