ՄՈՍԿՈՒԱ.- «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Էսթոնիոյ նախագահ Թոմաս Հենտրիք Իլվզ յայտնած է, թէ Պալթեան շրջանին մէջ պէտք է աւելցնել Միացեալ Նահանգներու եւ ՆԱԹՕի ներկայութեան ծաւալը, այս առումով՝ «լուծումներ գտնելու անհրաժեշտութիւնը» մատնանշելով:
Էսթոնիոյ նախագահը եւ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտըն Լեհաստանի մէջ քննարկած են ՆԱԹՕի հաւաքական պաշտպանութեան մաս կազմող երաշխիքները, Ուքրանիոյ իրադարձութեանց լոյսին տակ: «Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ Պայտըն խոստացած է շրջանին մէջ ցամաքային ուժերու եւ ծովուժի վերատեղաբաշխման կարելիութիւնները քննել: Ան նաեւ ընդգծած է, որ իր երկիրը հաւատարիմ կը մնայ ՆԱԹՕի գործընկերներուն աջակցելու մտադրութեան՝ զինուորական յարձակումի մը պարագային:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.