
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Սօն Տաքիքա» կայքը արձագանգ հանդիսացած է Իսրայէլէն հասնող լուրի մը, որուն համաձայն՝ Իսրայէլի իշխանութիւնները քննադատուած են «Հաարեց» թերթի աշխատակից, նախկին կրթական նախարար Եոսի Սարիտի կողմէ, որ գրած է, թէ կառավարութիւնը Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը օրակարգէն դուրս մղած է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն պատճառով:
«Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի կողմէ մեր հասցէին կատարուած զրպարտութիւններէն առաջ, մենք Հայկական Ցեղասպանութիւնը միշտ կ՛ուրանայինք։ Երբ ես հայկական եկեղեցի մը այցելեցի ու կողմնակից եղայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու առաջարկներու, Շիմոն Փերեզ եւ Էհուտ Պարաք զիս կանչեցին ու յանդիմանեցին՝ ըսելով, որ Իսրայէլին շահերը չմոռնամ։ Ասիկա սկզբունքներու երկիր չէ, այլ շահերու երկիր է», գրած է Սարիտ։