ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Պահպանողականներու հակակշիռին տակ գտնուող Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն ատեանը Չորեքշաբթի, Ապրիլ 2ին, 4ի դէմ 5 քուէներով վաւերացուց որոշում մը, որ հարուած մը եւս կը հասցնէ երկիրի քաղաքական կեանքին վրայ մեծահարուստներու ազդեցութիւնը նուազեցնելու նպատակով վերջին տասնամեակներուն ընթացքին որդեգրուած շարք մը օրէնքներուն՝ անիմաստ դարձնելով անոնցմէ շատերը:
Արդարեւ, այն ատեանը, որ 2010ին հսկայ ընկերութիւնները, կազմակերպութիւնները կամ աշխատաւորական միութիւնները քաղաքացիներուն համազօր դարձնելով՝ ընտրապայքարի դրամահաւաքներուն անոնց ուղղակի մասնակցութեան դէմ դրուած սահմանափակումները վերցուցած էր, Չորեքշաբթի օր վճռեց 123,000 տոլարէն 3.6 միլիոն տոլարի բարձրացնել ընտրական մէկ շրջանի մը ընթացքին (մօտաւորապէս երկու տարի) ոեւէ մեծահարուստի կողմէ անհատ թեկնածուներու կամ քաղաքական կուսակցութեանց տրամադրուող նուիրատուութիւններուն գումարը:
Այս որոշումին հետեւանքով՝ նուիրատու մեծահարուստները բնականաբար յաւելեալ ազդեցութիւն պիտի վայելեն նոյն այդ թեկնածուներուն եւ քաղաքական կուսակցութեանց մօտ՝ միաժամանակ նուազեցնելով քաղաքացիներուն ազդեցութիւնը, այսինքն՝ տկարացնելով ժողովրդավարութեան հիմքերը:
Ատեանին պահպանողականները, որոնք 2010ի իրենց վճիռը «արդարացուցած» էին ընկերութեանց արտայայտուելու ազատութիւնը պաշտպանելու անհամոզիչ պատրուակով, այս անգամ եւս հասած են այն եզրակացութեան, որ մեծահարուստներու «առատաձեռնութիւն»ը զսպելը խոտոր կը համեմատի ազատ արտայայտուելու իրաւունքին…