
ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Մոնթպելլոյի Հայկական ուտեստեղէնի տարեկան փառատօնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Մայիս 17ին, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս, կէսօրուան ժամը 12էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 10:
Հայ մշակոյթը տօնելու լաւ առիթ մը հանդիսացող աւանդական այս փառատօնին ընթացքին պիտի ներկայացուին հայկական երգեր ու պարեր, ինչպէս նաեւ՝ զանազան ճաշեր, անուշեղէններ եւ այլազան իրեր ծախող կրպակներ: Երեխաներու յատուկ խաղավայր մը եւս պիտի ըլլայ, ինչպէս նաեւ՝ ճաշ պատրաստելու ցուցադրութիւններ եւ գինիի ու գարեջուրի յատուկ անկիւններ:
Կազմակերպիչ յանձնախումբը արդէն իսկ աշխատանքի անցած է ապահովելու համար այս ձեռնարկին յաջողութիւնը՝ յիշեցնելով, որ նախորդ տարուան փառատօնին ներկայ եղած է աւելի քան 3000 հոգի:
Մուտքի սակը 2 տոլար է, իսկ ձեռնարկին շահը կը յատկացուի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ (900 West Lincoln Ave., Montebello, CA):
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ կամաւոր սպասարկութիւն մատուցելու համար, դիմել (323) 482-5053 թիւին: