ԼՈՆՏՈՆ.- Բրիանական «Թելեկրաֆ» թերթը կը հաղորդէ, որ Իտալիա կոչ ուղղած է զէնք արտադրող ամերիկեան «Արմալայթ» ընկերութեան, որ անմիջապէս շրջանառութենէ վերցնէ Դաւիթի արձանի պատկերին օգտագործումով զէնքի ծանուցումը: Ընկերութիւնը իր զէնքերէն մէկուն ծանուցումին համար օգտագործած է Մայքըլանճելոյի հռչակաւոր Դաւիթի արձանը, իսկ ծանուցումին տակ փոքր տառերով գրուած է. «Հպարտութեամբ արտադրուած Միացեալ Նահանգներու մէջ»:
Իտալիոյ մշակոյթի նախարար Տարիօ Ֆրանչեսքինի «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ գրած է. «Զէնքով Դաւիթի պատկերը կը վիրաւորէ եւ կը խախտէ օրէնքը: Մենք միջոցներու պիտի ձեռնարկենք ամերիկեան ընկերութեան դէմ, որպէսզի անմիջապէս դադրեցնէ այդ ծանուցումը»: Դաւիթի արձանի պատկերի իրաւունքները կը պատկանին Իտալիոյ եւ զայն կարելի չէ առանց արտօնութեան օգտագործել:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.