ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Ռոյթըրզ».- Հակադարձելով Կոլանի մէջ իսրայէլեան ուժերուն վրայ այս շաբաթ տեղի ունեցած յարձակումին՝ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Մոշէ Եաալոն յայտարարեց. «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ, Քընէյթրայի ականահարման հեղինակներուն աջակցելուն համար սուղ գին պիտի վճարէ»: Կոլանի բարձունքներուն վրայ գտնուող Քընէյթրան, 1974էն ի վեր դրուած է ՄԱԿի հսկողութեան տակ:
Իսրայէլեան բանակը Չորեքշաբթի օր ռմբակոծած էր Կոլանի մէջ սուրիական բանակի շարք մը դիրքեր՝ սպաննելով սուրիացի զինուոր մը եւ վիրաւորելով 7 ուրիշներ: Երեքշաբթի օր, չորս իսրայէլացի զինուորներ վիրաւորուած էին, երբ զանոնք փոխադրող ինքնաշարժը ականահարուած էր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.