ԹԵՀՐԱՆ.- Թուրքիա սպառնաց հակադարձել Օսմանեան կայսրութեան հիմնադիրի մեծ հօր՝ Սիւլէյման շահի, հիւսիսային Սուրիոյ մէջ գտնուող դամբարանին դէմ կատարուելիք որեւէ յարձակումի:
«Փրէս Թի.Վի.»ն հաղորդեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու Վանի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է, թէ Թուրքիա այդ դամբարանին ապահովութիւնը պահպանելու իրաւունքն ունի:
Նշենք, որ իսլամ ծայրայեղական զինեալ խմբաւորումներուն միջեւ նշեալ դամբարանին մօտ բախումներ տեղի կ՛ունենան ներկայիս:
Անգարա, 1921ին Ֆրանսայի հետ կնքուած համաձայնութեամբ մը, դամբարանը իբրեւ թրքական գերիշխան հողատարածք կը նկատէ: Թրքական մասնայատուկ ուժերու տասնեակ մը անդամներ մնայուն կերպով կը պահպանեն Հալէպի հիւսիսը եւ Թուրքիոյ սահմանին մօտ գտնուող այդ վայրը:
«Այդտեղ գտնուող իր գերիշխան հողատարածքը պաշտպանելու համար, Թուրքիա առանց տատամսումի անհրաժեշտ բոլոր միջոցառումները պիտի որդեգրէ», ըսաւ Տաւութօղլու:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.