
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- 102 տարիքին, Փետրուար 16ին, իր մահկանացուն կնքեց յարգուած ազգային բարերարուհի Էլիանոր Տիգրանեանը: Հանգուցեալը այրին էր ազգային բարերար Արշակ Տիգրանեանի: Այս ամոլը երկար տարիներ զանազան միջոցներով օգտակար հանդիսացած է Ս. Էջմիածինին, Արեւմտեան թեմին, հայ վարժարաններու եւ ազգային հաստատութիւններու:
Տիգրանեանները բարերարներն են Հոլիվուտի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ Հայց. եկեղեցւոյ կից կառուցուած Թէքէեան Մշակութային Միութեան Արշակ Տիգրանեան վարժարանին: Անոնք բարերարութիւն կատարած են թեմիս նախկին առաջնորդարանի (Հոլիվուտ) գնման առթիւ, իսկ Պըրպենքի ներկայ համալիրը կը կոչուի «Տիգրանեան» համալիր՝ շնորհիւ իրենց կատարած իշխանավայել նուիրատուութեան:
Թաղման Տան կարգը պիտի կատարուի Կիրակի, Փետրուար 23ի երեկոյեան ժամը 7ին, Լոս Անճելըսի Սուրբ Յակոբ Հայց. եկեղեցւոյ մէջ, իսկ Եկեղեցւոյ կարգը պիտի կատարուի նոյն եկեղեցւոյ մէջ՝ Երկուշաբթի, Փետրուար 24ի առաւօտեան ժամը 10:30ին, որուն պիտի յաջորդէ Թաղման կարգը: Փոխան ծաղկեպսակի, նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Արշակ Տիգրանեան վարժարանին:
Էլընոր Զաքարեան ծնած է Քալիֆորնիոյ Սելմա քաղաքը եւ զաւակն է Արշաւիր եւ Վարսենիկ Զաքարեաններուն, որոնք գաղ-թած էին Էրզրումէն եւ Տրապիզոնէն: 1932ին, ան կ՛ամուսնանայ Արշակ Տիգրանեանի հետ, որուն հետ մեծ յաջողութիւններու կը հասնի. անոնք նաեւ գործօն մասնակցութիւն կը բերեն հայ համայնքի բարգաւաճման աշխատանքներուն: Էլընորի ծն-նդեան 100ամեակին առթիւ, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի բարեխօսութեամբ, Գարեգին Բ. կաթողիկոս Օրհնութեան եւ շնորհաւորական յատուկ գիր մը յղած էր: Տիգրանեաններուն դուստրերը՝ Սինթիա եւ Քեն Նորեան ու Լորըլ եւ Ուոլթըր Գարապեան ընտանիքները, եւս երկար տարիներէ ի վեր նուիրեալ ծառայութիւն կը մատուցանեն Արեւմտեան թեմին եւ իշխանավայել նուիրատուութիւններ կը կատարեն ի նպաստ թեմի մշակած ծրագիրներուն: