
ԵՐԵՒԱՆ.– 21 Փետրուարին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ տեղի ունեցած է ընդլայնուած խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին ամփոփուած են ձմեռնային զօրակոչի արդիւնքները, վեր առնուած են զօրակոչի ընթացքին արձանագրուած առողջական ոլորտին առնչուող խնդիրները, ուրուագծուած են անոնց լուծման յստակ ուղղութիւններ:
Ընդլայնուած խորհրդակցութեան, զոր վարած են Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը եւ առողջապահութեան նախարար Դերենիկ Դումանեանը, մասնակցած են Հայաստանի զինուած ուժերու ղեկավարման մարմինի պետ զօր. Եուրի Խաչատուրովը, պաշտպանութեան նախարարի եւ բանակի ղեկավարման մարմինի պետի տեղակալները, վարչութիւններու պետեր, զօրակոչի գործընթացին մէջ ներգրաւուած կառոյցներուն պատասխանատուներ, Կեդրոնական բժշկական յանձնաժողովի անդամները, առողջապահութեան ոլորտի ներկայացուցիչներ:
Ողջունելով խորհրդակցութեան մասնակիցները՝ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը ընդգծած է, որ կայացած ձմեռնային զօրակոչը առանձնայատուկ էր իր բնոյթով, քանի որ առաջին անգամ ըլլալով գործադրուեցաւ վիճակահանութեան սկզբունքը, ինչ որ մեծապէս նուազեցուց փտածութեան դրսեւորումները: «Այս տարի նորամուծութիւն էր նաեւ յանձնաժողովում իրաւապահ եւ վերահսկող մարմինների ներկայացուցիչների ընդգրկումը, ինչը տարբեր ոլորտներում թերութիւններն աւելի արագ յայտնաբերելու հնարաւորութիւն ընձեռեց», նշած է Ս. Օհանեան։
Առողջապահութեան նախարարը իր խօսքին մէջ նշած է, որ յառաջիկայ զօրակոչին ընթացքին զօրակոչիկները անվճար կերպով պիտի ենթարկուին նաեւ սոնոկրաֆիք հետազօտութիւններու, ինչ որ մեծապէս պիտի աւելցնէ բժշկական քննութեան արդիւնաւէտութիւնը: «Բացի դրանից՝ Կենտրոնական հաւաքակայանում նախկինում իրականացուող կանխարգելիչ պատուաստումներն այսուհետ կ՛իրականացուեն մինչ զօրակոչը՝ քաղաքացիական բուժհաստատութիւններում», յայտնած է ան։
Խորհրդակցութեան ընթացքին զեկոյցներով եւ ելոյթներով հանդէս եկած են զօր. Լ. Մնացականեանը, գնդապետ Հ. Մուրադեանը, Կեդրոնական բժշկական յանձնաժողովի անդամները: Ներկայացուած են ձմեռային զօրակոչին ընթացքին արձանագրուած թերութիւնները եւ խնդիրները, բացթողումները շտկելու առնչութեամբ կատարուած են առաջարկներ։
Շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն՝ խորհրդակցութեան ընթացքին դրսեւորած աշխուժութեան, ինչպէս նաեւ ձմեռնային զօրակոչը պատշաճ կերպով կազմակերպելուն համար, Ս. Օհանեան համոզմունք յայտնած է այն մասին, որ յառաջիկային կազմուելիք աշխատանքային յանձնաժողովը պիտի ուսումնասիրէ ներկայացուած առաջարկները, եւ երկու նախարարութիւններու ղեկավարներուն քննարկման պիտի ներկայացուի բարձրացուած խնդիրները լուծելու կոչուած ամբողջական եւ ընդգրկուն առաջարկներու թղթածրար մը:
Խորհրդակցութիւնը եզրափակուած է Հայաստանի պաշտպանութեան եւ առողջապահութեան նախարարութիւններու միացեալ յանձնաժողովի ստեղծման վերաբերող համաձայնագիրի ստորագրութեամբ։