ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Միաբանութեան ընդհանուր ժողովի ԺԲ. նիստը տեղի ունեցաւ կաթողիկոսարանի «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ, Հինգշաբթի եւ Ուրբաթ, Ապրիլ 3 եւ 4ին, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի: Ժողովին կը մասնակցէին նաեւ ԱՄՆ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանն ու թեմի միաբան հայրերը:
Դիւանի անդամ ընտրուեցան ատենապետներ՝ Շահան արք. Սարգիսեան եւ Շահէ եպս. Փանոսեան, ատենադպիրներ՝ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան եւ Զարեհ աբղ. Սարգիսեան: Ողջոյնի իր խօսքին մէջ, վեհափառ հայրապետը յատկապէս շեշտեց, թէ նման հանդիպումներու առանցքը կը կազմեն ինքնաքննութիւնը, ինքնարժեւորումը եւ ինքնասրբագրութիւնը: «Միաբանութիւնը, անհրաժեշտ է, որ հարստացնէ իր հոգեւոր եւ մտաւոր կեանքը սիրոյ եւ եղբայրական ոգիով եւ ծառայութեան գիտակցութեամբ», եզրակացուց վեհափառը:
Վեհափառի պատգամէն ետք, ժողովը անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին եւ սուիրահայութեան տագնապին, ապա որդեգրեց համապատասխան բանաձեւեր: Նաեւ, կարդացուեցաւ եւ քննարկուեցաւ միաբանութեան տնօրէն ժողովի տեղեկագիրը եւ կատարուեցաւ նոր անդամներու ընտրութիւն (Կորիւն արք. Պապեան, Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, Նորայր եպս. Աշըգեան, Փառէն Ծ. վրդ. Վարդանեան, Ղեւոնդ վրդ. Բէնթէզեան):
Յաջորդ օրակարգով, միաբանութեան ժողովը որդեգրեց եկեղեցական զգեստներու գործածութեան գծով մշակուած յատուկ ուղեցոյց մը:
Երկրորդ նիստին, ժողովը քննարկեց Միաբանական կանոնագրութեան վերջնական բնագիրը եւ յարմար նկատեց, որ միաբանները մինչեւ ընթացիկ ամսոյս աւարտը, իրենց առաջարկները ներկայացնեն տնօրէն ժողովին, որմէ ետք կանոնագրութիւնը վեհափառի սրբատառ կոնդակով պիտի հաստատուի եւ ի լուր ժողովրդեան՝ հրապարակուի:
Ժողովը, յաջորդական վեց նիստերով, շահեկան դասախօսութիւններու եւ քննարկումներու ընդմէջէն, մտասեւեռումի նիւթ դարձուց Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան՝ Սիսի Մայրավանքէն տեղահանուելէ ետք՝ ապրած վտարանդի վիճակը եւ Անթիլիաս հաստատուիլը, շեշտը դնելով անցնող 100 տարիներուն ընթացքին բազում զոհողութիւններու ճամբով կատարուած իրագործումներուն վրայ:
Հետեւեալ կարգով զեկոյց-դասախօսութիւններ տրուեցան միաբան հայրերու կողմէ.
ա. Ի՞նչ պայմաններու մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը հեռացաւ Սիսէն եւ հաստատուեցաւ Անթիլիաս (Սեպուհ արք. Սարգիսեան).
բ. Ցեղասպանութեան հետեւանքով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մարդկային, հոգեւոր, մշակութային ու կալուածական կորուստը (Բաբգէն եպս. Չարեան).
գ. Անթիլիասի մէջ կաթողիկոսութեան հաստատման առաջին տասնամեակը. կալուածի գնում, Դպրեվանքի եւ մատենադարանի հաստատում, Նահատակաց մատուռի եւ Մայր տաճարի շինութիւն (Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան).
դ. Զարեհ կաթողիկոսի ընտրութիւնը եւ տագնապալից շրջանը մեր եկեղեցւոյ կեանքէն ներս (Կորիւն արք. Պապեան).
ե. Երկու կաթողիկոսութիւններուն միջեւ գործակցութեան նոր հորիզոններ (Նարեկ արք. Ալեէմէզեան).
զ. Հայ եկեղեցին բարեկարգութեան սեմին. Եպիսկոպոսաց ժողով. մարտահրաւէրներ ու առաջնահերթութիւններ (Օշական արք. Չօլոյեան).
Յառաջիկայ տարիներու իր առաքելութեան ծիրէն ներս եւ դէմ յանդիման նոր մարտահրաւէրներու, ժողովը առաւ կարգ մը որոշումներ եւ առաջադրեց ծրագիրներ:
Վեհափառը, եզրափակելով ժողովը՝ ընդգծեց. «Ժողովին ընթացքին, մենք անդրադարձանք մեր կաթողիկոսութեան վերջին 100 տարիներու պատմութեան, որուն մէջ արձանագրուած են դէպքեր եւ իրադարձութիւններ, որոնցմէ եկող պատգամի մարտահրաւէրին պարտինք ամրապնդել մեր հաւատքը ու վերանորոգ յանձնառութեամբ շարունակել մեր ժողովրդանուէր ծառայութիւնն ու հաւատքի առաքելութիւնը: Անցեալի փորձառութեամբ հարստացած եւ ապագայի տեսլականով՝ շարունակենք մեր նուիրեալ ծառայութիւնը մեր ժողովուրդին: Մեր Սուրբ աթոռին նշանաբանն է եւ պէտք է ըլլայ՝ եկեղեցին ժողովուրդին տանիլ եւ ժողովուրդը եկեղեցիի վերածել»:
Երկօրեայ ժողովը փակուեցաւ «Աշակերտք Քրիստոսի» շարականի երգեցողութեամբ, «Կիլիկիա» օրհներգով, «Ի վեհ Բարձանց» հայրապետական մաղթերգով եւ հուսկ՝ վեհափառի «Պահպանի»չով: