
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ինչպէս կ՛ակնկալուէր, տարաբախտ Պերքին Էլվանի յուղարկաւորութիւնը Չորեքշաբթի, Մարտ 12ին կատարուեցաւ ոչ միայն Ֆերիգիւղի շրջագիծով, այլ՝ բովանդակ երկրի մակարդակով։ Ամբողջ երկիրը ոտքի ելած էր հողին յանձնելու համար այս անբախտ պատանին, որ հիմա խորհրդանշանը դարձած է «Կեզի» հանրապարտէզի ցոյցերուն ընթացքին զոհուածներուն։ Մամուլը կը նշէ, թէ Պոլիս քաղաքը կատարեց՝ Հրանդ Տինքի յուղարկաւորութենէն ետք իր երկրորդ ամէնէն մարդաշատ յուղարկաւորութիւնը։ Կարելի չէ ենթադրել, թէ քանի՞ հոգի մասնակցեցաւ յուղարկաւորութեան, մանաւանդ՝ յուղարկաւորութենէն ետք ծագած կռիւներուն, որոնք պատերազմի դաշտ դարձուցին Գուրթուլուշ, Ֆերիգիւղ եւ Օսմանպէյ փողոցները։ Հասկնալի էր այն ընդվզումը, զոր ամբողջ ժողովուրդ մը կը ցուցաբերէր Էլվանի մահուան առիթով, որովհետեւ պարագան յուզիչ էր եւ կար հացի պատմութիւն մը, որ առաւել եւս ցնցիչ կը դարձնէր Պերքին Էլվանի մահը։ Էլվան, ըստ հաղորդուած լուրերուն՝ իր վիրաւորուած օրը հաց առնելու համար փողոց ելած էր, իսկ քաղաքագէտները անմիջապէս օգտագործած են զգացական այս առիթը։ Արդարեւ, քաղաքագէտ մը իր ճառախօսութեան ընթացքին, ամպիոնին վրայ հաց մը դրած ու ըսած է, որ անոր համար մեռած էր Էլվան։
Էլվան ալաուի մըն էր: Անոր յուղարկաւորութիւնը սկսաւ Օքմէյտանի ալաուիներու աղօթատեղիէն։ Դէպի աղօթատեղի գացող բոլոր փողոցները լեցուած էին։ Դագաղը դժուարութեամբ կը յառաջանար դէպի Ֆերիգիւղի գերեզմանատունը։ Յուղարկաւորները զանազան լօզունգներ կ՛արձակէին՝ բացագանչելով «Պերքին Էլվան անմահ է»։ Հազարաւորներ դագաղին ետեւէն քալեցին դէպի գերեզմանատուն՝ «ոճրագործ» անուանելով վարչապետ Էրտողանն ու միւս քաղաքագէտները։ Ոմանք կը յարձակէին իշխող կուսակցութեան ընտրական որմազդներուն ու դրօշակներուն վրայ ու կը պատռէին զանոնք։ Որոշ ցուցարարներ կը խորտակէին հրշէջներու կառքը՝ ցոյցը դուրս բերելով իր բուն նպատակէն, որ էր՝ յարգանք ու սէր ցուցաբերել պատանի Էլվանին։
Ընդվզումի այս ցոյցը աստիճանաբար բախումներու վերածուեցաւ, ինչպէս նաեւ՝ կառավարութեան ու Էրտողանի դէմ համատարած բողոքի եւ հրաժարելու հրաւէրի։
Ցոյցեր կը կատարուէին նաեւ Անգարայի, Իզմիրի ու այլ քաղաքներու մէջ, ու յայտնի չէր, թէ ո՞վ կազմակերպած էր բովանդակ երկրին վրայ տարածուած այս բողոքի ցոյցերու շղթան, որուն ընթացքին առնուազն ցուցարար մը եւ ոստիկան մը սպաննուեցան, իսկ վիրաւորուեցան տասնեակներով ուրիշներ:
Իր կարգին, վարչապետ Էրտողան, ինչպէս ամէն օր, համակիրներու բազմութեան մը խօսք ուղղելով՝ դատապարտեց ընդդիմադիրները։ Ան այս անգամ գացած էր Մարտին ու դարձեալ խօսած «զուգահեռ պետութեան» մասին։
Այն պահուն, երբ երկիրի շարք մը փողոցները պատերազմի դաշտի վերածուած էին, Թուրքիոյ աւելի քան տասը պատկերասփիւռի կայանները ուղղակի հաղորդումով ցոյց կու տային… վարչապետ Էրտողանի ճառախօսութիւնը։