ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Մարտ 5ին մեր ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը հայ միտքի եւ գրականութեան հսկաներէն Թէոդիկի (Թէոտորոս Գրիգորի Լէպճինճեան), որ ապրեցաւ եւ գործեց հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան ամէնէն բախտորոշ ժամանակաշրջանին՝ դառնալով արժանահաւատ վկան հայոց նահատակութեան, յարութեան եւ վերապրումին:
Հայոց Ցեղասպանութեան անմարդկային ահաւորութիւնն ու պետական կանխամտածուած Ոճիրին տարողութիւնը Թէոդիկ իր աչքերով տեսաւ եւ անձամբ խորաչափեց: Ամբողջ հայ ազգի նահատակութեան անլռելի վկան հանդիսացաւ Թէոդիկ, որ 1919ին լոյս ընծայած իր «Յուշարձան Ապրիլ Տասնմէկին (24ին)» հանրագիտական գործով՝ անուն առ անուն, հակիրճ կենսագրականներով ու արժեւորման վկայութիւններով, պատրաստեց ու հայոց վերապրող սերունդներուն եւ հանուր մարդկութեան յանձնեց վաւերագրութիւնը նահատակ հայ ժողովուրդի անճիտուած մտաւորական սերուցքին:
Մարմնացած կենդանի հանրագիտարանի շնչող ու կենսունակ տիպարը եղաւ Թէոդիկ, որ 1907էն սկսեալ մինչեւ 1928 իր հրատարակած «Ամէնուն Տարեցոյցը» անուն տարեգիրքերու հարուստ շարքով՝ ոչ միայն հիմնադիրը դարձաւ հայ կեանքի եւ հոգեմտաւոր երկունքի տարեգրութիւնն ու ամէնամեայ արգասիքը խտացնող գրական-հրապարակագրական բնագաւառին, այլեւ՝ հանդիսացաւ հայոց «ամէնուն» միտքի եւ հոգիի ծարաւը յագեցնելու առաքելութեան լծուած մեծարժէք ռահվիրան:
Պատահական չէ, որ վերջին տասնամեակին ամէնուր, վերանկախացեալ Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռքի մերձաւոր թէ հեռաւոր գօտիները, Թէոդիկի նորովի յայտնագործման եւ վերարժեւորման ընդհանուր շարժում մը թափ առած է. կը վերահրատարակուի «Ամէնուն Տարեցոյցը» շարքը, թուրք այլախոհը հայերէն բնագիրով եւ անոր կցուած թրքերէն թարգմանութեամբ լոյս կ՛ընծայէ Թէոդիկի «Յուշարձան Ապրիլ Տասնմէկին (24ին)» գործը, իսկ հայ մտաւորականութիւնը լուսարձակի տակ կը բերէ խորիմաց բանասէրի եւ բանահաւաքի Թէոդիկեան ժառանգութիւնը:
Հայ միտքի եւ մշակոյթի, գրականութեան եւ մամուլի երբեմնի ճառագայթող կեդրոնի՝ Հայկական Պոլսոյ հարազատ ու արժանաւոր ներկայացուցչական դէմքերէն էր Թէոդիկ: Ծնած էր Սկիւտար, 5 Մարտ 1873ին: Յաճախած էր Սկիւտարի Ճեմարանը, ապա՝ Պէրպէրեան վարժարանը եւ աւարտած էր Պոլսոյ ամերիկեան «Ռոպերթ» քոլեճը: Վաղ հասակէն սկսած էր կանոնաւորաբար աշխատակցելու իր ժամանակի պոլսահայ թերթերուն («Ծաղիկ», «Հանրագիտակ», «Մանզումէի Էֆքիար», «Սուրհանդակ» եւ այլն), գործածելով տարբեր գրչանուններ՝ Մոդոթէ, Մտոստիկ, Թէոդիակ եւ Թ. Ա.:
Սկզբնական շրջանի իր հրապարակումները ունեցած են ուղեգրական տոմսերու, նորավէպերու եւ դիմաստուերներու ներկայացման բնոյթ: Առանձին հատորով լոյս տեսած առաջին գործերէն եղած է «Ճանչուոր Դէմքեր» խորագիրով դիմաստուերներու շարքը: Իր նորավէպերը («Շան Խիղճը», «Շրթունք Շրթունքի» եւ այլն) 1912ին ամփոփուեցան եւ հրատարակուեցան «Կաղանդ» անունով:
1905ին, «Պոլսոյ Հայեվարը» խորագիրով բանասիրական իր անտիպ աշխատասիրութիւնը արժանացաւ ատենի հեղինակաւոր «Իզմիրեան» գրական մրցանակին: Հայ գիրերու ստեղծման եւ տպագրութեան պատմութեան է նուիրուած 1912ին լոյս տեսած Թէոդիկի «Տիպ Ու Տառ» մեծարժէք ուսումնասիրութիւնը:
Բայց Թէոդիկի կոթողական նուաճումը եղաւ 1907ին իր ձեռնարկած «Ամէնուն Տարեցոյցը», որ ունեցաւ հրատարակութեան երկու շրջան. առաջինը տեւեց մինչեւ 1915, երբ տարեգիրքի այդ տարուան համարի հրատարակութենէն ետք Թէոդիկ իր կարգին ձերբակալուեցաւ եւ աքսորուեցաւ. հրատարակութեան երկրորդ շրջանը վերսկսաւ Առաջին աշխարհամարտի աւարտին հետ եւ շարունակուեցաւ մինչեւ իր մահը՝ 1928ին նախ Պոլսոյ մէջ (մինչեւ 1923ին իր վերջնական հեռացումը Թուրքիայէն), ապա՝ Փարիզ, ուր հաստատուեցաւ եւ գործեց հայ միտքի ու գրականութեան այս երախտաւորը:
Առանձին ուշադրութեան եւ յուշատետրի արժանի է Թէոդիկի մազապուրծ փրկութիւնը թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութենէն: Մ. Աղանալեանի վկայութեամբ՝ դէպի Տէր Զօր աքսորի ճամբուն վրայ, Թէոդիկ ազատագրուած է հայ մարտիկներու խումբի մը կողմէ: Օտար անձնաթուղթով ընդյատակեայ կեանք ապրած է մինչեւ Աշխարհամարտի աւարտը՝ իբրեւ բանուոր աշխատելով Տաւրոսեան թունելախորշի ռազմական շինարարութեան մէջ:
Զինադադարէն ետք թափ առած պոլսահայ զարթօնքի վերջին ճառագայթումին դրօշակիրը եղաւ Թէոդիկ: Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումն ու հայոց պետականութեան կերտումը ոչ միայն խանդավառութեան անսպառ աղբիւր մը դարձան Թէոդիկի եւ իր սերունդի վերապրող մտաւորականութեան նորովի երկունքին համար, այլեւ՝ ազգային-քաղաքական յանձնառու գործունէութեան մղեցին Թէոդիկին: Յաջորդաբար գրեց եւ հրատարակեց «Յուշարձան»ը, «Զուլումը Եւ Մեր Որբերը» (1920ին) եւ «Գողգոթա» երկերը (վերջինը լոյս տեսաւ յետմահու՝ 1966ին): Աշխոյժ մասնակցութիւն բերաւ Մեծ Եղեռնէն ետք վերահրատարակուած պոլսահայ մամուլին՝ «Ժամանակ», «Ժողովուրդ» եւ «Վերջին Լուր» թերթերուն:
1923ին, Փարիզ հաստատուելէ ետք ալ Թէոդիկ նոյն թափով շարունակեց իր աշխոյժ գործունէութիւնը, պահպանեց «Ամէնուն Տարեցոյցը» եւ վերապրող վկան ու անլռելի ձայնը եղաւ հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանական մեծ ոճիրին:
Թէոդիկի մեծութիւնը կը կայանայ նախ իր ժամանակի հայ կեանքին մեծ ու փոքր իրադարձութիւններն ու խնդիրները մանրամասն հետազօտելու, տեղեկագրելու եւ գալիք սերունդներուն իբրեւ ազգային յիշողութիւն ու ժառանգութիւն կտակելու մտաւորականի արժանաւորութեան մէջ:
Թէոդիկի մեծութիւնը ապա, եւ յատկապէս, կը կայանայ հայ միտքի եւ մշակոյթի, հայ գրականութեան ու արուեստներու ժամանակակից տաղանդները, Դանիէլ Վարուժանէն մինչեւ Կոմիտաս վարդապետ եւ Հրաչեայ Աճառեան, իր տարեգիրքին շուրջ հաւաքելու, անոնց ստեղծագործական եւ մտաւորական կենսունակութիւնը խրախուսելու արժանիքին մէջ:
«Ամէնուն Տարեցոյց»ի հանրագիտակ եւ իմաստուն մտաւորականին՝ Թէոդիկի գաղափարներու աշխարհով վերանորոգուելու առիթ մը թող ըլլայ անոր ցիրուցան միտքերէն կազմուած հետագայ ծաղկաքաղին ընթերցումը.
– Հայ նշանաւոր ճարտարապետներու երեք հարիւրամեայ գերդաստանի ներկայացուցիչներից մէկը՝ Յակոբ Պալեանը (1838 -1874) սովորութիւն ունէր շաբաթական աւելցնելու ռոճիկն իր այն գործաւորին, որն իր հետ խօսած ատեն յաջողէր օտար բառեր չգործածել: («Ամէնուն Տարեցոյց», 1921 թուական, էջ 262):
– Գաղափարները ոլորուած մագաղաթներ են. խօսակցութիւնն է, որ կը բանայ զանոնք:
– Գաղափարներ ստանալը կը նմանի ծաղիկներ քաղելուն, իսկ խորհիլը՝ ծաղկեփունջ կազմելուն:
– Ուր որ տեսնէք կարգապահութիւն՝ առանց վիշտի, խաղաղութիւն՝ առանց գերութեան եւ լիութիւն՝ առանց շռայլութեան, գիտցէք, որ հոն երջանիկ էակ մըն է, որ կը կառավարէ:
– Պետութիւն մը որքան ապականուի՝ այնքան օրէնքները կը շատնան:
– Զինուորներու դիակները գերագոյն պատուանշաններ են, զորս մայրեր, քոյրեր, այրիներ եւ որբեր արցունքով կը կախեն իրենց Հայրենիքին կուրծքէն՝ անոր մշտնջենաւոր փառքին համար:
– Վախկոտը վտանգէն առաջ կը վախնայ, վատ մարդը՝ վտանգի ժամանակ, իսկ քաջը՝ վտանգէն յետոյ:
– Գայլերուն պատերազմը գառնուկներուն խաղաղութիւնն է:
– Դրամին ի՛նչ ըլլալը եթէ գիտնալ կ՛ուզես՝ աշխատէ փոխ առնել:
– Շահը բարեկամութեան գերեզմանն է:
– Երբ խնդիրը շահու վրայ է՝ կովերն անգամ արծիւներ կը դառնան:
– Վայելքը երջանկութեան թշուառութիւնն է, իսկ յոյսը՝ թշուառութեան երջանկութիւնը:
– Հաճոյքը յիմարներու երջանկութիւնն է, իսկ երջանկութիւնը՝ իմաստուններու հաճոյքը:
– Կուզե՞ս յաղթել մոլուցքներուդ. մի՛ կռուիր անոնց հետ, փախչի՛ր:
– Հանճարը ստեղծողն է, իսկ ռամիկը՝ ստեղծագործողը:
– Վիշտերը կտակներու նման են՝ ամենավերջինը կ՛ոչնչացնէ նախորդները:
– Անթերի գեղեցկութիւնը զտ-ուած ջուր մըն է, որ… համ չունի:
– Մրջիւնի բնակարանին մէջ ջրհեղեղ է ցօղը:
– Ժամացոյցը կեանքի խարտոցն է:
– Աստուած եթէ ագռաւի ձայնը լսէր՝ վարդավառին ձիւն կու գար:
Nazo, lav hotvadz e. Hima ur es yev inch gnes? Yes yergu dari e Hayasdan poxatrvadz em.
Ohan