Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Մալարիա յունարէնով կը նշանակէ «վատ օդ»:
Մալարիան մակաբուծային (parasitic) բորբոքում մըն է, որ կը յատկանշուի հիմնականօրէն դողով եւ տենդով: Ուստի, կարելի է մալարիան հայերէնով կոչել «դողտենդ»: Հայկական բառարաններու մէջ յիշուած է «դողէրոցք-դողարուցք» որպէս ժողովրդային անուանում մալարիայի: Հետեւաբար, այս գրութեանս մէջ պիտի հայացնեմ մալարիան «դողտենդ»ով:
Մալարիան հայերէնով յաճախ կոչուած է նաեւ ճահճատենդ կամ ճահճային տենդ, որովհետեւ անիկա առաւելաբար կը տեսնուի ճահճային վայրերու մէջ:
Դողտենդը կը զարգանայ 4 տեսակ փլազմոտիւմ (plasmodium) կոչուած մակաբոյծներու (parasite) միջոցաւ, որոնք կը հարուածեն մարդ արարածը: Անոնք կը կոչուին P. Falciparum, P. Vivax, P. Ovale եւ P. Malarae:
Այս մակաբոյծներուն փոխանցումը վարակուած անձէ մը առողջ անձի մը կը կատարուի անօֆիլիս (anopheles) կոչուած մժեղի լորձունքին միջոցաւ:
Գոյութիւն ունին 20 տարբեր տեսակի անօֆիլիս մժեղներ, որոնք կը խայթեն ընդհանրապէս գիշեր ատեն եւ կ՛ապրին խոնաւ ու ճահճային վայրեր:
Դողտենդը կը փոխանցուի նաեւ յղի կնոջմէն իր սաղմին եւ վարակուած անձի մը արեան փոխներարկումով (transfusion) առողջ անձի մը:
Դողտենդը վարակիչ եւ մտահոգիչ հիւանդութիւն մըն է: Համաշխարհային առողջապահական կազմակերպութիւններու տեղեկագրութիւններուն համաձայն՝ ամբողջ աշխարհի տարածքին 300 միլիոնէ աւելի մարդիկ կը վարակուին ամէն տարի եւ 1-2 միլիոն մահեր կը պատահին: Մահացողներուն մեծամասնութիւնը անչափահասներ են: Անիկա տեղաճարակ (endemic) հիւանդութիւն մըն է Ափրիկէի մէջ, հարաւային Ասիոյ, կեդրոնական եւ հարաւային Ամերիկայի երկիրներու մէջ:
Դողտենդը կը հարուածէ բոլոր մարդկութիւնը, բայց առաւելաբար՝ երեխաները, յղի կիները, տկար դիմադրողականութիւն ունեցողները, մարդկային դիմադրողականութեան անբաւարարութեան ժահր (HIV) ունեցողները, ընկալուած դիմադրողականութեան անբաւարարութեան համախտանիշ (AIDS) ունեցողները եւ դողտենդի տեղաճարակ վայրեր ճամբորդող առողջ անհատներ: Անշուշտ որ անիկա առաւելաբար կը տեսնուի ճահճային վայրերու մէջ եւ ուր որ անօֆիլիս մժեղները կ՛ապրին:
Ի՞նչ ձեւով կը յառաջանայ դողտենդը.
Անօֆիլիս մժեղը կը խայթէ դողտենդէ վարակուած անձ մը եւ կը ծծէ անոր արիւնը, որ կը պարունակէ բլազմոտիում մակաբոյծները: Յաջորդ 1-2 շաբաթներուն ընթացքին մակաբոյծները կը բազմապատկուին մժեղին մէջ եւ կ՛արտադրեն վարակիչ փլազմոտիում բջիջները: Երբ այս մժեղը առողջ անհատ մը կը խայթէ իր մէջ ունեցած վարակիչ բլազմոտիում բջիջները կը փոխանցէ անոր: Վարակիչ բջիջները կը մտնեն առողջ մարդուն արեան շրջագայութեան մէջ եւ կը հասնին լեարդ ու կը վարակեն լեարդին առողջ բջիջները: Վարակիչ բջիջները լեարդին մէջ կը հասուննան, կը ծաւալին եւ կ՛արտադրեն հազարաւոր նոր բջիջներ, որոնք 2-3 շաբաթներու ընթացքին ետ կը մտնեն առողջ մարդուն արեան շրջագայութեան մէջ, ուր կը հարուածեն կարմիր գնդիկները եւ կը ներխուժեն անոնց մէջ: Հոն՝ փոփոխութիւններու կ՛ենթարկուին եւ կը մեծնան: 48 ժամ ետք կարմիր գնդիկները կը բացուին եւ փոփոխութեան ենթարկուած մակաբոյծները ազատօրէն կը շրջագային արեան մէջ ու կը յարձակին ուրիշ առողջ կարմիր գնդիկներու վրայ: Այս հանգրուանին կը սկսին դողտենդի ախտանշանները: Վարակող բջիջներէն մաս մը կ՛ապրի լեարդին մէջ ամիսներ եւ տարիներ առանց դողտենդի յայտնաբերումին:
Առաջին վարակումէն ետք անհատը կ՛ունենայ մասնակի եւ ժամանակաւոր դիմադրողականութիւն: Տեղաճարակ շրջաններէ վերադարձողներ քանի մը ամիս կ՛ունենան որոշ դիմադրողականութիւն:
Դողտենդը կը բնորոշուի հետեւեալ ախտանշաններով.
1. Պարբերական, կրկնովի եւ զօրաւոր տենդային նոպաներ.
2. Դող եւ քրտինք.
3. Հետզհետէ աճող արիւնալուծային սակաւարիւնութիւն (he-molytic anemia),
4. Փայծաղի (spleen) ծաւալում.
5. Լեարդի ախտահարում եւ դեղնախտ (jaundice):
Դողը եւ ջերմը կը պատահին այն հանգրուանին, ուր վարակուած կարմիր գնդիկներէն դուրս կու գան վարակիչ փլազմոտիում բջիջները: Նոպայական ջերմը կը հասնի մինչեւ 40 աստիճան: æերմին հետ հիւանդը կ՛ունենայ յոգնածութիւն, ուժասպառութիւն, մկանային ցաւ, գլխացաւ, սիրտի արագ զարկ եւ նողկանք: æերմը կը մեղմանայ 4-6 ժամ ետք՝ առատ քրտինքով:
P. falciparum մակաբոյծի թխսումը կը տեւէ 9-16 օր, այսինքն՝ ախտանշանները կը սկսին խայթուելէ 9-16 օր ետք: Անիկա ընդհանրապէս կը յառաջացնէ ամէնօրեայ նոպա: Այս մակաբոյծով յառաջացած դողտենդը յաճախ կոչուած է արեւադարձային կամ տաք գօտիի (tropical) դողէրոցք: P. Falciparum մակաբոյծը կը յառաջացնէ մանրանօթային (capillaries) խցում, տեղայնական անարիւնութիւն (ischemia ) եւ բջիջային փճացում, որոնք առաւելաբար կը պատահին ուղեղի, երիկամներու, թոքերու եւ ստամոքսա-աղիքային համակարգին մէջ: Այս օրկաններու ախտահարումով կրնան յայտնուիլ հետեւեալ ախտանշանները՝ մարմնական ցնցումներ, ջղագրգռութիւն, պրկումներ եւ երիկամի ձախողանք, արեան շաքարի նուազում եւ մահաքունի նման վիճակ: Յղի կիներ կրնան ունենալ վիժում եւ մեռելածին զաւակներ (stillborn):
P. Vivax մակաբոյծին թխսումը կը տեւէ 7-21 օր եւ անիկա կը յառաջացնէ նոպաներ, որոնք կը կրկնուին երեք օրը անգամ մը եւ այս պատճառով դողտենդը կոչուած է եռօրեայ դողտենդ:
P. Malarae մակաբոյծի թխսումը կը տեւէ 21-45 օր եւ անիկա կը յառաջացնէ նոպաներ, որոնք կը կրկնուին չորս օրը անգամ մը եւ այս պատճառով դողտենդը կոչուած է քառօրեայ դողտենդ:
P. vivax, P. ovale եւ P. Malarae վարակումները աւելի մեղմ են քան P. falciparum վարակումը: Անոնք ընդհանրապէս ուղեղին եւ երիկամներուն չեն վնասեր:
Դողտենդի ախտաճանաչումը կը կատարուի արեան յատուկ քննութեամբ մը, որուն միջոցաւ կը փաստարկուի փլազմոտիում մակաբոյծի գոյութիւնը:
Առողջ մարդ մը դողտենդի տեղաճարակ շրջանէ մը վերադառնալէն ամիսներ ետք կրնայ բացայայտ դողտենդ ունենալ, որովհետեւ ան խայթուելէ ետք վարակուած մժեղի մը կողմէ, իր լեարդին մէջ կուտակուած վարակիչ բլազմոտիում բջիջները յանկարծ կրնան արեան շրգայութեան մէջ անցնիլ եւ յարձակիլ կարմիր գնդիկներուն վրայ:
Դողտենդը կը դարմանուի յատուկ դեղերով եւ պաշտպանողական միջոցներով: Փլազմոտիում մանրէներու տարբեր խմբաւորումներ ունին իրենց յատուկ հակամանրէական ազդու դեղերը եւ գործածութեան ձեւերը: Հակադողտենդի դեղերը կը գործածուին նաեւ որպէս կանխարգելիչ միջոց:
Դողտենդէ վարակուած անհատը կրնայ բարդութիւններու մատնուիլ: Յաճախակիօրէն տեսնուած բարդութիւնները հետեւեալներն են. արիւնալուծային անարիւնութիւն, երիկամներու եւ լեարդի աշխատանքի վատթարացում, ուղեղատապ, ուղեղապատեանի բորբոքում, փայծաղի ծաւալում եւ պայթում՝ մեծածաւալ արիւնահոսութեամբ:
Դողտենդը կանխարգիլելի հիւանդութիւն մըն է: Հետեւեալ միջոցառումներով կրնանք կանխարգիլել այս համատարած հիւանդութիւնը.
1. Շուտով յայտնաբերել դողտենդէ վարակուած անձերը եւ տեղաճարակ շրջանները.
2. Պայքարիլ մակաբոյծները փոխադրող մժեղներու դէմ.
ա. Ոչնչացնել մժեղները միջատասպան դեղերով.
բ. Մժեղ վանող (repelent) միջոցներ կիրարկել եւ պաշտպանակներ (screens) ու ցանցեր (nets) գործածել.
գ. Ինքնապաշտպանութեան դիմել՝ պատուհանները գոց պահել, երկար թեւերով շապիկ եւ բաց գոյն հագուստ հագուիլ.
3. Հակադողտենդի դեղեր գործածել:
Այն անձերը, որոնք դողտենդի տեղաճարակ երկիրներ կը ճամբորդեն, պէտք է առնեն այս դեղերը ճամբորդութիւնէն 10 օր առաջ:
Մինչեւ օրս մալարիայի դէմ պատուաստ (vaccine) չէ գտնուած, սակայն մեծ ուսումնասիրութիւններ կը կատարուին համաշխարհային գետնի վրայ այս առնչութեամբ: Կը մաղթենք, որ շուտով գտնուի այդ փրկարար պատուաստը: