ԵՐԵՒԱՆ, «Ապառաժ».– Արցախի մէջ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 123ամեակի պաշտօնական նշման առիթով Բեկորի յուշաքարին մօտ տեղի ունեցաւ երդման եւ խոստման արարողութիւն: Խումբ մը ընկերներ համալրեցին ՀՅԴի Արցախի երիտասարդական միութեան շարքերը:
Յատկանշական է, որ ընկերները երդուեցին Արցախի «Անտառ» կոմիտէի առաջին դրօշին վրայ, զոր 1989ին Հրայր Մարուխեան նուիրած էր ՀՅԴ Արցախի կառոյցին:
Դրօշակին վրայ տարիներու ընթացքին երդում տուած են տասնեակ ընկերներ, որոնց կարգին՝ Աշոտ Բեկոր, Վաղարշակ Առուշանեան, Արկադի Կարապետեան, Թելման Յարութիւնեան եւ այլն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.