
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ճակատագիրի քմայքէն ծնունդ առած սուգը ապրեցանք եւ տակաւին կ՛ապրինք շուրջ քառասուն օրեր առաջ ցաւալի մեկնումովը Մայք-Միշէլ Շահինեանի՝ մեր սիրելի բարեկամին եւ ընկերոջ, որ իր յաւէտ մեկնումով մեծ ու վշտալի բաց մը ձգեց իր ետին: Մէկ խօսքով՝ մեր շուրջը անօրինակ ամայացում մը, որ ծանր նստած է մեր բորոլին եւ յատկապէս իր անմիջական շրջապատին վրայ: Հաւատացէ՛ք, դժուար է կորսնցնել նման անձ մը, հարազատի մը չափ անկեղծ բարեկամ մը: Սակայն նոյնքա՛ն դժուար է զայն կորսնցնելէ ետք՝ հրաժեշտի խօսք մը ըսելը, գրելը, արտայայտելը:
Մայք-Միշէլ Շահինեան…
Թերեւս շատերու նման դուք ալ չէք ճանչնար զինք: Բայց անգամի մը համար հարցուցէք ձեր շուրջիններուն եւ մանաւանդ այս շրջանի ՀՕՄի եւ Համազգայինի ընտանիքի բոլոր անդամներուն, ու պատասխանը անտարակոյս պիտի գտնէք: Իմ պարագայիս, տարիներ առաջ զինք մօտէն ճանչնալու բախտին արժանացած էի: Իմ բոլոր հատորներու գինեձօներուն ոչ միայն իր ներկայութիւնը, այլեւ ձեռնարկին յատուկ տեսահոլովակ պատրաստելը անմիջական քաջալերանք նկատած եմ միշտ: Հիմա հարց է, թէ ուրկէ՞ պէտք է սկսիլ, ինչպէ՞ս գնահատել կամ արժեւորել կեանքը մէկու մը, որ իր սիրտի ու միտքի ամբողջ գանձերն ու ճոխութիւնը բաժնած էր բոլորիս: Ինծի համար Միշէլը մէկն էր այն հազուագիւտ հայորդիներէն, որուն ամբողջ կեանքը եղած էր անսահման նուիրում եւ ծառայասիրութիւն իր ընտանիքին, իր պատկանած միութեան եւ միութենական բոլոր ձեռնարկներուն, իր գաղութին եւ իր ընկերներուն:
Անոր համար իր բացակայութիւնը երկար ատենէ ի վեր մեզ բոլորս շշմած վիճակի մէջ պահած է: Օր մը՝ սեւ օր մը, երբ ճակատագիրի անգութ հարուածը խլեց զինք մեզմէ, մեր ժպիտները չքացան եւ մեր ուրախութիւնը ցամքեցաւ: Գիտեմ, որ ամէն մահ մեզմէ բան մը կը տանի իրեն հետ, իսկ այս օրերուն եւ այս վայրկեանին, յոյսի եւ հաւատքի խօսքերով միայն կ՛ուզեմ մխիթարուիլ:
Շատ յաճախ ըսած ու կրկնած եմ, թէ մենք՝ հայերս, մեր մեռելները մեզի հետ ապրեցնող ազգ մըն ենք, որովհետեւ հաւատացած ենք, որ մեր մեռելներուն սուգը մեր կեանքի արեւն է եւս: Այս նկարագիրը ժառանգած ենք մեր պապերէն, մեր անցեալէն: Անկասկած, որ մեր սիրելի Միշէլին պարագային ալ, նոյնն են մեր զգացումները: Իր արագ կեանքը եղաւ յոյշ ու հեքիաթ, եթէ կ՛ուզէք՝ նոյնիսկ կիսատ մնացած երազ:
Տակաւին աչքիս դիմացն է իր ժպիտով, իր նկարչական գործիքով եւ մանաւանդ իր պատրաստակամ եւ կարեկցոտ սիրտով: Իր արտաքինին հետ զուգահեռ, յատկանշական էր նաեւ իր պատուախնդիր, գթասիրտ ու բոլորին հասնող կերպարը, բարեհամբաւ ծառայութիւնները: Ան, մեր գաղութի միութիւններու հրապարակային բոլոր ձեռնարկներուն, իր կնոջ՝ Արփիի ընկերակցութեամբ, նկարահանելու համար միշտ ներկայ էր բոլորէն առաջ, որովհետեւ իր գիտակցական ամբողջ կեանքը եղած էր անսակարկ նուիրաբերում: Հասած էր բոլոր զինք կանչողներուն: Անձայն օգնած էր: Ամէն առիթներով իր ժամանակէն բաժին հանած էր բոլոր անոնց համար, որոնք դիմած էին իրեն:
Ահա՛ թէ ինչու իր ապրումներով եւ իտէալներով, իր կեանքի պայքարով ու բոլոր նուաճումներով, ասպետական ոգիի ցուցանիշ մըն էր ինծի համար: Անոր համար ալ, մինչեւ այսօր դժուար է հաշտուիլ իր յաւէտ բաժանման հետ: Հարուստ ծառայասիրութեամբ կեանք մը ապրած էր. թէեւ կարճ, սակայն այդ կեանքը իմաստաւորուած էր իր բարիքներու անհատնում շարքերով: Համեստ նկարագիրին շնորհիւ, ան միշտ շահած էր իր շրջապատի սէրն ու յարգանքը ու դարձած իբրեւ մեծ հոգածու՝ փնտռուած ներկայութիւն մը:
Միշէլ այն անձերէն էր, որ իր ամբողջ կեանքի տեւողութեան, լուռ գնահատեց լաւն ու յաջողութիւնը, ճիշդն ու ճշմարիտը, սակայն միշտ քննադատեց վատն ու սխալը: Ուրախացաւ ազգային կեանքին մէջ արձանագրուած նուաճումներով: Տագնապեցաւ ձախորդութիւններով ու մանաւանդ՝ պատասխանատու մարդոց անպատասխանատու սխալներով: Շրջեցաւ Արցախ ու Հայաստան: Նկարեց ու իր նկարածները դարձուց իրեն նման պատմական: Իր կեանքի ամբողջ տեւողութեան, անխտի՛ր, միշտ ցուցաբերեց խոնարհութեան, ընկերասիրութեան, ներողամտութեան, աշխատասիրութեան ու քաջասրտութեան այնպիսի արժանիքներ, որոնք զինք առանձնացուցին իր շրջապատէն՝ անոր տալով ճանաչողական իւրայատկութիւն մը։ Եւ տակաւին երկար տարիներ իր անուշ յիշատակը պիտի ապրի մեր միտքերուն եւ հոգիներուն մէջ:
Այսօր կը զգանք անոր մահուան վիշտի ծանրութիւնը: Անհատական մեծ կորուստի մը դիմաց անխուսափելի դարման մըն է լացը: Ու մենք լացինք: Շատ մօտիկ հարազատ մը կորսնցուցածի նման լացինք:
Բոլորս ալ կը սիրէինք զինք, որովհետեւ իր հեզաբարոյ, համեստ, կատակասէր նկարագիրով, իր ժպիտով եւ իր սիրով, մեծ սիրելի մը դարձած էր բոլորիս համար: Անոնք, որոնք մօտէն ճանչցած էին զինք, ծանօթ էին իր խորունկ հոգիին, ուր մեր բոլորին տեսակաւոր առաջարկներն ու խնդրանքները պատասխան գտած էին: Իբրեւ ամուսին, հայր, եղբայր եւ մեծ հայր՝ ոչինչ զլացաւ: Անձնասէր չեղաւ: Այո՛, երազներ ունէր իրականացնելիք որբութեամբ հասակ առած ու ինքզինք կերտած այս հայը: Սակայն ո՞վ կրնայ բողոքել ճակատագիրին դէմ:
Ան կ՛արհամարհէր իր կեանքի գալիք արհաւիրքը ու կը շարունակէր իր առօրեան, կարծէք՝ ոչինչ պատահած ըլլար:
Ու վերջապէս սիրելի Միշէլ,
Յաւերժական յարգանք քեզի, քու ջինջ հոգիիդ, շրջապատիդ ծառայելու անսակարկ հաւատքիդ, մաքուր երազներուդ եւ օրինակելի ծառայասիրութեանդ:
Թող այս տողերը արդար յիշատակիդ ու վաստակիդ համար ըլլան մեր բոլորին կողմէ սիրոյ եւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն, ինչպէս նաեւ՝ ափ մը խունկ եւ ծունկ մը աղօթք:
Երկնային մխիթարութիւն բոլոր հարազատներուդ եւ հանգիստ ոսկորներուդ, սիրելի՛ ընկեր եւ անկեղծ բարեկամ: