ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ
Նոր սերունդի հոգեւոր, հայեցի ու բարոյական դաստիարակութիւնը իր առաքելութեան եւ ծառայութեան կարեւորագոյնը համարելով՝ Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, իր պաշտօնական այցելութիւններու ծիրէն ներս Երեքշաբթի, Մարտ 11, 2014ին այցելեց Սրբոց Նահատակաց Ազգային Մարի Գապայեան նախակրթարանն ու Ֆերահեան երկրորդական վարժարանը՝ հանդիպում մը ունենալով վարժարանի աշակերտներուն հետ:
Առաջնորդի այցելութիւններուն շարքը սկսաւ առաւօտեան ժամը 10ին, Մարի Գապայեան նախակրթարանով: Սրբազան հօր կ՛ուղեկցէր Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան, Ազգային վարչութեան անդամ Թորոս Քէչէճեան եւ վարժարանի ուսումնական մարմինի անդամ Վահէ Պէնլեան. զիրենք դիմաւորեցին վարժարանի տնօրէն Ժան Գոսագեան, տնօրէնի օգնական Դրօ Չէքիճեան եւ ՀՕՄի Աշխէն Փիլաւճեան մանկամսուրի վարիչ Վեհիկ Գաբրիէլեան: Առաջնորդը առաջին հերթին այցելութիւն տուաւ մանկամսուրի դասարաններուն, առաջնորդութեամբ մանկամսուրի վարիչին: Ապա, տնօրէնի օգնական Դրօ Չէքիճեանի հետ, ուղղուելով վարժարանի «Մինասեան» սրահը՝ դիմաւորուեցաւ նախակրթարանի աշակերտութեան կողմէ: Աշակերտները, ղեկավարութեամբ ուսուցչուհի Ազատուհի Ղազարեանի, գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը ներկայացուցին:
Աւարտին, սրբազան հայրը առիթ ունեցաւ զրուցելու վարժարանի ուսումնական մարմինի անդամ Վահէ Պէնլեանի հետ, նոր նախակրթարանի մը շինութեան ծրագիրներուն մասին:
Այնուհետեւ, առաջնորդը այցելութիւն տուաւ Ազգ. Ֆերահեան երկրորդական վարժարանին, ուր տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան անունով բարի գալուստի խօսքը փոխանցեց 10րդ դասարանէն Դալար Մինասեանը: Առաջնորդ հօր այցելութեան, եկեղեցւոյ եւ մշակոյթի պահպանման անդրադառնալէ ետք, Մինասեան շեշտեց, թէ իբրեւ նոր սերունդ, իրենք եւս ունին հարցեր եւ մտահոգութիւններ, որոնց պատասխանները եւ լուծումները պիտի գտնեն սոյն այցելութեան ընդմէջէն, որ լաւագոյն առիթ է լուսաբանուելու համար:
Գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրով մը հանդէս եկան վարժարանի աշակերտներէն Սեւուլիկ Պասթիլեան՝ «Տաղ Հայերէն Լեզուին» ասմունքով, ապա Տանիէլլա Սեմերճեան եւ Շանթ Արսլանեան՝ Յովհաննէս Շիրազի «Ո՞րն Է Պապօ Մեր Հայրենիք», իսկ Լիա Քէշիշեան՝ «Եկեղեցին Հայկական» բանաստեղծութիւններով:
Վարժարանի տնօրէն Ժան Գոսագեան, շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք սրբազան հօր՝ իր կատարած բացառիկ այցելութեան համար, յայտնեց, որ նման այցելութիւններ յաճախակի պէտք է դառնան, որպէսզի նոր սերունդն ալ լիցքաւորուի հայրական օրհնութեամբ եւ խրատներով: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ վարժարանի փոխտնօրէն եւ Հայերէն բաժանմուքի պատասխանատու Վարդգէս Նալպանտեանին, որ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ պատրաստած էր օրուան հանդիպման ծրագիրը, եւ ապա հրաւիրեց Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը, որպէսզի փոխանցէ իր հայրական պատգամը:
Հանդիպումին ներկայ էին վարժարանի ուսումնական մարմինի անդամներ տոքթ. Ռաֆֆի Կէտիկեան, Վահէ Պէնլեան, Արմէն Աւագեան եւ Ազգային վարչութեան անդամ Թորոս Քէչէճեան: Առաջնորդը, բարձր գնահատելէ ետք աշակերտութեան կարգապահութիւնը՝ պատմական եւ եկեղեցական ծանօթութիւններ փոխանցեց անոնց, ապա մշակութային ժառանգութիւններուն մասին մէջբերումներ կատարելով՝ անդրադարձաւ հայեցի կրթութեան եւ հոգեւոր դաստիարակութեան կարեւորութեան մասին:
Ընթացքին ուղղուեցան հարցումներ՝ աշակերտութեան առօրեայ մտահոգութիւններուն վերաբերեալ, որոնք կը կարօտէին լուսաբանութեան: Առաջնորդը համբերութեամբ պատասխանեց բոլոր հարցումներուն՝ ներշնչելով ուժ ու կորով, որպէսզի աշակերտները հայ եկեղեցւոյ եւ հայ մշակոյթի պահպանման գործընթացը շարունակեն առանց ընկրկումի:
æերմ եւ մտերմիկ մթնոլորտը շարունակուեցաւ աւարտական դասարանի աշակերտներուն հետ պահքի ճաշի հիւրասիրութեամբ, որուն ընթացքին առաջնորդը խօսեցաւ Պահքի խորհուրդին մասին եւ անգամ մը եւս շեշտեց հայապահպանման աշխատանքներուն մասնակից դառնալու անհրաժեշտութիւնը: