
ՊԵՐԼԻՆ.- Գերմանիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Վահան Յովհաննիսեան ընդունած է երկրի նախագահ Եոաքիմ Կաուքի կողմէ՝ հաւատարմագիրներու յանձնման նպատակով:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի վարչութեան կողմէ փոխանցուած լուրերուն համաձայն՝ Պելեւիւ նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած զրոյցին ընթացքին նախագահ Կաուքը եւ դեսպան Յովհաննիսեան քննարկած են երկու երկիրներուն միջեւ ընթացող աշխոյժ քաղաքական երկխօսութեան, միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ համագործակցութեան սերտացման, գիտակրթական եւ մշակութային կապերու առաւել զարգացման, իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնման եւ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման առնչուող շարք մը հարցեր:
Շնորհաւորելով դեսպանը՝ նախագահ Կաուք յոյս յայտնած է, որ Վահան Յովհաննիսեան իր փորձառութիւնն ու գիտելիքները պիտի ներդրէ՝ ի նպաստ հայ-գերմանական յարաբերութիւններու զարգացման:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ Հայաստանի դեսպանը վստահեցուցած է, որ ինք ջանք պիտի չխնայէ երկկողմանի յարաբերութիւններու խորացման եւ ամրապնդման ուղղութեամբ: