ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճէյն Փսաքի յայտարարեց, որ «Ամերիկայի մէջ Սուրիոյ դեսպանատան պաշտօնեաները այլեւս որեւէ առանձնաշնորհում, անձեռնմխելիութիւն կամ պաշտպանութիւն չեն վայելեր», միաժամանակ վստահեցնելով, որ «Սուրիոյ հետ Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտական յարաբերութիւնները կը շարունակուին՝ հակառակ սուրիական դեսպանատան եւ հիւպատոսարաններու աշխատանքի սառեցումը, ինչպէս եւ դիւանագէտներէն ու պաշտօնատարներէն ամերիկեան հողերէն հեռանալ պահանջելը»:
Ան յիշեցուց, որ սուրիացի դիւանագէտներն ու անոնց ընտանիքները մինչեւ Մարտ 31 պէտք է հեռանան ամերիկեան հողերէն, իսկ վարչական պաշտօնեաները՝ մինչեւ Ապրիլ 30:
Սուրիա եւ Ռուսիա քննադատած էին սուրիական դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն գործունէութիւնը սառեցնելու քայլը, եւ Մոսկուա յայտարարած էր, որ Ուաշինկթըն սուրիական դեսպանատունը փակելով՝ «հրաժարեցաւ խաղաղութեան հովանաւորի իր դերակատարութենէն»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.