ՊԱՇՈՐՏ
Գարատաշէն շուրջ 5 ք.մ. դէպի արեւմուտք, կը գտնուի Պաշորտ գիւղը, որ սկզբնապէս եղած է հովիւներուն Ալաչոխը:
19րդ դարու կիսուն այստեղ մշ-տական կայք կը հաստատէ Քեսապի Մահշիկեան գերդաստանէն՝ Մովսէսի որդի Գրիգորը, որ կը դառնայ Պաշորտի Մովսէսեան գերդաստանի նախահայրը: Տարագրութենէն առաջ, նոյն թաղին մէջ կայք կը հաստատեն նաեւ Գարատուրանի Չերչիկեանները:
1920ական թուականներուն Մով-սէսեան եւ Չերչիկեան ընտանիքներուն հետ կայք կը հաստատեն նաեւ Գարատուրանէն Գազազեան ընտանիք մը:
1909ի կոտորածին, Քեսապէն խումբ մը փախստականներ կ՛ապաստանին Պաշորտ. ապա պաշորտցիներուն հետ կը լքեն քիւղը ու կ՛իջնեն ծովեզերք, Պաշորտն ալ ալան թալանի կ՛ենթարկուի:
1915ին, Պաշորտի բնակիչները տարագրութեան կ՛ելլեն Գալատուրանէն ու կը քշուին Համա, անկէ դէպի հարաւ՝ մինչեւ Յորդանան: Տարագրութենէն վերապրողները գարատուրանցիներուն հետ Փոր Սաիտէն կը վերադառնան:
1920ի մարդահամարին մէջ Պաշորտ չկայ. մինչդեռ 1911 մարդահամարին, գիւղը կը հաշուէր 85 անձ, 1915՝ 40 անձ:
Գիւղացիներուն հիմնական զբաղումը կը շարունակէ մնալ խաշնարածութիւնը: 1939ին, նոր սահմանագծումով սահմանը կ՛անցնի Պաշորտի տուներուն մօտէն: Գիւղացիք կը կորսնցնեն իրենց արտերուն մէկ մասը եւ Մուսըլէքի աղբիւրէն կը զրկուին: Այծերու հօտը պահելը անկարելի կը դառնայ:
1947ին, գիւղացիները մեծ խանդավառութեամբ կ՛ընդունին հայրենադարձութեան աւետիսը: Գիւղը իր ամբողջ բնակչութեամբ հայրենիք կը ներգաղթէ. ընդամէնը՝ 46 հոգի: Գիւղի ամբողջ տարածքը կը ծախուի քեսապցի Յովսէփեաններուն:
Պաշորտի բնակչութիւնը կապուած էր Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ, իսկ դպրոցական փոքրիկները կը յաճախէին Գարատուրանի Մեսրոպեան, Նուպարեան եւ Քեսապի Սահակեան վարժարանները:
1935ին, Գարատուրանի ՀԲԸՄ մասնաճիւղը, բնակչութեան երթեւեկի դժուարութիւնը նկատի ունենալով, կը հիմնէ միջին նախակրթարան մը իբրեւ Մեսրոպեան Նպաստընկալ վարժարանի մասնաճիւղ: Դպրոցը կը գործէ մինչեւ հայրենադարձութիւն:
Այժմ թփուտներուն մէջ կ՛երեւին լքուած գիւղակին կիսակործան պատերը, իսկ արեւելեան հարթութիւններուն վրայ, նախկին արտերու փոխարէն, գետի պէս յորդած են խնձորի եւ այլ պտուղներու ծառեր:
ՉԱԳԱԼՃԸԳ
Չինարի Գաթապեան թաղէն քիչ անդին, կ՛երեւի Չագալճըգ գիւղակը: Այս գիւղն ալ նշանաւոր է իր աղբիւրով ու անոր առջեւ գտնուող վիթխարի Սօսիով:
Գիւղին հիմնական բնակիչները Թրթռեաններն են: Գերդաստանը կը մեծնայ, եւ իւրաքանչիւր ընտանիքի բաժին ինկած հողը չի կրնար բաւարարել իրենց կարիքներուն: Որոշ ընտանիքներ կը լքեն գիւղը եւ միւս գիւղերուն մէջ կը հաստատուին: Ոմանք կ՛աշխատին Տուզաղաճ եւ մշտական բնակութիւն կը հաստատեն հիմնելով Տուզաղաճի Թրթռեան թաղը:
Չագալճըգէն դէպի ար-եւմուտք եղած է ուրիշ թաղ մը եւս. Մաթըսլէք՝ Մաթոսեաններու անունով:
1909 Ապրիլ 23ի առտուն, երբ Չագալճըգի եւ Մաթըսլեքի բնակիչները տեղեակ կ՛ըլլան, թէ թուրք խուժանը մտած է Չինարճըգ, իրենց պղնձեղէններն ու գործիքները արտերուն մէջ պահելով, Պաղճաղազի ճամբով կը հասնին Պասիթ: Թուրք խուժանը կը մտնէ գիւղ, կը կողոպտէ ինչ որ գտնէ ու կրակի կու տայ տուները:
1915ին, գիւղացիք Քէօրքիւնէի բնակիչներուն հետ կը տարագրուին երկու խումբով: 1920ի մարդահամարին մէջ, Չագալճըգ կը յիշատակուի իբրեւ առանձին գիւղ:
1947ին, գիւղէն հայրենիք կը ներգաղթեն 29 անձ: Չագալճըգ վերջին տասնամեակին, վերածուեցաւ գեղեցիկ ամարանոցի մը: Շուրջ երկու տասնեակ առանձնատուներ հաշուող թաղամաս մը բարձրացաւ գիւղի թիկունքին:
ՉԻՆԱՐ (ՉԻՆԱՐՃԸԳ)
Նախկին Չինարճըգ կամ Չինար գիւղը տարածուած էր Գուրոմ լերան հարաւ արեւելեան ստորոտին:
Չինարճըգ տարագրութենէն առաջ ունէր երկու գլխաւոր թաղեր. աղբիւրին թաղը ու Գաթապինց թաղը:
Աղբիւրին թաղը կազմուած էր գլխաւորաբար Թօփալեաններու, Ճուրեաններու, Արապեաններու եւ Օհանեաններու տուներէն: Աղբիւրի թաղէն շուրջ կէս քիլոմեթր անդին, կը գտնուէր Գաթապեաններու թաղը: Այս երկու թաղերուն առջեւ զառիթափերը իրարու մօտենալով կը կազմեն խորունկ ձոր մը: Տարագրութենէն վերադառնալէն ետք, ձորի աջին կը ձեւաւորուի նոր թաղ մը՝ «Անթը Չընոր»ը, ուր բնակութիւն կը հաստատեն գլխաւորաբար Չիլինկիրեան եւ Քորթմոսեան գերդաստանի ընտանիքները: Գիւղը նշանաւոր է իր յորդաբուխ աղբիւրով: Աղբիւրին առջեւ, մինչեւ հայրենադարձութեան տարին, կը գործէր Քեսապի շրջանին հնագոյն ջրաղացը:
Չինարճըգ սկզբնապէս եղած է բնիկ քեսապցի ընտանիքներու կալուածը: 1965ին, գիւղը ունեցած է 40 տուն բնակչութիւն, սակայն եկեղեցի չէ ունեցած:
1909ին թուրք խուժանը կ՛ասպատակէ նաեւ Չինարճըգ գիւղը:
1911ին, գիւղը կը հաշուեր 176 անձ, իսկ 1915ին՝ 210 անձ: Տարագրութեան տարիներուն կը զոհուի բնակչութեան շուրջ երկու երրորդը: 1920ին գիւղ վերադարձած են 77 անձ:
Գիւղացիք մեծ խանդավառութեամբ կ՛ընդունին հայրենադարձութեան աւետիսը: Հայրենիք կը ներգաղթեն բնակչութեան մեծամասնութիւնը:
Գիւղը վերջին երկու տասնամեակներուն սկսաւ կորսնցնելու իր զուտ հայկական դիմագիծը:
Ներկայիս Չինարճըգ ամառանոցային կոկիկ գիւղ մըն է:
ԴՊՐՈՑՆԵՐ
Գիւղին մէջ գործած են երկու դպրոցներ:
Ա. Ազգային վարժարան. հիմնուած է 1910ին. գործած է մինչեւ 1915 եւ 1923-1943 թուականներուն միջեւ: Ունեցած է Տարրական նախակրթարան իր մանկապարտէզով եւ եղած է մասնաճիւղ Քեսապի Սահակեան վարժարանին: Երրորդ դասարանէն ետք աշակերտները յաճախած են Քեսապի դպրոցները՝ հետիոտն: 1935ին կը դառնայ ՀԲԸՄի Ազգային նպաստընկալ վարժարան:
Բ. Լատինաց վարժարան (1904-1915, 1921-1946). տեղւոյն կաթողիկէ ընտանիքներուն համար 1860ական թուականներուն, գիւղին մէջ քանի մը տարի գործած է փոքրիկ դպրոց մը:
ՏՈՒԶԱՂԱՃ
Տուզաղաճի արեւմտեան եւ հիւսիսային կողմերը Քեսապի շրջանի բարձունքներն են, իսկ արեւելեան կողմը՝ շրջանին բնական սահմանը հանդիսացող լեռները:
19րդ դարու առաջին կիսուն, գրեթէ ամբողջապէս անտառապատ եղած է Տուզաղաճը: Լաթաքիա-Անտիոք ճամբան անցած է խիտ անտառներու մէջէն: Յիշեալ դարու 40ական թուականներուն, օտար կապալարուներ պետութենէն կը գնեն Տուզաղաճի անտառներու շահագործումի իրաւունքը: Այս գործին համար բանուորները կու գան Քեսապէն եւ շրջակայ գիւղերէն:
Անտառահատումին պատ- ճառով, քանի մը տարուան ընթացքին ամբողջ հարթավայրը կը լերկանայ: Մօտակայ գիւղացիներ արտեր կը բանան, ցանք կ՛ընեն, պարտէզներ կը տնկեն: Ասոնցմէ ոմանք մնայուն բնակութեան համար տուներ կը կառուցեն: Այստեղ հաս-տատուծ ընտանիքները ընդհանրապէս Սեւաղբիւրէն, Քէօրքիւնէէն, Չագալճըգէն, Չինարճըգէն եւ Քեսապէն են:
Գիւղը առանձին եկեղեցի եւ մուխթարութիւն չէ ունեցած:
1909 Ապրիլ 23ին, թուրք խուժանը Օրտուի կ՛ողմէ կը յարձակի Տուզաղաճի վրայ եւ կը թալանէ գիւղը: Գիւղացիք կը փախչին դէպի Էքիզօլուք ու կը միանան միւս գիւղերու փախստականներուն: Անոնք մէկ շաբաթ ետք կը վերադառնան իրենց տուները:
1915ին, գիւղի բնակչութիւնը կը տեղահանուի երկու խումբով՝ Քէօրքիւնէյի բնակչութեան հետ: 1919-1920 թուականներուն գիւղ կը վերադառնայ բնակչութեան մէկ մասը: 1939ի սահմանագծումով, Տուզաղաճի արեւելեան մասը կէսէն աւելի Թուրքիա կը մնայ:
1947ին, հայրենիք կը ներգաղթէ գիւղի բնակչութեան մեծամասնութիւնը:
1950-60 թուականներուն՝ տն-տեսական տագնապէն փախուստ տալով, երիտասարդները կ՛երթան Լիբանան եւ այլուր. գիւղը գրեթէ կը պարպուի:
Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներուն ժամանակ, ոմանք վերջնականապէս կը վերադառնան իրենց կալուածները:
Նախկին գիւղատեղը գրեթէ ամբողջապէս լքուած է. տեղացիք իրենց նոր տուները կառուցած են ճամբուն մօտիկ իրենց կալուածներուն մէջ:
ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ
Տուզաղաճի մէջ գործած են քանի մը դպրոցներ.
Ա. Հայ Աւետարանական վարժարան. կը հիմնուի 18րդ դարու կէսերուն իբրեւ Քեսապի դպրոցին մասնաճիւղ, գործած է մինչեւ 1910:
Բ. Ազգային վարժարան (1910-1915, 1924-1942). գործած է իբրեւ Գարատուրանի Ազգային Մեսրոպեան վարժարանի մասնաճիւղ: 1934ին դպրոցը կ՛անցնի Ուսումնասիրաց ընկերութեան հովանաւորութեան տակ:
Գ. ՀԲԸՄի Ազգ. Նպաստընկալ վարժարան (1934-1937):
ԷՔԻԶՕԼՈՒՔ
(երկու աղբիւր)
Էքիզօլուքը իր բարձր դիրքին պատճառով իր դիմաց կը փռէ ամբողջ արեւելեան հորիզոնը, որ իր մէջ կ՛ընդգրկէ Քեսապի Տուզաղաճ ու Քէօրքունէ գիւղերը:
Միւս երեք կողմերէն գիւղը ամբոջովին փակ է: Թիկունքին Աճամի լեռնանցքէն բարձրացող ճամբան կը տանի Պաղճաղազ ու Պասիթ:
Նախկին Էքիզօլուքը եղած է խիտ տուներով փոքրիկ գիւղ մը, ընդամէնը մէկ թաղ, որ զառիթափի մը տարածքին փռուած ըլլալուն համար, բնականաբար ունեցած է վերի եւ վարի թաղեր: Գիւղը կազմուած է 19րդ դարուն սկիզբը:
Բնակչութեան հիմնական մասը ներկայացնող Թութիկեան, Աշըգեան, Սէկէեան, Սահակեան, Թասլաքեան եւ Թալմազեան գերդաստանները, կ՛ըսուի թէ կը սերին Մարտիկեան մայր գերդաստանէն:
Գիւղացիներու հիմնական զբաղումները եղած են հողագործութիւնն ու անասնապահութիւնը: Գետնախնձորի մշակութիւնը առաջին անգամ կը սկսի Էքիզօլուքի մէջ:
1909ի աղէտին, Չագալճըգի եւ Քէօրքիւնէի փախստականներու միանալով, գիւղացիք կը լքեն գիւղը, կ՛իջնեն վարի Պաղճաղազի Լատինաց վանքը, ուրկէ կ՛առաջնորդուին Պասիթի նաւահանգիստը: Թուրք խուժանը կ՛աւերէ գիւղը, կը քշէ կենդանիները ու տուները կրակի կու տայ:
Էքիզօլուքը Օսմանեան կայսրութեան ժամանակ, Հալէպի նահանգի վիլայէթի վերջին գիւղն էր: Անկէ քիչ անդին կը սկսէր Լաթաքիոյ վերակացութիւնը՝ Մութասարիֆութիւնը: Ան կ՛ըլլայ թալանի ենթարկուող վերջին գիւղը:
Լաթաքիայէն վերադարձին, գիւղացիք արագ թափով կը նորոգեն տուները ու կը վերականգնեն իրենց տնտեսութիւնը: 1911ին կը սկսի եկեղեցւոյ շինութիւնը, որ առանց ծածքի կը մնայ տարագրութեան պատճառով:
1915ի Օգոստոսին, Էքիզոլուքի բնակչութիւնը կը տեղահանուի եւ տարագրութեան ճամբաներուն վրայ գիւղը կը կորսնցնէ իր նախկին բնակչութեան աւելի քան երկու երրորդը:
1919-1922ի անիշխանական տարիներուն, Ճոյ Թութիկեանի կամաւորական խումբը կը հսկէր ոչ միայն գիւղը՝ այլ ամբողջ Մեղրաձորին ու շրջանի հարաւային գիւղերը ու կարեւոր կապ մը կը հանդիսանար անոնց եւ Քեսապի կեդրոնին միջեւ:
1947ի հայրենադարձութիւնը Էքիզօլուքցիները չի խանդավառեր, միայն 20 անձ Հայաստան կը գաղթէ:
Գիւղին բարձր դիրքը, ամրան եղանակին գրեթէ միշտ զով, յաճախ մշուշոտ եղանակն ու բաւարար ջուրը, տնտեսական պայմաններու հիմնական փոփոխութեան բնական պայմանները կը դառնան:
Էքիզօլուքի վերջին կէս դարու կէանքին մէջ, գիւղացիներու ներդրումի կողքին պէտք չէ մոռնալ հալէպահայ կարգ մը ընտանիքներու հոգատարութիւնը այս գիւղին նկատմամբ:
Աճամի լեռանցքին կից, կը գործէ Սուրիոյ ՀԲԸՄի ընդարձակ բանակավայրը:
Էքիզօլուքը առաջին գիւղն է շրջանին մէջ, որ կ՛ունենայ զայն Քեսապին կապող ասֆալթապատ ճամբայ, ելեկտրականութիւն եւ ջուրի ցանց:
ԵԿԵՂԵՑԻՆ
1855ին Էքիզօլուքի ամբողջ բնակ-չութիւնը բողոքականութեան կը յարի: Բողոքականութիւնը, գիւղին մէջ հոգեւոր եւ կրթական շարժում կը ստեղծէ:
Իբրեւ ժողովարան եւ դպրոց կը գործածուի գիւղին տուներէն մէկը: Եկեղեցւոյ շէնքը կը կառուցուի 1882ին՝ վարի թաղին առջեւ ու մինչեւ տարագրութիւն կը գործածուի նաեւ իբրեւ դպրոց:
Վեր. Յովհ. Էսքիճեան (1908-1913), գիւղին մէջ կը կառուցէ երկյարկանի ու կղմիտրածածք երիցատուն մը, իսկ 1911ին կը ձեռնարկէ նոր եկեղեցւոյ մը շինութեան, որ վերահաս պատերազմի պատճառով անծածկ կը մնայ: Եկեղեցւոյ շինարարութիւնը կ՛աւարտի 1956ին եւ կը կոչուի Էմմանուէլ:
ԴՊՐՈՑ ԵՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Էքիզօլուքի Հայ Աւետ. վարժարանը հիմնուած է 1855ին, որ յետագային մեծցած ու դարձած է լրիւ նախակրթարան: Հոս որպէս ուսուցիչ, ծառայած են տեղացիներու կողքին՝ գլխաւորաբար այնթապցի, պեհեսնեցի եւ քիլիսցի ուսուցիչ ուսուցչուհիներ:
1960ական թուականներէն սկս-եալ նախակրթարանը կը կորսնցնէ իր բարձրագոյն կարգերը, ապա կը վերածուի մանկապարտէզի, որովհետեւ գիւղը Քեսապին կապող ճամբուն ասֆալթապատումով, երթեւեկը կը դիւրանայ եւ փոքրիկները ինքնաշարժով կը յաճախեն Քեսապի վարժարանները:
Գիւղին մէջ գործած են նաեւ զուտ տեղական միութիւններ:
1940ական թուականներուն, գիւղի կանայք կը կազմեն Տիկնանց Ուսումնասիրաց միութիւն մը, որ ունեցած է գրադարան եւ ընթերցարան:
1966ին, նախկին երիցատունը կը վերածուի ակումբ-գրադարանի:
Գիւղին մէջ 1976-1978 թուականներուն, գործած է Վերելք միութիւնը, որուն շուրջ խմբուած են գիւղին մօտաւորապէս 25-30 պարման-պարմանուհիները: Վերելքը ինքնադաստիարակչական խմբակ էր. նպատակն էր ծանօթանալ հայ գրականութեան, մշակոյթին եւ հայոց պատմութեան:
ՆԵՐՔԻ ԳԻՒՂ ԵՒ ԽԱՅԻԹ
Ներքի գիւղը (վարի գիւղ) կամ Էսկիւրանը (Էսկի Օրան՝ հին գիւղ) ունի երկու թաղեր. մին լերան ստորոտը, միւսը քանի մը տասնեակ մեթր վար՝ աղբիւրին կից:
Խայիթը նկատուած է Ներքի Գիւղին մէկ թաղը: Աւանդութիւններով հարուստ պզտիկ գիւղ մըն է Ներքի Գիւղը, որ կը նկատուի շրջանին առաջին հայ գիւղը: Գիւղացիներուն դէպի Քեսապ տեղաշարժէն ետք գիւղը գրեթէ ամբողջապէս կը լքուի: Գիւղը անապահով եղած է գլխաւորաբար թրքական Օրտու գիւղին մօտիկ ըլլալուն պատճառով:
1909ի աղէտին, գիւղացիք խայիթցիներուն հետ կը պարպեն գիւղը ու կը բարձրանան Քեսապ: Խուժանը ամէնէն առաջ Ներքի Գիւղ մտնելով՝ կը կողոպտէ ինչ որ կը գտնէ ու կրակի կու տայ տուները:
1915ին, Ներքի Գիւղի եւ Խայիթի բնակչութիւնն ալ կը տարագրուի: 1920ին գիւղ վերադարձած են միայն 50 անձ. գիւղի բնակչութեան շուրջ երկու երրորդը զոհուած է: Կարգ մը ընտանիքներ երբեք չեն վերադարձած:
Վերապրողներուն վերադարձէն ետք, կամաւորներն ու Ազգային միութիւնը գիշեր ու ցերեկ հսկողութեան տակ կը պահեն Ներքի Գիւղը: Վերապրողները ընդհանրապէս Ներքի Գիւղէն կը մտնէին շրջան ու շատերու տեղաւորումի գործը այդտեղ կ՛որոշուէր: Նաեւ Օրտուէն գալիք որեւէ վտանգի դէմ ինքնապաշտպանութիւնը ասկէ կը սկսէր:
1928ին բացուած Քեսապ-Օրտու առաջին ինքնաշարժի հողէ ճամբան կ՛անցնէր Ներքի Գիւղէն: 1939էն ետք, Թուրքիա տանող այս ճամբան կը լքուի ու կը փակուի:
1947ին հայրենիք կը ներգաղթէ 78 անձ:
1955ի մարդահամարին, Ներքի Գիւղ եւ Խայիթ կը հաշուէր 68 անձ:
Գիւղի հիմնական բնակչութեան մաս կը կազմեն Աթիքեան, Քիլաղպեան, Բէնդէզեան, Մելքոնեան, Դանիէլեան, Նազարեան, Սողոմոնեան, Չօլաքեան, Շէխուկեան եւ Այնթապլեան գերդաստանները…
Աղբիւրի հրապարակին կից կը գտնուի գիւղի «Կղիցիկ» սրբատեղին:
1939ի սահմանագծումին հետեւանքով, Քեսապի համաժողովրդական ուխտագնացութեան վայրը՝ Պարլում, կը մնայ Թուրքիոյ սահմաններէն ներս, որմէ ետք կ՛որոշուի համաժողովրդական ուխտագնացութիւնը կազմակերպել Ս. Աստուածածնայ վերափոխման Երկուշաբթին եւ ուխտագնացութեան վայր՝ Ներքի Գիւղի «Կղիցիկ»ը:
«ՍԻՒՏԻԿԻ»Ի ՈՒԽՏԱՎԱՅՐԸ
Սիւտիկի կամ Սիպտիկի սրբավայրին անունը կը բացատրուի իբրեւ սեւ տիկին կամ սուրբ տիկին: Սրբատեղին բլուրի մը վրայ գմբէթաւոր փոքրիկ կառոյց մըն էր ճիշդ Թուրքիոյ սահմանին վրայ: Վերջերս թուրքերը հիմնայատակ քանդեցին զայն: Յոյն ուղղափառները՝ օրթոտոքսները, իբրեւ ուխտավայր կառուցեցին նոր մատուռ մը սահմանէն քիչ հեռու, որուն կից կառուցեցին վանք մը:
ԴՊՐՈՑԸ
1910ին կը բացուի Ազգային վարժարան, որ կը գործէ իբրեւ Քեսապի Սահակեան վարժարանի մասնաճիւղը: Ունեցած է նախակրթարանի առաջին երկու կարգերը:
1921-1924 նոյն տեղը կը գործէ Ազգային Միութեան Միացեալ վարժարանը:
1930ական թուականներուն իբրեւ ՀԲԸՄի նպաստընկալ վարժարան, որ կը գործէ քանի մը տարի:
ԳԱՐԱՏՈՒՐԱՆ
(Գալատուրան)
Գարատաշի ձորաբերանէն վար, շուրջ 900մ. բարձրութենէն մինչեւ ծով կը տարածուի Գարատուրանի հովիտը:
Գարատուրան խորունկ ձորին մէջ, ցրուած աւելի քան մէկուկէս տասնեակ մեծ ու փոքր թաղերը կը կազմեն Գարատուրան գիւղը:
Գարատուրանի թաղերը կը ճանչցուին բնիկ գերդաստաններուն անուններով ինչպէս՝ Սուլլէք, Զահթարլէք, Մանճիկլէք, Եարալլէք, Սաղտճլէք…
Գարատուրանի հիմնական բնակիչները իրենց ընտանեկան կալուածներուն վրայ կայք հաստատած քեսապցիներ էին, որոնց հիմնական զբաղումները եղած են երկրագործութիւն եւ անասնապահութիւն:
Գարատուրան եղած է շրջանին ամէնէն բազմամարդ գիւղը: Սակայն 1890ական թուականներուն սկսած արտագաղթէն եւ 1909ի աղէտէն ետք կատարուած մարդահամարներու թիւը կը տրուի 1286 անձ, իսկ 1915ին՝ 1290 անձ:
1918-1920 թուականներուն, տարագրութեան ճամբաներէն գիւղ կը վերադառնան գիւղի նախկին բնակչութեան միայն 45 առ հարիւրը:
1939ի սահմանագծումով, Թուրքիոյ կը կցուին գարատուրանցի կարգ մը ընտանիքներու գրեթէ բոլոր արտերը, պարտէզներն ու արօտավայրերը:
Գարատուրանցիք հայրենադարձութեան աւետիսը կ՛ընդունին մեծ խանդավառութեամբ: 1947ին հայրենիք կը ներգաղթէ 804 անձ:
Գարատուրանցիք նկատուած են շրջանին ամէնէն աւանդապահ ժողովուրդը:
ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ
Մինչեւ 19րդ դարուն կէսերը, գիւղին մէջ գործած են նուազագոյնը 3 մատուռներ, որոնք կը լքուին թաղեցիներու տեղաշարժին պատճառով:
– Ս. Աստուածածին եկեղեցի. կառուցուած է 1889-1890, սակայն 1942 Յունուար 23ին պատահած գետնասահքը հիմնայատակ կը կործանէ ու անյայտ կ՛ընէ զայն: 1960ին կը հիմնուի ներկայիս Ս. Աստուածածին եկեղեցին:
– Ս. Ստեփանոս եկեղեցի. կառուցուած է 1908ին Ծովու թաղին մէջ, վերջերս վերանորոգուեցաւ ֆրանսահայ «Երկիր եւ Մշակոյթ» միութեան կողմէ:
– Աւետարանական եկեղեցի. կառուցուած է 1908ին եւ վերանորոգուած՝ 1986ին:
ԴՊՐՈՑՆԵՐ
– Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վարժարան (1890-1905).
– Ազգային Մեսրոպեան վարժարան (1905-1915, 1924-1932).
– ՀԲԸՄի Ազգային Մեսրոպեան Նպաստընկալ վարժարան(1932-1962).
– ՀԲԸ Միութեան Նպաստընկալ Վահան Պետրոսեան վարժարան (1962-1964).
– Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ վարժարան.
– Ազգ. Նուպարեան վարժարան (1909-1915, 1923-1934).
– ՀԲԸՄ Ազգ. Նուպարեան Նպաստընկալ վարժարան (1934-1948).
– Ազգ. Միութեան Միացեալ վարժարան (1923-1924).
– ՀԲԸՄի Նպաստընկալ մանկապարտէզ (1934-1947).
– Ազգ. Միացեալ վարժարան (1934-1973).
– Հայ Աւետ. վարժարան (1873-1915).
– Հայ Աւետ. Նահատակաց վարժարան (1924-1981).
– Լատինաց վարժարան (1905-1915, 1921-1946).
– Հայ Կաթողիկէ Ժողովրդապետութեան վարժարան (1946-1948).
ԳԱՐԱՏԱՇ (ՍԵՒ ՔԱՐ)
Գարատուրանի ձորաբերանին՝ ծովէն 900մ. բարձրութեան վրայ կը գտնուի Գարատաշ գիւղը: Ժամանակին եղած է անմարդաբնակ շրջան մը, ուր գտնուող ընդարձակ արտերը կը պատկանէին քեսապցի եւ քէօրքիւնացի ընտանիքներու, իսկ հարաւային մասը՝ Գալեմտէրեան գերդաստանին: Ժողովուրդի յիշողութեան մէջ գէթ մինչեւ 1942, այստեղ մշտական բնակավայրի մը մասին հետք չկայ: Սակայն մշտական բնակութեան վայր կը դառնայ Գարատուրանի մեծ գետնասահքէն ետք:
Լնդեան, Գազազեան եւ Ղազարեան քանի մը ընտանիքներ իրենց տուները շինեցին այս հողերուն վրայ: Վերջին երկու տասնամեակներուն, Գարատուրանէն ու Քեսապէն ուրիշ ընտանիքներ եւս հոս նոր կայք հաստատեցին ու պարտէզներ մշակեցին: Այստեղ վերջին տարիներուն հալէպահայ ընտանիքներ ամարանոցային սեփական առանձնատուներ կառուցած են ու կը շարունակեն կառուցել:
ՔԷՕՐՔԻՒՆԷ
Չագալճըգէն քիչ բարձր փոքրիկ հարթավայրի մը վրայ, կը գտնուի Քէօրքիւնէ գիւղը, որ բոլոր կողմերէն համեմատաբար ընդարձակ հորիզոն ունի: Շուրջ երկու քիլօմեթր անդին, Էքիզօլուքը կ՛երեւի:
Գիւղին շուրջ՝ հոս ու հոն հանդիպող հնութեանց փշրանքները, կը հաստատեն թէ հին բնակավայր մը եղած է Քէօրքիւնէն: Հոս գտնուած են հնագոյն ու միջին դարերու պատկանող մետաղադրամներ, կաւէ ամաններու բեկորներ, խճաքարով պատած յատակի մասեր, հին ձիթահանք ու լողեր: Հողային աշխատանքներու ժամանակ, ըստ երեւոյթին հին կառոյցներ հիմնայատակ կործանած են:
Գիւղին արեւմտեան կողմը, բլուրին վրայ նկատուած են ամրակառոյց պատերու հիմքեր, որոնք ամրոցի մը մնացորդները կրնան ըլլալ:
Արձանագրութիւներ չկան. սովորական գետնաքարով պատեր են՝ կրաշաղախով ամրացուած: Այստեղ գտնուած հին մետաղադրամներու կարգին, տեսնուած են նաեւ Կիլիկեան հայկական դրամներ:
Գիւղին հարաւ-արեւելեան բարձունքին վրայ, մինչեւ 19րդ դարուն սկիզբը, կանգուն եղած է Ս. Ստեփանոս մատուռը, որուն աւերակներուն շուրջ գիւղացիք տակաւին կը թաղեն իրենց ննջեցեալները:
Տարագրութենէն առաջ, գիւղին բնակչութիւնը կազմուած էր Չէլէպեան, Խտրեան, Քէլեան (Գերեան), Աբէլեան եւ Գագուսեան գերդաստաններէն: Ասոնց մէջ Չէլէպեանները կը նկատուին գիւղին առաջին բնակիչները:
Խտրեան գերդաստանէն կը սերին՝ նոյն տեղը ապրած Գերպապեան եւ Քէլեան (Գերեան) գերդաստանները:
Աբէլեաններու նախահայրը՝ Աբէլը, Քեսապէն գալով, Քէօրքիւնէ կը հաստատուի, որմէ կը սերի Աբէլեան-Պետրեան գերդաստանը:
1909ի Ապրիլ 23ին, թուրք խուժանը կը մտնէ նաեւ Քէօրքիւնէ. կը կողոպտէ հարուստ տուները, կենդանիները կը քշէ ու գիւղը կրակի կու տայ:
1915ին տարագրութեան ճամբաներուն վրայ, կը զոհուի ու կը կորսուի Քէօրքիւնէի նախկին բնակչութեան աւելի քան մէկ երրորդը:
1947ին, հայրենիք կը ներգաղթեն 63 անձեր, գերազանցապէս Չէլէպեան գերդաստանէն. գիւղ կը մնան 114 անձեր: Այս միջոցին գիւղը կը սկսի խառն բնակչութիւն մը ունենալ, որոնք ջերմ յարաբերութիւններ կը մշակեն հայ գիւղացիներուն հետ:
Ամրան, Քէօրքիւնէի բնակիչներու թիւը կ՛աւելնայ: Սուրիոյ տարբեր քաղաքներու եւ Լիբանանի մէջ ապրող շարք մը քէօրքիւնեցիներ, գիւղին մէջ տուն ու կալուած կը պահեն տակաւին: Քանի մը հալէպահայ ընտանիքներ եւս այստեղ իրենց առանձնատուները ունին:
ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ
Գիւղին մէջ կը գործէ մէկ եկեղեցի, որ կը պատկանի Աւետարանական համայնքին:
ԴՊՐՈՑՆԵՐ
Ա. Հայ Աւետարանական վարժարան (1898-1915, 1930-1981). դպրոցական առաջին շէնքը կառուցուած է 1903ին, եկեղեցւոյ կից: Դպրոցը եղած է նախակրթարան՝ մանկապարտէզով: 1922ին՝ տարագրութեն վերադարձէն ետք, կը վերաբացուի նախկին շէնքը իբրեւ Ազգային Միութեան Միացեալ վարժարան, որ կը շարունակէ նոր անունով գործել մինչեւ 1930, երբ կրկին կ՛անցնի հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հսկողութեան տակ:
Բ. Միացեալ վարժարան (1934-1939). կը գործէ իբրեւ մասնաճիւղ Քեսապի Միացեալ վարժարանին: Գիւղին մէջ կը հիմնուի ՍՕԽի մասնաճիւղը, որ կը մատակարարէ դպրոցը:
ՍԵՒ ԱՂԲԻՒՐ
Սեւ Աղբիւրը (Գայաճըգ) սկզբնապէս եղած է քեսապցիներու կալուածը:
Այստեղ, գիւղացիներ միայն հունձքի ու ցանքի եղանակներուն կայք կը հաստատեն, իսկ ձմրան կը վերադառնան Քեսապ: Կալուածներուն վրայ աշխատող վարձկանները՝ մարապաները սեփական տուն ու կալուածներ ձեռք կը ձգեն ու հետզհետէ կը կազմեն Սեւ Աղբիւրի բնակչութեան հիմնական մասը:
Նախորդ դարասկիզբին, արդէն կազմուած էին գիւղին գլխաւոր թաղերը: Այստեղ առաջին մնայուն բնակութիւն հաստատողը եղած է Պոյմուշագեան գերդաստանի նախահայրը: Նոյն գերդաստանէն կը սերին Փանոսեանները: Նաեւ հիմնական բնակչութեան մաս կազմած են Փասլիկեան, Ղարիպեան, Սգամպիլեան, Մելքոնեան, Գասպարեան, Բրդու-տեան, Գալագէօսեան, Սելլումեան, Չաթալեան… ընտանիքները:
Սեւ Աղբիւրի բնակիչները մշակած են ծխախոտ, պահած են շերամ, այծերու հօտեր, արջառ, տնկած են թթենի, թզենի, ձիթենի, որթատունկ…
1909ի կիլիկեան ջարդին արեւելքէն եկող այլազգներու խուժանը կ՛ասպատակէ Սեւ Աղբիւրը: Ալան ու թալանէ ետք կ՛այրէ տուները:
1915ին, գիւղացիք կը տարագրուին Տէր Զօրի եւ Դամասկոսի ուղղութեամբ, կը զոհուի բնակչութեան աւելի քան երեք չորորդը:
1911ի մարդահամարով, գիւղը ունեցած է 445 անձ, մինչ 1920ին՝ ունէր 94 անձ:
1939ին, պետական նոր սահմանը կ՛անցնի թաղին մօտէն: Ոմանց կալուածները ամբողջութեամբ Թուրքիոյ սահմաններէն ներս կը մնան: Երբ հայրենադարձութիւն կը յայտարարուի, գիւղացիները ջախջախիչ մեծամասնութեամբ հայրենիք մեկնելու կը պատրաստուին: Հայրենադարձութենէն ետք կարգ մը կալուածներու վրայ կը հաստատուին ալեւի վարձկաններ՝ մարապաներ, սեփականութիւն ձեռք կը ձգեն ու կը դառնան գիւղի բնակչութեան մնայուն մէկ տարրը: Գիւղը մնացած հայ ընտանիքներուն հիմնական զբաղումը կը դառնայ խնձորի մշակութիւնը:
1990ին Հալէպի Ասորի օրթոտոքս համայնքը հաստատեց վանք մը գիւղին մէջ:
Դպրոցներ
– Աւետարանական վարժարան. 1856ին հիմնուած եւ ընդհատաբար գործած է: 1905ին ընդարձակուած է բաժինով մը, որ ծառայած է իբրեւ դպրոց եւ ժողովարան:
– Ազգային վարժարան. կը հիմնուի 1910ին եւ մինչեւ տարագրութիւն անխափան գործած է: Կը վերաբացուի 1925ին. 1937ին կը դառնայ ՀԲԸՄի Նպաստընկալ Ազգային վարժարան, որ փակուած է 1947ին՝ հայրենադարձութեան տարին:
ՎԱՐԻ ՊԱՂՃԱՂԱԶ
Վարի Պաղճաղազ գիւղը կը գտնուի Վերի Պաղճաղազի եւ Ֆագըհասանի միջեւ: Հայաբնակներուն նախնիները հաստատուած են այստեղ անցեալ դարու սկիզբը. մինչեւ դարավերջ, քանի մը ընտանիքներ բազմանալով, տասնեակ մը տուներով թաղեր կ՛ունենան իրենց անուններով, ինչպէս Բդըլլէք, Չափըտլէք, Հանէշլէք, Էսքիճլէք, Չաթալլէք, որ մեծագոյնն էր:
Հայ բնակիչները թրքախօս էին, քիչեր միայն կը հասկնային ու կը խօսէին Քեսապի բարբառը: Անոնք իրենց թաղապետութեան մուխթարութեան տոմարներուն մէջ, արձանագրուած էին առանց «եան» մասնիկի, ինչպէս՝ Սարմազը, Արամալը, Քէլ Եաղուպ, Հանաշ եւ այլն:
Վարի Պաղճաղազի հայոց քանի մը թաղերը, գիւղական առանձին համայնք մը չէին ներկայացներ ու կը նկատուէին Ֆագըհասանի թաղերը: Չաթալլէքի եւ Գապաչինարի հայերը պէտք կը զգան լատին կրօնաւորներու հովանաւորութեան. ամէն առիթի անոնց միջնորդութիւնը եւ օգնութիւնը կը հայցէին: Լաթաքիոյ Ֆրանչիսկեան միաբանութեան լատին հայրերը, կը համաձայնին հայոց թաղերուն մէջ վանք մը հաստատել ու իրենց պաշտպանութեան տակ առնել հայ բնակչութիւնը: Կը գնեն հսկայ տարածութիւն մը Գապաչինարի առջեւ: Այդ տարածութիւնը կը մկրտուի «Մանասթըր» (վանք) անունով: Կը կառուցուի շէնքերու համալիր մը (եկեղեցի, վանք, դպրոց):
Նոյն թուին կը ձեւաւորուի Վարի Պաղճաղազի լատին թաղապետութեան մուխթարութիւնը: Հայերը, իբր լատին համայնք, հոգեւոր ու վարչական անկախութիւն ձեռք կը բերեն:
1909ի աղէտին, Քեսապի հարաւ-արեւելեան գիւղերու փախստական ու հալածական հայերը, կը հաւաքուին Լատինաց վանքը, ապա վարդապետներու առաջնորդութեամբ կ՛անցնին Պասիթ, ուրկէ նաւերով կը փոխադրուին Լաթաքիա: Թուրք խուժանը Պաղճաղազ չի հասնիր: Քանի մը օր ետք գիւղացիները կը վերադառնան իրենց տուները:
1915ի Օգոստոսին, Վարի Պաղճաղազի հայերն ալ կը տարագրուին: Տարագրուած գիւղացիներէն ոմանք կը մնան Ճըսըր Շուղուր, ոմանք կը քշուին Հալէպի ու Համայի կողմերը: Բնակչութեան երեք չորորդը կը զոհուի տարագրութեան ճամբաներուն վրայ:
1922ին, երբ ֆրանսական իշխանութիւնները Քեսապ կը մտնեն, շրջակայ թուրքերը կամաց-կամաց կը վերադառնան իրենց գիւղերը ու հաշտ կերպով կ՛ապրին հայերուն հետ:
1938 Սեպտեմբեր 2 – 1939 Յունիս 23ի Հաթայի պետութեան միջոցին Քեսապ շրջանի ազգակիցներուն հետ, պաղճաղազցիներու յարաբերութիւնները գրեթէ անկարելի դարձան: Թրքական իշխանութիւններէն փախուստ տուած կարգ մը երիտասարդներ սահմանը անցնելով, երբեմն կ՛ապաստանէին Պաղճաղազի մէջ:
1947ի հայրենադարձութեան աւետիսը մեծ խանդավառութեամբ կ՛ընդունուի գիւղացիներուն կողմէ: Հայրենիք կը ներգաղթէ բնակչութեան մեծամասնութիւնը:
1960ական թուականներուն արտագաղթը գրեթէ ամբողջապէս կը պարպէ Վարի Պաղճաղազը:
ԴՊՐՈՑՆԵՐ
Լատին Ֆրանչիսքեան առաքելութիւնը այստեղ, 1904ին կը հիմնէ իր դպրոցը որուն մէջ հայերէն չի դասաւանդուիր: Բոլոր դասանիւթերը կը տրուին ֆրանսերէն եւ թրքերէն լեզուներով:
1930ական թուականներուն, ամբողջապէս նախակրթարանի կը վերածուի. նոյն շրջանին կը սկսի հայերէնի ուսուցումը:
1946ին, լատին համայնքը կը լուծուի: Դպրոցը կը գործէ Հայ կաթողիկէ ժողովրդապետական վարժարան անունով:
1948ին դպրոցը կը փակուի:
1955ին, գիւղացիներու դիմումին վրայ, Քեսապի հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութիւնը հոս կը բանայ տարրական նախակրթարան մը՝ մանկապարտէզով, որ միայն մէկ տարի կը գործէ:
1957-1960 դպրոցը կը գործէ Քեսապի Ազգային ուսումնասիրաց միացեալ վարժարանին իբրեւ մասնաճիւղ:
ՎԵՐԻ ՊԱՂՃԱՂԱԶ
Էքիզօլուքէն Պասիթ գացող ճամբուն վրայ կ՛երեւի Վերի Պաղճաղազ գիւղակը, որ թառած է Սելտրան լերան հարաւային քարափին տակ: Ունի բարձր ու տիրական դիրք, ուրկէ կ՛երեւի Պասիթի ամբողջ շրջանը:
Գիւղը կազմուած է 19րդ դարու կիսուն: Հիմնական բնակիչները կազմած են Սարմազեան գերդաստանի ընտանիքները: Միւս բնակիչները հոս հաստատուած են անցեալ դարասկիզբին. Գարաեան, Չափարեան, Հալուաճեան եւ Գարապետիրեան ընտանիքները:
1909ին, գիւղացիք թէեւ կը միանան միւս գիւղերու փախստականներուն, բայց թուրք խուժանը հոն չի հասնիր: Գիւղացիք քանի մը օր ետք կը վերադառնան իրենց տուները:
1911ին, գիւղը ունէր 22 տուն:
1915 Օգոստոսին, գիւղացիք կը տարագրուին էքիզօլուքցիներուն հետ: 1920ին, վերապրողներուն թիւն է 14 ընտանիք: Տարագրութեան զոհուած է բնակչութեան աւելի քան երեք քառորդը:
Հաթայի պետութեան շրջանին, Վերի Պաղճաղազը սահմանէն անդին գտնուող առաջին գիւղը ըլլալով, ամէն օր թուրք իշխանութիւններէն հետապնդուող փախստականներ կ՛ընդունէր: 1919-1922 թուականներուն Ազգային միութեան պատասխանատու անձեր եւ նախկին կամաւորներ իրենց ընտանիքներով ապաստան գտան Վերի եւ Վարի Պաղճաղազ գիւղերուն մէջ:
1947ին, գիւղէն հայրենիք կը մեկնին 81 անձ: 1955ի հաշուումներով, գիւղը ունի 41 անձ:
Այժմ գիւղին մէջ կը բնակին 9 ընտանիք, որոնց մէկ մասը ձմրան կը փոխադրուի Քեսապ եւ Լիբանան:
ԴՊՐՈՑՆԵՐ
Գիւղին մէջ գործած են հետեւեալ դպրոցները.
Ա. Հայ Աւետարանական վարժարան (1856-1967). նկատուած է Էքիզօլուքի դպրոցի մասնաճիւղը, որ գործած է իբրեւ նախակրթարան: Շրջանաւարտները կը յաճախէին Քեսապի բարձրագոյն վարժարանը:
Տարագրութենէն վերադարձէն ետք, դպրոցը կը վերաբացուի իբրեւ Ազգային միութեան միացեալ վարժարան: Այդպէս ալ կը մնայ մինչեւ 1932, երբ պաշտօնապէս կրկին կը դառնայ Էքիզօլուքի Աւետարանական վարժարանը:
Բ. Լատինաց վարժարան (1930-1947). վերջին տարիներուն կոչուած է Հայ կաթողիկէ ժողովրդապետական վարժարան:
Պատշաճ է նկատողութեան յանձնել որ տրուած տեղեկութիւններուն գլխաւոր աղբիւրը կը թուի ըլլալ Յակոբ Չոլաքեանի ընդարձակ ուսումնասիրութեանբ պատրաստած «Քէսապ» եռահատոր գիրքին առաջին հատորը: